
Ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման գծով 2013 թուականի ընթացքին ըստ էութեան ոչինչ տեղի ունեցաւ, News.am-ի թղթակիցին յայտնեց Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան:
«Միակ փոփոխութիւնը, որ կրնար տեղի ունենալ, կապուած էր եւրոպական ընկերակցութեան հոլովոյթներուն հետ, սակայն 3 սեպտեմբերին Մաքսային միութիւն մտնելու յայտարարութենէն ետք ատիկա ալ տեղի չունեցաւ: Բայց յստակ է, որ Ազրպէյճան իր զինուորական քաղաքականութենէն նահանջելու միտք չունի», ըսաւ պատգամաւորը:
Ըստ անոր, Ազրպէյճան չի նահանջեր իր ռազմաշունչ հռետորաբանութենէն եւ անհրաժեշտ քայլերու պիտի ձեռնարկէ, որպէսզի միջազգային կառոյցներուն մէջ բոլոր սողանցքերը օգտագործէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Հայաստանին վրայ ճնշելու համար:
«Ատոր վկայութիւնն էին հայկական եւ ազրպէյճանական զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ անցնող տարուան միջադէպերը: Ասիկա կը նշանակէ, որ Հայաստան պէտք է բոլոր ջանքերը գործադրէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման հասնելու համար, բացի ատկէ անհրաժեշտ է ռազմական դաշինք կնքել Ղարաբաղի հետ, որպէսզի Հայաստան միջազգային իրաւասութեան ենթակայի դիրքերէն ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի ապահովութիւնը», շեշտեց Մինասեան:
Մինասեան նաեւ ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պէտք է ընդգրկուի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին մէջ. «Հայաստանի` Մաքսային միութիւն մտնելու ծիրին մէջ պէտք է այնպէս ընել, որ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան հետ առանձին բանակցութիւններ տարուին եթէ Ղարաբաղը Հայաստանի հետ միացեալ տնտեսական տարածք չդիտուի: Երրորդ կարեւոր հանգամանքը. անհրաժեշտ է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկրներուն ըստ կարելւոյն հասկցնել, որ Թուրքիոյ միակողմանի մօտեցումը չի կրնար նպաստել ղարաբաղեան տագնապի լուծման»:


