Գլխաւոր լուրեր

SYRIA-CRISIS_2348281b

Ակնարկ. Անգարայի Տարանցիկ Հանգամանքը Եւ Պաքուի Փրկօղակը

«Ժընեւ-2»-ի 2-րդ փուլին նախապատրաստութեան առընթեր կը թէժանայ տարածաշրջանին  եւ յատկապէս Սուրիոյ մէջ արմատաւորուած ծայրայեղ կրօնական խմբաւորումներու մաքրազտման օրակարգը: Արեւմուտքը եւ այս պարագային Միացեալ Նահանգները կը թուին խորապէս մտահոգուած ըլլալ այս խմբաւորումներուն վերահսկողութենէ դուրս ըլլալու իրողութեամբ: Կրօնական հանգամանքի շահարկումը, նման պատերազմական իրավիճակներու ընթացքին, եթէ կարճաժամկէտ դրուածքով մարտավարական որոշակի առաւելներ կ՛ապահովէ տուեալ կողմին, ապա երկար գիծի վրայ  անպայման պումըրանկի ազդեցութիւն կը գործէ:...

Aghvan-Vartanian-f

«Մենք Կրնայինք Խուսափիլ Միանձնեայ Որոշումէն» Ընդգծեց Աղուան Վարդանեան

Աղուան Վարդանեան «Որեւէ ողբերգական բան չպատահեցաւ, եւ պէտք չէ յայտարարութիւն չստորագրելուն որեւէ շրջանադարձային նշանակութիւն տալ, բայց մենք աւելի շատ կորսնցուցինք, քան շահեցանք», լրագրողներուն յայտնեց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն խորհրդարանական նիստին մասնակցած` Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութեան անդամ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ պատգամաւոր Աղուան Վարդանեան, խօսելով Սթրազպուրկի մէջ 5-6 փետրուարին տեղի ունեցած Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի հերթական 14-րդ նիստին մասին, որ աւարտեցաւ առանց եզրափակիչ յայտարարութեան,...

Aram-Hamparian

Բաց Նամակ Ուղղելով Նահանգային Օրէնսդիրներուն` «Թոյլ Մի՛ Տաք Ալիեւին Ներխուժել Ամերիկայի Քաղաքացիական Կեանքին Մէջ» Շեշտեց Արամ Համբարեան

Արամ Համբարեան «Ասպարէզ» կը տեղեկացնէ, որ Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Արամ Համբարեան բաց նամակով դիմած է Միացեալ Նահանգներու նահանգային օրէնսդիրներուն` «Դէմ արտայայտուելու Ամերիկայի քաղաքացիական կեանքին մէջ Ազրպէյճանի փտած բռնապետ Իլհամ Ալիեւի արտաքին միջամտութեան»: Համբարեան կը զգուշացնէ օրէնսդիրները, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ճնշում կը գործադրէ Ամերիկայի նահանգային օրէնսդիրներուն վրայ, որպէսզի միանան քրիստոնեայ հայ դրացիներուն նկատմամբ իր զայրացած եւ հետզհետէ...

Agos

«Ակօս» Սպառնալիքներու Հարցով Դիմած Է Դատախազութեան

«Ակօս» շաբաթաթերթին դէմ համացանցային յարձակման եւ գլխաւոր խմբագիր Ռոպեր Քոփթաշին սպառնալու հարցով «Ակօս»-ի փաստաբան Հաքան Պաքըրճըօղլու դիմած է դատախազութեան` յիշեալ դէպքերուն շուրջ հետաքննութեան սկսելու համար: «Ակօս» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ ընդհանուր դատախազութեան ներկայացուած դիմումին մէջ ուշադրութիւն կը հրաւիրուի 20 եւ 25 յունուար 2014-ին «Ակօս» շաբաթաթերթի կայքին դէմ կատարուած յարձակումին վրայ, որուն պատճառով խափանուած է կայքի գործունէութիւնը: Դիմումին մէջ կը նշուի...

Catholicosate-f

«Անհրաժեշտ Է Պայքարիլ Ժխտողական Քաղաքականութեան Դէմ» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ինչպէս օրին հաղորդած էինք, ընդունելով Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանը, Արամ Ա. կաթողիկոս անոր փոխանցած էր հայ ժողովուրդին ընդվզումը` թուրք ազգայնական Տողու Փերինչեքի հարցին վերաբերեալ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի տուած որոշման գծով: Երէկ վեհափառ հայրապետը նոյն հարցին մասին նամակ մը յղեց Զուիցերիոյ արդարութեան նախարար Ս. Սոմարուկային: Ստորեւ կու տանք վեհափառ հայրապետին գրած ֆրանսերէն նամակին թարգմանութիւնը: Նորին Վսեմութիւն Ս. Սոմարուկա Արդարութեան նախարար...

Giro-Manoyan-f

«Համանախագահներն Ու Հայաստանը Կը Խօսին Լեզուով Մը, Իսկ Ազրպէյճան` Այլ Լեզուով» Յայտարարեց Կիրօ Մանոյեան

Կիրօ Մանոյեան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթի ներկայ վիճակը ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան կը բնութագրէ ծանր, քանի որ բանակցութիւններուն մէջ կողմերէն մէկը` Ազրպէյճան, չի ցանկար համաձայնիլ միջազգային հանրութեան, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին կողմէ առաջարկուող լուծման տարբերակին եւ կը փորձէ փոխել մօտեցումները: Հետեւելով բանակցութիւններու ընթացքին` Կիրօ Մանոյեան այն տպաւորութիւնը ստացած է, որ կողմերը երկու տարբեր...

Lori

Պարտադիր Կուտակային Համակարգին Դէմ Բողոքը Հասաւ Մարզեր

Անցեալ շաբաթավերջին Ալավերտիի ու Վանաձորի մէջ տեղի ունեցան բողոքի ցոյցեր` ընդդէմ պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգի: Ալավերտիի մէջ տեղի ունեցած բողոքի երթի մասնակիցները դժգոհութիւն յայտնեցին, որ գործարանները պահումներ կը կատարեն, թէեւ, բողոքաւորներուն համոզումով` կրնային չընել: «Խնդիրը այն է, որ գործարանը կարեւոր չի նկատեր իր աշխատողը, իր աշխատողին շահը: Անոր համար աւելի կարեւոր է պետութեան հաճոյանալու խնդիրը, քան իր աշխատողը»,  «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի...

Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանը Մերժեց Հրայր Թովմասեանի Եւ Սահմանադրական Դատարանի 3 Նախկին Դատաւորներու Դիմումը` Ընդդէմ Հայաստանին

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Աշխուժօրէն Կ՛աշխատի Զուիցերիոյ Դեսպաններուն Հետ` Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի Որոշումին Բողոքարկումին Համար

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի առաջնահերթ խնդիրը Փերինչեքի գործով Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշման բողոքարկման հարցն է: Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի հաղորդակցութեան եւ կապի պատասխանատու Պետօ Տեմիրճեան «Արմէնփրես» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ եւրոպական շարք մը երկիրներու` Պելճիքայի, Ֆրանսայի, Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Ռումանիոյ մէջ արդէն բանակցութիւններ կ՛ընթանան Զուիցերիոյ դեսպաններուն հետ` մինչեւ 17 մարտ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշման վերատեսութեան դիմում ներկայացնելու ուղղութեամբ:...

enger_hagop2-Manar

«Լիբանանի Համար Շնորհ Մը Նկատուող Քարիւղը Վերածուած Է Մտատանջումի» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շաբաթավերջին «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ կառավարութեան մէջ ճշգրիտ եւ ամբողջական ներկայացուցչութեան: Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը արգելակող խոչընդոտներուն մասին երեսփոխան Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի հարցը միակ արգելքը չէ` աւելցնելով, որ այլեւս Լիբանանի համար քարիւղը  շնորհ մը չէ, այլ...

ham2

Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Կեդրոնին Մէջ. «Այս Կեդրոնին Մէջ Արուեստի Ճամբով Մեր Զաւակները Կ՛երթան Դէպի Ինքնութիւն» Հաստատեց Շահէ Եպս. Փանոսեան

Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնը սովորականէն տարբեր օր մը ապրեցաւ շաբաթ, 8 փետրուարին, որովհետեւ կեդրոնի պատասխանատուները, ուսուցիչները, աշակերտները, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամները ընդունեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը, որ իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ կեդրոն: Առաջնորդ սրբազանը իւրաքանչիւր յարկի վրայ հետեւեցաւ գեղարուեստի դպրոցներու աշակերտներու դասընթացքներուն, ունկնդրեց անոնց նուագն ու երգեցողութիւնը, դիտեց արուեստի ծաղկումն ու զարգացումը իւրաքանչիւր մարզի մէջ` մասնագէտ...

armen

«Հայաստանի Մէջ Վիճակը Պայթունավտանգ Է» Յայտնեց Արմէն Ռուստամեան

Երէկ, Ազգային ժողովի աւանդական հարցում-պատասխան բաժինի ընթացքին` անդրադառնալով Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի այն յայտարարութեան, որ որեւէ ձեւաչափով պատրաստ է նստելու եւ քննարկելու կազային պայմանագիրներու ուսումնասիրման հարցը, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ դեռ յստակ չէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «նստիլ, քննարկել»: «Մենք նախապէս այդքան առաջարկներ կատարեցինք նստիլ-քննարկելու վերաբերեալ, բայց բոլորը մերժուեցան: Յ. Աբրահամեան ի՞նչ նկատի ունի,...

aghvan-f

Անհամաձայնութիւն` Եւրոմիութիւն-Հայաստան Խորհրդարանական Համագործակցութեան Յանձնաժողովին Մէջ

Սթրազպուրկի մէջ 5-6 փետրուարին տեղի ունեցած Եւրոպական Միութիւն - Հայաստան խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի հերթական 14-րդ նիստը անբաղձալի աւարտ ունեցած է: Խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի աշխատանքներու աւարտին, կողմերը չեն յաջողած համաձայնութիւն կայացնել եզրափակիչ յայտարարութեան շուրջ: Ասիկա առաջին դէպքն է, երբ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան խորհրդարանական  համագործակցութիւնը կ՛աւարտի առանց յայտարարութեան: Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Սամուէլ Ֆարմանեան դիմատետրեան իր էջին վրայ շտապած է մեղադրել եւրոպացիները` փաստաթուղթին...

vahan-f

Վահան Յովհաննիսեան Հանդիպում Ունեցաւ Վերներ Հարթմանի Հետ

Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Վահան Յովհաննիսեան Գերմանիոյ գիւղատնտեսական մեծագոյն արտադրողներէն մէկուն` Վերներ Հարթմանի հետ 5 փետրուարին այցելեց Պերլինի մէջ բացուած «Ֆրութ Լոճիսթիքս» միջազգային ցուցահանդէսը, ուր Վ. Հարթմանի ընկերութիւնը ներկայացուած է իր ծաւալուն տաղաւարով: Վերներ Հարթման վերջերս այցելած էր Լեռնային Ղարաբաղ եւ քննարկած էր այնտեղ լուրջ ներդրումային ծրագիրներ իրականացնելու նիւթը: Հարթման եւ Յովհաննիսեան քննարկեցին Արցախի մէջ ներդրումային ծրագիրներու կարելիութիւնները:  

hagop_pakradouni1

«Այս Հանգրուանին Արժէք Չունի Հերթագայութեան Սկզբունքին Հիման Վրայ Կառավարութիւն Մը Կազմելը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն` հաստատելով, որ ներկայիս խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին նոր դահլիճը կազմելու ուղղութեամբ: Ան շեշտեց, որ ի վերջոյ նպատակը կառավարութիւն կազմելն է, եւ ոչ թէ հարցերուն ու տարակարծութիւններուն վրայ կեդրոնանալը: «Մենք կը փափաքինք կազմել կառավարութիւն մը, որ իշխէ երկրին եւ նախագահական ընտրութիւններ կազմակերպէ,...

H27A6968

«Հայ Ժողովուրդը Կը Մերժէ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպայի Դատարանին Որոշումը» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ուրբաթ, 7 փետրուար 2014-ի առաւօտ վեհարանի իր գրասենեակին մէջ` ընդունելով Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Ռութ Ֆլինթը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Հայ ժողովուրդը խստիւ կը մերժէ Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանի որոշումը` թուրք Տողու Փերինչեքի հարցին գծով: Արդարեւ, սխալ տուեալներու եւ միակողմանի մօտեցումներու վրայ հիմնուած այս որոշումը կրնայ իր ժխտական անդրադարձը ունենալ Հայոց ցեղասպանութեան գծով Եւրոպայի այլ երկիրներու մօտեցումներուն...

SWISS-f

Տողու Փերինչեքի Հարցով` Յունահայութիւնը Նամակ Յանձնեց Զուիցերիոյ Կառավարութեան

6 փետրուարին յունաստանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Լորենցօ Ամպերկ ընդունեց այցելութիւնը  յունահայ գաղութը ներկայացնող քառանդամ պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ թեմակալ առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեանի եւ մասնակցութեամբ Յունահայոց Ազգային վարչութեան ատենապետ Արա Մանկոյեանի, անդամ տոքթ. Ստեփան Փափազեանի եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչ տոքթ. Յակոբ Աւագեանի: Հանդիպման նպատակն էր Զուիցերիոյ դեսպանին միջոցով այդ երկրի կառավարութեան փոխանցել նամակ-խնդրագիր մը, յունահայութեան անունով` պարզաբանելով հայութեան դիրքը`...

OSCE-monitoring

Խմբագրական. Հաւասարեցման Վտանգաւոր Խաղը

Արցախի եւ Ազրպէյճանի շփման գիծին վրայ եւ վերջերս նաեւ դէպի Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանամերձ շրջաններուն  նկատմամբ ազրպէյճանական յարձակողապաշտութեան դիմաց պատասխանատուութեան առումով համահաւասարեցման միջազգային խաղը նոր երեւոյթ չէ: Քաղաքականօրէն նաեւ ակնկալելը, որ արդար գնահատականներ տրուին եւ միջնորդական խաղաղարար առաքելութիւն ստանձնած տարբեր կառոյցները ճիշդ եզրակացութիւններ յայտարարեն, կը թուի, որ իրատեսական չէ: Ի վերջոյ այս կառոյցները քաղաքական էութիւն ունին , ոչ իրաւական եւ բնականաբար...

Protest1

«Նուաճի՛ր Իրաւունքդ» Խորագիրով Բազմամարդ Բողոքի Ցոյց` Ընդդէմ Պարտադիր Կուտակային Կենսաթոշակային Համակարգի

«ԴԷՄ ԵՄ»-ի ցոյցէն պահ մը Երէկ Պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգի գործադրութեան դէմ «ԴԷՄ ԵՄ» նախաձեռնութիւնը բողոքի ցոյց կատարեց կառավարութեան 3-րդ շէնքին դիմաց` «Նուաճի՛ր իրաւունքդ» խորագիրով: Կը մասնակցէին մեծ թիւով քաղաքացիներ: Ցոյցին մասնակիցները բարձրախօսով կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին կոչ ուղղեցին ուսուցիչներու աշխատավարձերէն ստիպողաբար չգանձել պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգով նախատեսուած 5 առ հարիւր գումարը, քանի տակաւին ուժի մէջ է Սահմանադրական դատարանի որոշումը,...

Ardzvig-f

Արծուիկ Մինասեան Չի Բացառեր Զանգուածային Բողոքի Ցոյցերու Կայացումը` Պարտադիր Կուտակային Համակարգին Դէմ»

Արծուիկ Մինասեան «Ես աւելի քան վստահ եմ, որ պիտի ըլլան էական փոփոխութիւններ նոյնիսկ այն պարագային, եթէ Սահմանադրական դատարանը չգոհացնէ մեր դիմումը: Թէ՛ Սահմանադրական դատարանի նախագահը եւ թէ՛ դատարանի անդամներուն զգալի մասը պետական մտածողութեան տէր անձեր են: Վստահ եմ, որ իրենք ալ հաշուի կ՛առնեն հասարակութեան տրամադրութիւնը եւ պետութեան կառոյցներուն մէջ անոր համապատասխան փոփոխութիւններ պիտի իրականացնեն», ըսաւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ...

MG

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Ղարաբաղեան Տագնապի Կողմերուն Կոչ Ուղղած Են Զսպուածութիւն Ցուցաբերելու

Ֆոր, Փոփով եւ Ուորլիք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները Հայաստան եւ Ազրպէյճան իրենց վերջին այցելութենէն ետք տարածած են յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ համանախագահներ Իկոր Փոփով Ռուսիա), Ժաք Ֆոր (Ֆրանսա), Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք (Լեհաստան) 4-էն 5 փետրուարին այցելած են Ազրպէյճան եւ Հայաստան: Պաքուի մէջ անոնք հանդիպում ունեցած են Ազրպէյճանի...

Page 869 of 885 1 … 868 869 870 … 885