Գլխաւոր լուրեր

Gul-Erdogan-Davutoglu

Ակնարկ. Սեւ «Փի. Ար.»` Անմարդկայնօրէն Տեղահանուածներու Ժառանգորդներուն Նկատմամբ

Անգարայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նախապատրաստուելու պաշտօնական ազդանշանը տրուած է: Դիւանագիտական ներկայացուցիչներու ընդհանուր հաւաքին առիթով թէ՛ նախագահ Կիւլին եւ թէ՛ վարչապետ Էրտողանին ցուցմունք-ուղերձները շատ համահունչ են իրարու եւ գրեթէ նոյն բովանդակութիւնը ունին: Այսպէս. նշելով, որ շուտով կը լրանայ Համաշխարհային Ա. պատերազմի 100-ամեակը, եւ հաւանականութիւն կայ, որ Թուրքիան բացասական լոյսի տակ միջազգային օրակարգ գայ, Կիւլ կարեւոր նկատած է համապատասխան աշխատանքներու կատարումը:...

anca_logo-f

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Զօրացնէ Պայքարը Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւի Ընդունման Համար

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կոչով մը դիմեց ամերիկահայերուն` խրախուսելու անոնց դիմելու իրենց քոնկրեսականներուն, սատարելու համար Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող 227-րդ բանաձեւի ընդունման: «Այս նախաձեռնութիւնը, հիմնուելով Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման արձանագրութեան վրայ, կը ձգտի անվտանգ, կայուն եւ մրցունակ ապագայ ապահովել հայերուն համար` ոճիրի ճշմարիտ եւ արդարացի միջազգային լուծման միջոցով», «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան փոխանցումով` նշուած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի պաշտօնական...

Seyran-Ohanian

«Հայկական Զինեալ Ուժերը Մարտունակութեան Առումով Շրջանին Մէջ Իրենց Նմանը Չունին» Կ՛ըսէ Սէյրան Օհանեան

Սէյրան Օհանեան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ Մխիթար Հերացի անուան պետական բժշկական համալսարանին մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ հայկական բանակը ոչ թէ 22 տարուան երիտասարդ, այլ զինուորական մեծ փորձառութիւն ունեցող բանակ է, որուն կազմաւորման հիմքը ժողովուրդի զինուորական գիտելիքներն են: Ան նշեց, որ հայ զօրավարներու միջազգային պատերազմներու ժամանակ մասնակցութեան եւ կերտած յաղթանակներուն շնորհիւ հայկական զինեալ ուժերը տարուէ տարի կը դառնան աւելի...

Vehapar-f

«Անհրաժեշտ Է Կարելի Փութով Լուծման Հոլովոյթ Մը Ճշդել Սուրիական Տագնապին» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երէկ առաւօտ, Արամ Ա. կաթողիկոս բացումը կատարելով Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կազմակերպած «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին համար կայացող համագումարին, կարեւորութեամբ շեշտեց յիշեալ համագումարին վճռական կարեւորութիւնը ամբողջ Միջին Արեւելքին համար: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «եթէ «Ժընեւ-2» ժողովը դրական արդիւնք չունենայ, անոր հետեւանքները կրնան աննախատեսելի ըլլալ ամբողջ Միջին Արեւելքին համար, եւ նոյնիսկ` անկէ անդին»: Ապա վեհափառ հայրապետը աւելցուց. «Ա՛յս պատասխանատուութեամբ պէտք է մեր մասնակցութիւնը բերենք այս...

MinS-(5)

«Ճարտարարուեստի Մարզն Է Երկրին Տնտեսութեան Ողնասիւնը, Իսկ Լիբանանեան Արտադրութիւնները Այլոց Հետ Մրցելու Չափանիշները Կը Լրացնեն» Կ՛ըսէ Վրէժ Սապունճեան

Թարգմանեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Վրէժ Սապունճեան Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան «Լիուա» օրաթերթին հետ կատարած իր հարցազրոյցին մէջ` կ՛անդրադառնայ լիբանանեան ճարտարարուեստի մարզին, անոր կարեւորութեան, երկրին կարեւորագոյն արտադրութիւններուն, անոր պարզած իրավիճակին, ներկայ դժուարութիւններուն եւ ապագայ մարտահրաւէրներուն: Այս սիւնակներով ամբողջական կերպով կը ներկայացնենք հարցազրոյցը` անոր շահեկանութեան համար: Նախարար Վ. Սապունճեան լիբանանեան ճարտարարուեստի մարզին շարունակականութիւնը ապահովելու համար մեծ օժանդակութիւններ տրամադրեց գործարաններուն` նկատի ունենալով, որ երկրին...

Ardzvig

«Կազային Համաձայնագիրը Ստրկացուցիչ Պայմաններով Կնքուած Համաձայնագիր Է» Կ՛ըսէ Արծուիկ Մինասեան

Արծուիկ Մինասեան Կազային համաձայնագիրներու վերաբերեալ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան երեք հիմնական հարցեր առանձնացուցած էր իր վերջին հարցազրոյցին մէջ` 300 միլիոն տոլարի պարտքը, «Հայռուսկազարդ» ընկերութեան 20 առ հարիւրի վաճառքը եւ մինչեւ 2043 թուական կազամատակարարման մարզին մէջ «Կազփրոմ»-ին մենաշնորհ տալը. Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան «Երկիր»-ին յայտնեց, որ ասոնք ՀՅԴ-ի կողմէ դրուած հարցերուն միայն մէկ մասն են: Բաղդատմամբ...

ՀՅԴ Հայ Դատի Պելճիքայի Յանձնախումբը  Բողոքի Նամակ Ուղղած Է  Երկրի Արտաքին Գործոց Նախարարին

Հանդիպում` Պելճիքայի Մէջ Զուիցերիոյ Դեսպանին Հետ

Երէկ, ՀՅԴ Պելճիքայի Հայ դատի յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Պելճիքայի մէջ Զուիցերիոյ մնայուն եւ լիազօր դեսպան Պենետիքթ Տը Սերժայի` ներկայութեամբ նաեւ կցորդ Ուրսինա Էկենշուիլերի, դիմելով, որ դեսպանը փոխանցէ Զուիցերիոյ կառավարութեան` բողոքելու Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարանի 17 դեկտեմբերի Փերինչեք - Զուիցերիա վճիռին դէմ, որ կը դատապարտէր Զուիցերիան Փերինչեքի խօսքի ազատութիւնը կաշկանդած ըլլալուն համար եւ խնդրոյ առարկայ կը դարձնէր Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը`...

Syria

«Իրան Սուրիոյ Տագնապի Լուծման Մէջ Հիմնական Դերակատարութիւն Ունի, Եւ «Ժընեւ-2»-ին Անոր Մասնակցութեան Ուժեղ Կերպով Կը Զօրակցինք» Յայտարարեց Պան Քի Մուն

Սուրիացի գաղթականներու նուիրատու երկիրներու ներկայացուցիչները Երէկ Քուէյթի մէջ տեղի ունեցաւ սուրիացի գաղթականներու նուիրատու երկիրներու ժողովը, որուն մասնակցեցան բազմաթիւ երկիրներէ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, որոնց շարքին` Լիբանանի հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն ժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «Իրան սուրիական տագնապի լուծման մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունի, եւ մենք «Ժընեւ-2»-ին անոր մասնակցութեան ուժեղ կերպով կը զօրակցինք»: Ան...

Arthur-f

Լիբանանահայ Գործարարները Քաշաթաղ Շրջանի Աղաւնի Գիւղին Մէջ Աւան Պիտի Կառուցեն

Կանգնիլ արցախցիին կողքին, աջակցիլ վերաբնակեցման ծրագիրներուն եւ նպաստել Արցախի զարգացման ու վերածնունդին: Այս նպատակով եւ բացառապէս հայրենասիրական սկզբունքներէ մեկնելով` երեք տարի առաջ «Արցախ ռուց ինվեսթմընթ» (ԱՌԻ) կազմակերպութիւնը որոշեց ներդրումներ կատարել Արցախի մէջ, կը գրէ «Արմէնփրէս»-ի թղթակից Յասմիկ Յարութիւնեան: Երեք տարի առաջ սկսած առաջին ծրագիրին մէջ շուրջ 100 գործարարներ Քաշաթաղի շրջանի 800 վերաբնակիչի գիւղատնտեսական եւ անասնապահական ծրագիրներու իրականացման համար վարկեր տրամադրեցին....

Mikael-f

Միքայէլ Մանուկեան` Ազգային Ժողովի Պատգամաւոր

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախանցեալ օր տեղի ունեցած նիստին ընթացքին որոշում տրուեցաւ, որ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեանին պիտի փոխարինէ Միքայէլ Մանուկեան: Միքայէլ Մանուկեան ծնած է 10 ապրիլ 1967-ին, Երեւանի մէջ: 1986-ին աւարտած է Երեւանի Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարանի գեղարուեստական ձեւաւորումի բաժանմունքը իբրեւ նկարիչ եւ 2000-ին աւարտած է Պետական մանկավարժական հիմնարկը: 1986-1988 ժամանակաշրջանին ծառայած է խորհրդային բանակին մէջ:...

Թուրքիա Կը Հերքէ Օճալանի`  Իր Բանտին Մէջ Մահացած Ըլլալուն Լուրը

Օճալան Ուղերձ Մը Պիտի Յղէ Հայ Ժողովուրդին

Ապտիւլլա Օճալան Իմրալը բանտին մէջ բանտարկուած ՔԱԿ-ի ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի հետ հանդիպում ունեցած Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ քիւրտ երեսփոխանները գրաւոր յայտարարութեան մը մէջ հաղորդած են, որ Օճալան ուղերձով մը պիտի դիմէ հայ ժողովուրդին: Օճալանի խօսքը տեղադրուած է քրտական «Ֆիրաթ» լրատու գործակալութեան կայքէջին վրայ. «Կ՛ողջունեմ հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակ Հրանդ Տինքի յիշատակն ու պայքարը: Յոյս ունիմ, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան օրը ընդարձակ...

Egypt

Եգիպտոսի Նոր Սահմանադրութեան Շուրջ Հանրաքուէն Այսօր Կ՛աւարտի

Եգիպտացիները այսօր կը շարունակեն մասնակցիլ Եգիպտոսի նոր սահմանադրութեան շուրջ կատարուող երկօրեայ հանրաքուէին, որ ընթացք առաւ երէկ եւ կրնայ կանխահաս ընտրութիւններու ճամբան հարթել: Հանրաքուէին նպատակը պաշտօնազրկուած նախագահ Մոհամետ Մուրսիի օրով որդեգրուած սահմանադրութեան փոփոխութիւնն է: Եգիպտական բանակը Մուրսիի պաշտօնազրկումին օրինականացման համար «Այո»-ի ջախջախիչ յաղթանակ մը կ՛ուզէ: Շուրջ 160 հազար զինուորներ եւ 200 հազար ոստիկաններ երկրին տարածքին կը հսկեն քուէարկութեան ապահովութեան: Քուէարկութեան ընթացք...

VEHAPAR-f

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեկնեցաւ Ժընեւ

Երկուշաբթի, 13 յունուար 2014-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս մեկնեցաւ Ժընեւ` ընկերակցութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի: Վեհափառ հայրապետը հանդիպումներ եւ խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներուն առնչուած մտահոգութիւններուն շուրջ` «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին լոյսին տակ: Այս գծով, վերջին օրերուն վեհափառը խորհրդակցած էր Ռայի պատրիարքին (մարոնի), Եազիժի պատրիարքին (յոյն ուղղափառ) եւ Զաքքա պատրիարքին (ասորի ուղղափառ), ինչպէս նաեւ համայնքային ու քաղաքական պատասխանատուներուն հետ`...

George-Krikorian-f

«Փաստաբանին Հետ Անվճար Հանդիպումները Կը Միտին Օժանդակել Օրինական Եւ Պաշտօնական Ոլորտներուն Մէջ Խորհրդատուութեան Կարիք Ունեցողներուն» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Ճորճ Գրիգորեան

Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը` գործակցաբար «Ուիլ Փաուըր Լեպանոն» միութեան եւ «Մեփի»-ի հետ, շաբաթ, 18 եւ կիրակի, 19 յունուար 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի շէնքին մէջ առիթ պիտի տայ փաստաբանի խորհուրդի կամ ցուցմունքի կարիք ունեցողներուն անվճար կերպով տեսակցելու փաստաբաններու հետ եւ իրենց ունեցած հարցերուն անհրաժեշտ բացատրութիւններ ու խորհուրդներ ստանալու: Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ունենալու միտումով «Ազդակ»...

124903

Ակնարկ. Անգարայի Ցուցմունքը Եւ Պաքուի Ձախող Կատարումը

Հինգշաբթի օր, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը կառավարութեան նիստին ժամանակ յայտարարած էր, որ եթէ Հայաստանը «կառուցողական դիրքորոշում» ցուցաբերէ ղարաբաղեան խնդիրի լուծման գործին մէջ, ապա «կարճ ժամանակահատուածի ընթացքին կարելի կ՛ըլլայ համաձայնութեան գալ»: Ալիեւի համաձայն, որեւէ տեղաշարժ չէ արձանագրուած արցախեան բանակցութիւններուն ուղղութեամբ: Թէեւ տարեվերջին որոշակի աշխուժացում նկատուած է: Ընդհանուր այս պարունակին մէջ յայտարարութիւնը շարունակուած է: «Որոշակի յոյսեր, որոշակի լաւատեսական պահեր կան, բայց 2014...

005

Նալբանդեան Այցելեց Քուպա

Ռուիզ եւ Նալբանդեան Անցեալ ուրբաթ օր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան այցելեց Քուպա: Մայրաքաղաք Հաւանայի մէջ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ Քուպայի նախարարներու խորհուրդի փոխնախագահ Ռիքարտօ Քապրիսա Ռուիզի հետ, որ նշեց, որ Քուպայի մէջ ամենայն ջերմութեամբ կը վերաբերին Հայաստանին եւ վստահութիւն յայտնեց, որ աւելի քան տասը տարուան ընդմիջումէ ետք հայկական առաջին բարձրաստիճան այցելութիւնը նոր թափ պիտի հաղորդէ ինչպէս երկկողմանի յարաբերութիւններուն, նոյնպէս...

arevdouri_balad

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Թեկնածու Սարգիս Պուտագեան` Պէյրութի Եւ Լեռնալիբանանի Ճարտարարուեստի Եւ Առեւտուրի Պալատի Անդամ

Երէկ «Պիել»-ի մէջ տեղի ունեցան Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի պալատի ընտրութիւնները, որոնց ընթացքին Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի պալատի նախագահ Մոհամետ Շուքէյրի նախագահած ցանկը ամբողջութեամբ ընտրուեցաւ, մրցակիցի չգոյութեան պատճառով: Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի պալատի անդամակցութեան յաղթանակ արձանագրած ցանկը կ՛ընդգրկէ հետեւեալ անունները. Մոհամետ Շուքէյր, Կապի Թամեր, Ուիսամ Արիս, Սարգիս Պուտագեան, Մոհամետ Լամահ, Նեպիլ Ֆահտ, Իսմայէլ Ալի...

IMG_0209

Արամ Ա. Կաթողիկոս Խորհրդակցութիւններ Կ՛ունենայ Հոգեւոր Պետերու Հետ` «Ժընեւ – 2» Խորհրդաժողովի Նախօրեակին

Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոս յաջորդաբար հանդիպումներ ու հեռաձայնային խօսակցութիւններ ունեցաւ Լիբանանի ու Սուրիոյ կացութեան հետ աղերս ունեցող հարցերու եւ քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած մտահոգութիւններուն շուրջ` «Ժընեւ - 2» խորհրդաժողովին լոյսին տակ: Հանդիպում Զաքքա Պատրիարքին Հետ Հինգշաբթի գիշեր վեհափառ հայրապետը այցելեց ասորի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Զաքքա պատրիարքին` դրան եպիսկոպոս Նարեկ արք. Ալեէմեզեանի ընկերակցութեամբ: Պատրիարքին հետ վեհափառ հայրապետին ունեցած...

nareg

«Մօրաքոյրը` Փարիզէն»` Ծիծաղի Ու Ցաւի Միախառնում

Ն. Բ. Հայ ազգին երկու հիմնական ներկայացուցիչները` սփիւռքահայն ու հայաստանցին բեմին վրայ են` իրենց սովորութիւններով, նկարագրային գիծերով, մտածելակերպով, թերութիւններով, իրարու նկատմամբ ունեցած մօտեցումներով... Բեմին վրայ են նաեւ այսօրուան Հայաստանի եւ Խորհրդային Հայաստանի ներկայացուցիչները` իրենց բնորոշ գիծերով, կեանքը ընկալելու ձեւերով եւ հաւատալիքներով… Տաղանդաւոր դերասան եւ թատերախաղի հիմնական դերակատար Նարեկ Տուրեանն ու անոր ընկերացող օժտեալ դերասաններ` Թամարա Պետրոսեան, Գոհարիկ Կարապետեան, Զաւէն Աբրահամեան,...

armen-rustamyan

Քաղաքացիական Նախաձեռնութեան Առաջարկով. Ոչ Իշխանական Չորս Կուսակցութիւնները 18 Յունուարին Հանրահաւաք Պիտի Կազմակերպեն

Արմէն Ռուստամեան Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան «Երկիր»-ին յայտնեց, որ երէկ խորհրդարանական 4 խմբակցութիւնները` ՀՅԴ-ն, Հայ ազգային քոնկրեսը, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը, եւ Ժառանգութիւնը միացեալ խորհրդակցութիւն կատարեցին: Ան նշեց, որ որոշում տրուեցաւ 18 յունուարին կազմակերպելու հանրահաւաք մը, որուն նպատակն է Սահմանադրական դատարանէն պահանջել կասեցնել պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային նոր համակարգի կիրարկման մասին օրէնքի գործադրումը` մինչեւ Սահմանադրական դատարանին կողմէ այդ...

Page 874 of 885 1 … 873 874 875 … 885