
Այն միջոցին, երբ կարգ մը կողմեր ու յատկապէս լրատուական միջոցներ կը փորձեն մօտալուտ ահաբեկումներու եւ պայթումներու հաւանականութեան «լուրեր»-ով ահ ու սարսափի մթնոլորտ ստեղծել, երկրին վարիչները փութացին անմիջական խորհրդակցութիւններու ձեռնարկել եւ դրական, լաւատեսութիւն ներշնչող կեցուածքներով հանգստացնել ժողովուրդը:
Այս ծիրին մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ ինք եւ իր համակիրները դրական ոգիով ու երկարաշունչ վճռակամութեամբ պիտի դիմակալեն բոլոր արգելքները: Ըստ խորհրդարանական չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին մասնակից երեսփոխաններուն, Պըրրի վճռած է հարցերու բարւոք լուծման իր փորձերը շարունակել մինչեւ վերջ եւ ան կը շարունակէ «կլորցնել անկիւնները»:
Լիբանանեան «Ժումհուրիա» օրաթերթին համաձայն, նախագահ Սլէյման վերջերս ամերիկեան կողմերէ իմացած է յատուկ թելադրանք` փութալու կազմել համապարփակ եւ ոչ կատարուած իրողութեան կառավարութիւն մը, որուն մաս կազմեն լիբանանեան բոլոր կողմերը:
Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել իր կարգին ընդգծեց «միասնակամ ճիգերով բոլոր արգելքները հարթելու հրամայականը, հակառակ ապահովական վատթարացման հաւանականութեան գծով շրջող տեղեկութեանց»:
«Կառավարութեան Կազմութեան Գծով
Լաւատեսութեան Ընդհանուր Տրամադրութիւն Կայ»
Ըսաւ Յակոբ Բագրատունի
«Ընդհանուր մթնոլորտը կ՛առաջադրէ բոլոր կողմերը համախմբող կառավարութեան մը կազմութիւնը, յայտարարեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ խորհրդարանին մէջ` չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին աւարտին:
«Կարգ մը դժուարութիւններ կան, սակայն շնորհիւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ բարեմիտ անձերու ջանքերուն, կը տիրէ ընդհանուր տրամադրութիւն մը, թէ կը գտնուինք դրական մթնոլորտի մէջ», ընդգծեց Բագրատունի:


