
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց պետական վիճակահանութեան տոմսերու վաճառքէն եւ 28 դեկտեմբերին կազմակերպուած վիճակահանութեան արդիւնքներէն:
Ան յոյս յայտնեց, որ արդէն այս տարուան մայիսին տպուին աւելի մեծ խմբաքանակով վիճակահանութեան տոմսեր, եւ տարեվերջին կազմակերպուի արդէն մէկ միլիոն տպաքանակ ունեցող վիճակահանութիւն, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ աւելի մեծ կարելիութիւններով իրագործելու ազատագրուած տարածքներու վերաբնակեցման խնդիրը:
Նշենք, որ այս տարի ծրագիրը փորձ մըն էր, տպագրուած էին 300 000 վիճակահանութեան տոմսեր, որոնցմէ մինչեւ վիճակահանութիւնը ծախուած էր 261 505 տոմս, իսկ մնացեալ տոմսերը մինչեւ վիճակահանութիւնը ջնջուած էին:
Ըստ Աղաբեկեանի, վիճակահանութիւնը կը հետապնդէ երկու ռազմավարական նպատակներ. ապահովել աշխատատեղեր եւ տոմսերու վաճառքէն յառաջացած գումարը նպատակաուղղել գրաւեալ տարածքներու վերաբնակեցման:
«Պէտք է ըսեմ, որ երկու նպատակներն ալ իրականութիւն դարձած են: 345 նուէրներէն 300-ը արցախեան զարդանախշերով գորգեր են, որոնք այս պահուն կ՛արտադրուին Շուշիի եւ Ստեփանակերտի մէջ` «Ղարաբաղ կարպետ» ընկերութեան մէջ, ուր արդէն կ՛աշխատին 140-է աւելի կիներ: Եւ երկրորդը` տոմսերու վաճառքէն յառաջացած գումարէն մօտ 200 միլիոնը պիտի ուղղուի վերաբնակեցման: Մենք նպատակ ունինք վիճակահանութեան տոմսերու տպաքանակը շատցնելով` 3 տարուան ընթացքին կառուցել 100-է աւելի առանձնատուն, որոնցմէ իւրաքանչիւրին գումարը պիտի կազմէ 14-15 միլիոն դրամ: Մարտ ամիսէն պիտի սկսի 50 առանձնատուներու շինարարութիւնը»:
Նշենք, որ տոմսերու վաճառքէն կուտակուած է աւելի քան 522 միլիոն դրամ գումար: Տոմսերը կը ծախուէին «Հայմամուլի» եւ «Արցախփոստ»-ի կրպակներուն մէջ, սակայն ըստ Աղաբեկեանի, տոմսերու գերակշիռ մասը իրենք ծախած էին, իր ձեւակերպումով, ոչ աւանդական եղանակով: Ան նշեց, որ իրենց բարեկամները, պետական պաշտօնեաները իրենց աջակցութիւնը ցուցաբերած են եւ օգնած են տոմսերու սպառման գործին:
Աղաբեկեան յայտնեց, որ այդ գործին մէջ մեծ աջակցութիւն ցուցաբերած են պաշտպանութեան նախարարը, Երեւանի քաղաքապետը, արտակարգ իրավիճակներու նախարարը, Երեւանի պետական համալսարանի նախագահը, Գագիկ Ծառուկեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի առանձին ընկերներ ե շատ ուրիշներ:
Արցախի փոխվարչապետը նշեց, որ իրենց նպատակն է շրջանառութեան մէջ դնել տարեկան 1 միլիոն տոմս: «Այս տարուան արդիւնքները լաւ սկիզբ էին», «Առաջին լրատուական»-ին յայտնեց Արթուր Աղաբեկեան:
Ինչ կը վերաբերի այն խօսակցութիւններուն, թէ տոմսերը ստիպողաբար բաժնուած են, բազմաթիւ գործարարներ մերժած են մասնակցիլ այդ տոմսերու վաճառքին, Աղաբեկեան այդ խօսակցութիւնները անուանեց Հայաստանի մէջ յօրինուած բամբասանքներ` աւելցնելով. «Ես համոզուած եմ, որ Հայաստանի ոեւէ գործարար, ոեւէ պաշտօնեայ պատրաստ է Արցախի համար ամէն ինչ ընելու: Կը մնայ հաւատան մեր ծրագիրին»:
Վիճակախաղի օրը կային 345 մրցանակներ, որոցնմէ 300-ը, ինչպէս նշուեցաւ, արցախեան գորգեր էին, 1 բնակարան` Ստեփանակերտի մէջ, 1 ինքնաշարժ եւ 5 ուղեգիր` դէպի Արցախ:
Արցախի փոխվարչապետը ընդգծեց, որ վիճակախաղի նոր տոմսերը այս տարի եւս շրջանառութեան մէջ պիտի դրուին 9 մայիսին:


