
Թրքական «Թի24» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի ընկերները երեքշաբթի, 7 յունուարին Պոլսոյ մէջ շարունակուած դատավարութեան ընթացքին տեղի ունեցած բողոքի ցոյցին ժամանակ յայտարարած են, որ Տինքի սպանութիւնը 1915-ին սկսած հոլովոյթին շարունակութիւնն է:
Տինքի ընկերները հաւաքուած են դատարանի շէնքին մօտ: Մամլոյ համար յայտարարութիւն կարդացած է Ահմեթ Իւմիթ, որ նշած է, որ Տինքի սպանութիւնը հայու մը սպանութիւնն էր, որ պետութեան համար անպատժելի գործողութիւն է:
«Տեղի ունեցածը այդ ազգային սովորութեան ծիրին մէջ կը տեղաւորուի: Հայու սպանութիւնը պետութեան համար տակաւին սովորական եւ անպատիժ գործողութիւն մըն է, եւ այս հոլովոյթը անգամ մը եւս այդ կ՛ապացուցէ», ըսած է ան:
«Պիանեթ» կը հաղորդէ, որ Իւմիթ յայտնած է, որ Թուրքիոյ մէջ վերջերս սկսած «Մեծ կաշառք» փտածութեան գայթակղութեան կիզակէտին մէջ յայտնուած են նաեւ պաշտօնատարներ, որոնք առնչուած են Տինքի սպանութեան գործին:
Իւմիթ ընդգծած է, որ ներքին գործոց նախարար Մուամմեր Կիւլեր հրաժարական տուած է, որովհետեւ անոր որդին ձերբակալուած է կաշառակերութեան մեղադրանքով, իսկ կիւլենական շարժումին դէմ գործողութիւններու իբրեւ արդիւնք ոստիկանութեան հարիւրաւոր աշխատակիցներու նման պաշտօնազրկուած է Անվտանգութեան վերահսկողութեան յանձնախումբի ղեկավար Ռամազան Աքեիւրեք:
Կիւլեր Տինքի սպանութեան ժամանակ եղած է Պոլսոյ ոստիկանապետը, եւ տեղեկութիւններ գոյութիւն ունին, թէ քայլերու չէ ձեռնարկած սպանութիւնը կանխարգիլելու համար: Աքեիւրեքն ալ Տինքի սպանութեան ժամանակ եղած է Տրապիզոնի նահանգի անվտանգութեան վարչութեան պետը եւ աշխատանքէ հեռացուած է պաշտօնական պարտականութիւններուն մէջ թերացման պատճառով:
Իւմիթ նշած է, որ այժմ կը շարունակուի Էրտողանի գլխաւորած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ կիւլենական շարժումին միջեւ տագնապը, սակայն երբ գործը հասնի հայու` Տինքի սպանութեան, ապա այս երկու կողմերը ազգային միասնականութեան անուան տակ կը համախմբուին:
Յիշեցնենք, որ Տինք սպաննուած է 19 յունուար 2007-ին:


