ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Պատգամը. «Ձեզի Փրկի՛չ Ծնաւ»
Լոյսին մէջ ու լոյսին համար ստեղծուած աշխարհը խաւարի մէջ էր ընկղմած: Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած մարդը մեղքի տիղմին մէջ էր խրած: Արարիչին գործակիցը դառնալու երկնային շնորհին արժանացած մարդը դարձած էր գերին փառքին, հաճոյքին, իր անձին: Այլ խօսքով, քանդուած էր աստուածաստեղծ մարդը մարդուն մէջ: Մարդուն անկումով ապականած էր նաեւ մարդուն խնամքին յանձնուած տիեզերքը: Աստուածային ծրագիրի իրագործման նպաստելու կոչուած մարդկային պատմութիւնը կորսնցուցած էր...



















