Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Ռուստամեան. «Կայ Մէկ Գլխաւոր Խնդիր` Հեռացնել Նիկոլը»

Մայիս 13, 2021
| Newsletter, Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան «ԱրմԼուր»-ի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի հետ աշխատանքային փորձառութիւն ունի, եւ անոնք յաջողութեան տարիներ էին:

Հարցազրոյցին ընթացքին Ռուստամեան անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ նախատեսուող արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն եւ Դաշնակցութեան որդեգրած ուղեգիծին:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ այս դաշինքով ընտրութիւններուն մասնակցիլը որքանո՞վ յաղթանակ պիտի ապահովէ` Ռուստամեան ըսաւ. «Կը կարծեմ, որ ասիկա իսկապէս յաղթող խումբ պիտի ըլլայ, որովհետեւ այստեղ միաւորուած ո՛չ միայն երեք կողմ կայ, այլեւ շատ աւելի մեծ ճակատ է ասիկա, որուն մէջ միաւորուած են բոլոր անոնք, որոնք կը հասկնան ճգնաժամի լրջութիւնը, անկէ դուրս գալու անհրաժեշտութիւնը եւ պատրաստ են իրենց փորձառութիւնն ու գիտելիքները այս գործին մէջ դնելու, եւ ես վստահ եմ, որ պիտի յաջողինք»:

«ԱրմԼուր»-ի լրագրող-զրուցավար Նայիրա Յովհաննիսեան նշեց, որ այս տարիներուն Ռոպերթ Քոչարեան շատ քննադատուած է մարտ 1-ի դէպքերուն կամ իր կառավարման տարիներուն Հայաստանի թալանին համար` հարցնելով, որ այսօրուան դրութեամբ Քոչարեանի հետ միաւորուիլը որքանո՞վ արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ Դաշնակցութեան համար: Ռուստամեան հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը Քոչարեանի հետ բաւական լաւ ու յաջող աշխատանքային փորձառութիւն ունի` աւելցնելով, որ անոնք, որոնք ապրած են Քոչարեանի նախագահութեան տարիներուն կրնան արձանագրել, թէ Քոչարեան ի՛նչ վիճակի մէջ ստացաւ երկիրը եւ ի՛նչ վիճակի մէջ յանձնեց զայն 10 տարի ետք: Ան ցաւ յայտնեց, որ բազմաթիւ երիտասարդներ, որոնք այդ տարիներուն գիտակից կեանքով չեն ապրած, չեն պատկերացներ, թէ ինչի՛ մասին կը խօսուի:

Արմէն Ռուստամեան լուսարձակի տակ առաւ այն, որ այս չի նշանակեր, թէ քննադատելի ոչինչ կայ, բայց ինչ որ տեղի ունեցաւ վերջին երեք տարիներուն, այնպիսի աւերներ էին, որ այսօր գործող իշխանութիւնները քննադատելը շատ մեղմ է:

Անդրադառնալով Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի առաջարկին, որ կը վերաբերի երեք նախկին նախագահներու միաւորման, ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահը ըսաւ, որ անհասկնալի պայմաններու մէջ է, որ Լեւոն Տէր Պետրոսեան ներկայացուց այդ առաջարկը, որովհետեւ այդ առնչութեամբ որոշումները արդէն տրուած էին: «Հիմա նախագահը վերջին պահուն առաջարկ կը կատարէ: Ես չեմ կարծեր, որ այսօր ամէն ինչ կորսուած է: Ես գիտեմ, որ կայ մէկ գլխաւոր խնդիր` Նիկոլը հեռացնել, որ ան չշարունակէ աւրել այս երկիրը», շեշտեց ան:

 

Նախորդը

Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարները Քննարկած Են Իրավիճակը Ռուս Խաղաղապահներու Տեղակայման Վայրերուն Մէջ

Յաջորդը

Ազրպէյճանցիները Կը Խախտեն Հայաստանի Պետական Սահմանը` Սիւնիքի Իշխանասար Լերան Ուղղութեամբ

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?