Գլխաւոր լուրեր

Kaylyert1

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Շանթ Յարութիւնեանին Եւ Միւս Կալանաւորներուն

«Ազատութիւն քաղաքական բանտարկեալներուն», «Հայաստանը առանց քաղաքական բանտարկեալներու», «Դէմ ենք Մաքսային միութեան ու անոր կողմնակիցներուն», «Կը պահանջենք արդարութիւն»` այդպիսի վերտառութեամբ պաստառներով ու դրօշներով երէկ Ազատութեան հրապարակէն սկսաւ քայլերթը` աջակցութիւն ցուցաբերելու 5 նոյեմբերին իրադարձութիւններուն պատճառով կալանաւորուած Շանթ Յարութիւնեանին եւ անոր ընկերներուն ու ընդդէմ Մաքսային միութեան: Շանթ Յարութիւնեանին զօրակցելու եկած էր նաեւ վերջերս արտերկրէն վերադարձած Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան: «Կը միանամ Հայաստանի...

Հաղորդագրութիւն

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու`  ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ միջկուսակցական ժողովը տեղի ունեցաւ երէկ կէսօրէ ետք ժամը 5:00ին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան լիբանանահայ համայնքին վերաբերող քաղաքական եւ գաղութային հարցերուն վրայ, որմէ ետք յատուկ օրակարգով քննարկումի առարկայ դարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան  100-ամեակի սեմին ոգեկոչական եւ քաղաքական բնոյթի աշխատանքները նախապատրաստելու անհրաժեշտութիւնը: ՍԴՀԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ ՌԱԿ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ...

IMG_0201

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Երեսփոխան Մուխայպերը Եւ Հապիպ Աֆրամը

Մուխայպեր եւ Արամ Ա. կաթողիկոս Ուրբաթ, 10 յունուար 2014-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի խորհրդարանի անդամ երեսփոխան Ղասսան Մուխայպերը: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան նոր կառավարութեան կազմութեան, լիբանանի յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան եւ ընդհանուր կացութեան առնչուած հարցեր: Խօսակցութեան նաեւ նիւթ դարձաւ յառաջիկայ շաբաթներուն տեղի ունենալիք «Ժընեւ-2» համագումարը եւ այդ գծով քրիստոնեայ համայնքներուն տեսակէտը: Վեհափառ հայրապետը ապա ընդունեց այցելութիւնը Ասորի ուղղափառ լիկայի նախագահ...

11533949593

«Ազդակ»-ի Նախաձեռնած Զրոյցներու Ծիրին Մէջ. «Կը Յուսամ, Որ 2014-ին Ազգային Ամբողջական Համաձայնութիւնը Կեանք Կ՛առնէ» Ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեան

«Ազդակ»-ի նկարահանած եւ  կայքին վրայ տեղադրուած հարցազրոյցը` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեանի հետ, ստորեւ կը ներկայացնենք որոշ յապաւումներով եւ ոճային մանր փոփոխութիւններով: Հարցազրոյցի արտագրումն ու խմբագրումը կատարեցինք` տրուած ըլլալով, որ նկարահանուած տարբերակը թեքնիք որոշ խանգարումի իբրեւ հետեւանք կրած է լսելիութեան հարց: «Ա.» 2013-ի,  յատկապէս` վերջին երկու ամիսներուն, երեք իրերայաջորդ դէպքեր արձանագրուեցան հայութեան կեանքին մէջ: Առաջին հոլովոյթը ընթացք առաւ, երբ նախագահ...

Dikran-Sargsian

«Մեզի Լարուած Աշխատանք Կը Սպասէ» Կ՛ըսէ Վարչապետ Սարգսեան

Տիգրան Սարգսեան «Մեզի լարուած աշխատանք կը սպասէ», յայտարարեց վարչապետ Տիգրան Սարգսեան` երէկ բացումը կատարելով կառավարութեան 2014 թուականի առաջին նիստը: «Առաջին յանձնարարականը, որ կ՛ուզեմ տալ, հետեւեալն է. մենք հաստատած ենք 2014 թուականի գերակայ խնդիրները` ըստ նախարարութիւններու: Կը խնդրեմ ձեր գերակայ խնդիրները եւ տարուան ծրագիրը զանգուածային լրատուական միջոցներով ներկայացնել մեր հանրութեան, որպէսզի հանրութիւնը 2014 թուականին կարելիութիւն ունենայ վերահսկելու կառավարութեան գործունէութիւնը ըստ նախարարութիւններու»,...

reconocimiento4

Սպանիոյ Միսլաթա Քաղաքի Քաղաքապետական Խորհուրդը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Ամիսներ առաջ «Արարատ» հայկական միութեան կողմէ Սպանիոյ Միսլաթա քաղաքի քաղաքապետարանին ներկայացուած` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը վերջապէս ստացաւ սպասուած արդիւնքը: Բանաձեւին միացած էր Ձախ միութիւն կուսակցութիւնը, որուն բանբերը` Սալուատոր Կարսիա Տէ Լա Մոթա հարցը ներկայացուցած էր քաղաքապետարանի յառաջիկայ նիստի քննարկման: Նիստին ներկայ էին վալենսաբնակ հայեր, սպանացիներ: Բացման խօսքը արտասանեց Սալուատոր Կարսիա Տէ լա Մոթան, որ հակիրճ ձեւով ներկայացուց ցեղասպանութեան փաստը, հետեւանքները`...

Nalbandian_Panamanian-FM

Նալբանդեան Պաշտօնական Այցելութիւն Տուաւ Փանամա

Նալբանդեան եւ Ֆապրեկա Նախանցեալ օր տեղի ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի Փանամա այցելութիւնը: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ Նալբանդեանի եւ Փանամայի արտաքին գործոց նախարար Ֆերնանտօ Ֆապրեկայի հանդիպման ընթացքին շարունակուեցան նախորդ տարուան սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ սկսած քննարկումները երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերեալ: Ֆապրեկա նշեց, որ հայաստանցի իր գործընկերոջ այցելութիւնը Փանամա նոր թափ պիտի տայ...

H27A5781

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Քրիստոնեայ-Իսլամ Խորհրդակցութիւններ

Հինգշաբթի,  9 յունուար 2014-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ ընդհանրապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան եւ յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցերու գծով. Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութեան Յանձնախումբի Նախագահին Այցելութիւնը Շեհապ, Արամ Ա. կաթողիկոս եւ դոկտ. Սալմանեան Նախ եւ առաջ վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ Հարես Շեհապը: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ նոյն յանձնախումբին մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչ դոկտ....

oshagan

Արուեստով Յագեցած Զրոյց Արա Օշականի Հետ

Երկու տարբեր ծրագիրներով` սուրիահայութիւնն ու իր ծննդավայրը նկարելու նպատակով Լիբանան գտնուող արուեստագէտ, լուսանկարիչ, նկարչական ուրոյն ոճ եւ մօտեցում ունեցող Արա Օշականի հետ կատարուեցաւ մտերմիկ եւ հետաքրքրական զրոյց մը «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ: Արա Օշական անդրադարձաւ իր կատարած աշխատանքներուն, հրատարակած գործերուն, խօսեցաւ արուեստի նկատմամբ իր մօտեցումին մասին, ներկայացուց իր եւ հօր` Վահէ Օշականի միացեալ ծրագիրը, որ կենդանացաւ եւ մարմին ստացած...

Tavit-Babayan

«Միջազգային Ճանաչման Հարցին Մէջ Արցախ Կ՛արձանագրէ Շօշափելի Յաջողութիւններ» Կ՛ըսէ Դաւիթ Բաբայեան

Դաւիթ Բաբայեան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղը իբրեւ ինքնիշխան պետութիւն ճանչնալու վերաբերեալ օրինագիծը, որ 6 յունուարին ներկայացուած է Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի խորհրդարանին, կ՛ապացուցէ, որ Արցախի միջազգային ճանաչման հոլովոյթը աշխուժ թափով առաջ կ՛ընթանայ: Ասիկա շատ կարեւոր եւ դրական հոլովոյթ է, որ նաեւ պիտի նպաստէ երկկողմանի յարաբերութիւններու հաստատման`...

Aram

«Կը Պահանջեմ, Որ Ժողովրդավարական Իրաւունքներս Ճանչցուին» Յայտարարեց Արամ Արք. Աթեշեան

Արամ արք. Աթեշեան «Մարմարա» կը հաղորդէ, որ երկուշաբթի, 6 յունուարին, Ս. Ծննդեան տօնը դարձեալ աւանդական շուքով նշուած է Պոլսոյ հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, որոնք բերնէ բերան լեցուած են հաւատացեալ ժողովուրդով: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը ընդունած է Թուրքիոյ այլ յարանուանութեանց ներկայացուցիչներուն շնորհաւորական այցելութիւնները: Այցելուներուն շարքին եղած են յոյներու Բարթողիմէոս պատրիարքի ներկայացուցիչը, ասորիներու առաջնորդ Եուսուֆ Չեթին, Հայ...

Nalbandian_Peruvian-FM-a-f

Յունուարի Երկրորդ Կիսուն Նալբանդեան Եւ Մամետեարով Պիտի Հանդիպին Փարիզի Մէջ

Լիմայի մէջ պաշտօնական այցելութեամբ գտնուող արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 7 յունուարին Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մասին ծաւալուն ելոյթ ունեցաւ Փերուի արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագէտներուն առջեւ: Էդուարդ Նալբանդեան իր ելոյթին մէջ ներկայացուց հայ-փերուական յարաբերութիւններու զարգացման նպատակով Լիմայի մէջ տեղի ունեցած արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, երկկողմանի համագործակցութեան հեռանկարները, լատինամերիկեան եւ այլ շրջաններու հետ Հայաստանի փոխադարձ գործակցութիւնը, միջազգային եւ...

umit

Տինքի Ընկերները Բողոքի Ցոյց Կատարած Են. «Հայու Սպանութիւնը Պետութեան Համար Տակաւին Սովորական Եւ Անպատիժ Գործողութիւն Մըն Է» Յայտարարեց Իւմիթ

Ահմեթ Իւմիթ` ցոյցին ընթացքին Թրքական «Թի24» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի ընկերները երեքշաբթի, 7 յունուարին Պոլսոյ մէջ շարունակուած դատավարութեան ընթացքին տեղի ունեցած բողոքի ցոյցին ժամանակ յայտարարած են, որ Տինքի սպանութիւնը 1915-ին սկսած հոլովոյթին շարունակութիւնն է: Տինքի ընկերները հաւաքուած են դատարանի շէնքին մօտ: Մամլոյ համար յայտարարութիւն կարդացած է Ահմեթ Իւմիթ, որ նշած է, որ Տինքի...

Likaa-Al-Arbiaa-1

Ահ Ու Սարսափ Ստեղծել Փորձող Շշուկներուն Լոյսին Տակ. Երկրին Վարիչները Կը Փորձեն Հանդարտեցնել Մթնոլորտը

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը Այն միջոցին, երբ կարգ մը կողմեր ու յատկապէս լրատուական միջոցներ կը փորձեն մօտալուտ ահաբեկումներու եւ պայթումներու հաւանականութեան «լուրեր»-ով ահ ու սարսափի մթնոլորտ ստեղծել, երկրին վարիչները փութացին անմիջական խորհրդակցութիւններու ձեռնարկել եւ դրական, լաւատեսութիւն ներշնչող կեցուածքներով հանգստացնել ժողովուրդը: Այս ծիրին մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ ինք եւ իր համակիրները դրական ոգիով ու երկարաշունչ վճռակամութեամբ պիտի...

artur-f

«Վիճակահանութեան Այս Տարուան Արդիւնքները Լաւ Սկիզբ Էին» Ըսաւ Արթուր Աղաբեկեան

Արթուր Աղաբեկեան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց պետական վիճակահանութեան տոմսերու վաճառքէն եւ 28 դեկտեմբերին կազմակերպուած վիճակահանութեան արդիւնքներէն: Ան յոյս յայտնեց, որ արդէն այս տարուան մայիսին տպուին աւելի մեծ խմբաքանակով վիճակահանութեան տոմսեր, եւ տարեվերջին կազմակերպուի արդէն մէկ միլիոն տպաքանակ ունեցող վիճակահանութիւն, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ աւելի մեծ կարելիութիւններով իրագործելու ազատագրուած տարածքներու վերաբնակեցման խնդիրը: Նշենք, որ այս...

5146_b

Նախագահ Սարգսեանի Ներկայութեան Ս. Ծննդեան Հանդիսաւոր Պատարագ` Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի Մէջ

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապի եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան 6 յունուարին ներկայ գտնուեցան Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով Ս. Էջմիածինի մէջ մատուցուած պատարագին: Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին Ս. Էջմիածինի Մայր տաճարին մէջ Ս. պատարագ մատուցեց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս: Պատարագի սկիզբը հայրապետական թափօրը Ամենայն հայոց...

Arcvik-Minasyan-f

«Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը Պէտք Է Ընդգրկուի Բանակցային Հոլովոյթին Մէջ» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

Արծուիկ Մինասեան Ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման գծով 2013 թուականի ընթացքին ըստ էութեան ոչինչ տեղի ունեցաւ, News.am-ի թղթակիցին յայտնեց Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան: «Միակ փոփոխութիւնը, որ կրնար տեղի ունենալ, կապուած էր եւրոպական ընկերակցութեան հոլովոյթներուն հետ, սակայն 3 սեպտեմբերին Մաքսային միութիւն մտնելու յայտարարութենէն ետք ատիկա ալ տեղի չունեցաւ: Բայց յստակ է, որ Ազրպէյճան իր զինուորական քաղաքականութենէն նահանջելու միտք չունի», ըսաւ...

11797607405

Ծննդեան Իր Հայրապետական Պատգամին Մէջ`. «Սուրիոյ Հայ Համայնքին Վերականգնումը Համահայկական Առաջնահերթութւին Է» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով երկուշաբթի, 6 յունուարին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ սուրբ պատարագը մատուցեց եւ հայրապետական  իր պատգամը տուաւ Արամ Ա. կաթողիկոս` ներկայ հաւատացեալ հոծ բազմութեան: Պատարագին ընթացքին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին կը ներկայացնէր Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատգամին մէջ շեշտը դրաւ խաղաղութեան վրայ: «Քրիստոնէութիւնը Քրիստոսը կը նկատէ խաղաղութեան իշխան:...

IMG_0210

Ս. Ծննդեան Հանդիսաւոր Ս. Պատարագ` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով երկուշաբթի, 6 յունուար 2014-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ ջրօրհնէք: Պատարագը մատուցեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ մենք եւս նախորդ սերունդներու օրինակով եկեղեցւոյ կամարներուն տակ կը հնչեցնենք շարականները` աւելցնելով, որ մեր...

Garegin-B

ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Պատգամը. «Յիսուս Ճշմարտութեան Ճառագայթներով Ցրեց Մարդկային Մոլորութիւնների Խաւարը»

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն: «Ես եմ ճանապարհն եւ ճշմարտութիւն եւ կեանք»  (Յովհ. ԺԴ 6): Սիրելի՛ հաւատաւոր ժողովուրդ ի հայրենիս, Արցախ եւ ի սփիւռս. Քրիստոսի` մեր Տիրոջ Սուրբ Ծննդեան բերկրանքով այսօր մեր ցնծագին գոհաբանութիւնն ենք բարձրացնում առ Աստուած: Փառաբանում ենք մեր Փրկչին` Բեթղեհէմում ծնուած մանուկ Յիսուսին: Սուրբ Ծննդեան օրհնեալ օրը երկիրը երկինք դարձաւ, եւ նրանում ծագեց արդարութեան...

Page 875 of 885 1 … 874 875 876 … 885