Գլխաւոր լուրեր

hagop-640×360-f

«Ուժանիւթի Եւ Ջուրի Հարցերու Նախարարութիւնը Ստանձնեցինք` Վերջ Տալու Համար Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Արգելակող Խոչընդոտին» Շեշտեց Յ. Խաչերեան

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Խաչերեան քուէյթեան «Սիասա» օրաթերթի շաբաթ, 15 փետրուարի թիւով հրատարակուած հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ Կեդրոնական կոմիտէն ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը ստանձնեց` հիմնուելով այն սկզբունքին վրայ, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը մաս կը կազմէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին: «Կեդրոնական կոմիտէն այս նախարարութիւնը ստանձնելու իր որոշումը տուաւ` խորհրդակցելով իր դաշնակիցներուն հետ եւ հիմնական նպատակ ունենալով վերջ տալ կառավարութեան կազմութեան...

cabinet15022014

Լիբանանը Ունեցաւ Իր Նոր Դահլիճը

Իր նշանակումէն տասը ամիս եւ տասը օր ետք, վարչապետ Թամմամ Սալամ կրցաւ կազմել Լիբանանի նոր դահլիճը` օժանդակութեամբ երկրին իշխանութեան պետերուն եւ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն, բացի Լիբանանեան ուժեր կուսակցութենէն, որ մերժեց մաս կազմել երկրին կառավարութեան: Շաբաթ, 15 փետրուարի առաւօտեան, վարչապետ Սալամ ուղղուեցաւ նախագահական պալատ, ուր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի յանձնեց նոր կառավարութեան կազմին անուանացանկը, որուն դիմագրաւած ներքին գործոց նախարարի թնճուկը...

Hagop-Pakradounian—3ph–Nasser-Trabulsi-(1)

«Ուժանիւթի Նախարարութիւնը Մեզի Յանձնել Կը Նշանակէ Ընդունիլ Քրիստոնեաներուն Համար Անոր Ներկայացուցած Ռազմավարական Արժէքը» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շաբաթ, 15 փետրուարին լոյս տեսած  «Նահար» օրաթերթի թիւին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ նշեց, որ Տէյր Քալաայի դռնփակ հանդիպումէն ի վեր  Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը կը գործէ լիբանանեան քաղաքական կողմերուն հետ խորհրդակցելու սկզբունքով: «Այս շրջագիծին մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը լիբանանեան խորհրդարանի բոլոր պլոքներուն հետ հանդիպումներ ունեցաւ, բացի Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պլոքէն` վերջինին մերժումին...

Nassrallah-TV16022014

«Կառավարութեան Մաս Կազմելու Իմաստով Ոչ Ոք Վեթոյի Ենթարկած Ենք» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Սէյիտ Նասրալլա` պատկերասփռուած ճառին ընթացքին Հըզպալլայի հիմնադիր եւ ղեկավար նահատակներու յիշատակին նուիրուած ոգեկոչումին ձեռնարկին առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններուն: Սէյիտ Նասրալլա ողջունեց Հըզպալլայի նահատակ ղեկավարները, ինչպէս նաեւ բոլոր նահատակները` շեշտելով, որ նահատակներուն յիշատակը լաւագոյն ձեւով յարգած կ՛ըլլայ ան, որ անոնց գործը, այս պարագային Դիմադրութեան առաքելութիւնը...

sarkis

Ժողովրդային Տօնախմբութիւն Եւ Եկեղեցական Հանդիսաւոր Արարողութիւն` Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով

Անցնող շաբաթավերջին Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն էր: Առ այդ, եկեղեցւոյ թաղականութիւնը կազմակերպած էր ժողովրդային տօնախմբութիւն մը` նպատակ ունենալով Ս. Սարգիսի տօնը ազգային-տոհմիկ մթնոլորտով կայացնել: Տօնախմբութիւնը սկսաւ շաբաթ, 15 փետրուարի յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, եկեղեցւոյ թաղին մէջ կանգնեցուած տաղաւարներուն մէջ տեղի ունեցած ցուցադրութիւն-վաճառքով, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ԼՕԽ-ի «Ազիրեան» եւ «Արագած» մասնաճիւղերը, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբը, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ...

ARF-Party

Կառավարութեան Անվստահութիւն Յայտնելու Հարցով Ազգային Ժողովի Ոչ Իշխանական Ուժերը Քննարկումները Պիտի Շարունակեն

Ազգային ժողովին մէջ երէկ գումարուեցաւ չորս ոչ իշխանական խմբակցութիւններու` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, Հայ ազգային քոնկրեսի, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան եւ Ժառանգութեան հերթական փակ նիստը: Դարձեալ քննարկուեցաւ կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու հարցը, սակայն նախագիծին շուրջ վերջնական եզրակացութիւն տակաւին չկայացաւ: Իսկ կուտակային կենսաթոշակային օրէնքի պարտադիր բաղադրիչին դէմ յառաջիկայ պայքարին շուրջ ուժերը յայտարարութիւն հրապարակեցին, քանի որ այս առումով քննարկումը շատ ընդհանուր եզրեր դուրս բերած էր:...

logo11

Յայտարարութիւն. Միայն Կուտակային Պարտադիր Բաղադրիչի Դէմ Ահագնացող Շարժումը Կը Ստիպի Իշխանութիւններին Սթափուել

Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ոչ իշխանական չորս խմբակցութիւնները` ՀՅԴ-ն, Ժառանգութիւնը, Հայ ազգային քոնկրեսը եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, որուն մէջ շեշտեցին, որ կենսաթոշակային համակարգի պարտադիր կուտակային բաղադրիչին դէմ հասարակութեան ընդվզումը նոր զարգացումներ կ՛արձանագրէ: Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուեցաւ հետեւեալը. «Գիտակցելով, որ իրենց սահմանադրական իրաւունքները ոտնահարւում են, որ նուազում են մարդկանց իրական եկամուտները` արդէն ամբողջական աշխատանքային անձնակազմեր են բողոքի...

Arm-Nat-Committe

Հաղորդագրութիւն

Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ առաւօտուն այցելեց Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանատուն եւ հանդիպում ունեցաւ Զուիցերիոյ դեսպան Ռութ Ֆլինթի հետ: Հանդիպման նպատակն էր դեսպանին հետ արծարծել Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի` Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրացող թուրք քաղաքական գործիչ Տողու Փերինչեքի ի նպաստ որոշումը: Փերինչեք Զուիցերիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը անուանած էր «միջազգային սուտ», որուն իբրեւ հետեւանք դատապարտուած  եւ տուգանուած էր զուիցերիական...

IMG_0242

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Սուրիոյ Հարցով Զբաղող Միջազգային Կազմակերպութիւններու Ներկայացուցիչները

Ուրբաթ, 14 փետրուար 2014-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց հինգ հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, որ կը ներկայացնէր Զուիցերիոյ, Անգլիոյ, Հոլանտայի, Գերմանիոյ եւ Շուէտի մէջ հաստատուած միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները: Անցնող ամիսներուն ընթացքին յիշեալ կազմակերպութիւններուն աշխատանքին թիրախը դարձած էր ընդհանրապէս Սուրիոյ հարցը եւ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու ապագան: Այս ուղղութեամբ, անոնք հանդիպումներ ունեցած էին Եւրոպայի պետական պատասխանատուներուն հետ: Վեհափառ հայրապետին իրենց...

Kuwait-SwissEmb-485×372-f

Քուէյթահայ Համայնքի Ազգային Պատուիրակութիւնը Այցելեց Զուիցերիոյ Դեսպանատուն

Հինգշաբթի, 13 փետրուար 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպույեան, ազգային մարմիններու կողմէ ներկայացուցիչ Եղիա Կարպուշեան եւ Քուէյթի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Տիգրան Պայաթեան այցելեցին Զուիցերիոյ դեսպանատուն եւ բողոքի նամակ մը յանձնեցին Ա. քարտուղար Օվի Հաութըրին: Հաութըր Զուիցերիոյ դեսպանին երկրէն դուրս գտնուելուն պատճառով անձամբ ընդունեց պատուիրակութեան անդամները: Կարճատեւ հանդիպման ընթացքին...

Hovig-Aprahamian

Աբրահամեան. «Եթէ Պատերազմ Պարտադրեն, Պիտի Տանք Արժանի Հակահարուած»

«Մենք, ի տարբերութիւն Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն, կը քարոզենք, որ մեր առջեւ դրուած խնդիրները պէտք է լուծենք խաղաղ բանակցութիւններով, սակայն ատիկա միակողմանի չըլլար», երէկ յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան: «Ազրպէյճանի իշխանութիւնները տակաւին ողջմիտ քաղաքականութիւն չեն դրսեւորեր: Անշուշտ մենք կը ցանկանք խաղաղութիւն, բայց եթէ մեզի պատերազմ պարտադրեն, մենք արժանի հակահարուած պիտի տանք եւ պիտի պաշտպանենք մեր հայրենիքը, մեր հողը, մեր...

Giro-AP-f

«2015-ը Տհաճ Թուական Մը Պիտի Ըլլայ Թուրքիոյ Համար» Շեշտեց Կիրօ Մանոյեան

Կիրօ Մանոյեան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը կարեւոր, խորհրդանշական թուական է, սակայն աշխատանքներու իմաստով Հայաստանը եւ մասնաւորաբար Հայ դատի գրասենեակները պիտի շարունակեն իրենց գործունէութիւնը 2015-էն ետք: Այս առնչութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Արմէնփրես»-ին յայտնեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի վերջերս կատարած յայտարարութիւնը, որ պէտք է ուժերը լարել եւ պատրաստուիլ 2015-ին, հիմնականին մէջ ուղղուած է միջազգային...

Hawaii-Rejects-Azeri-Lies

Հաուայի Մէջ Օրէնսդիրները Մերժեցին Ազրպէյճանի Հովանաւորած Հակահայկական Բանաձեւերը

Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբը յաջողեցաւ կանխել Ազրպէյճանի հերթական հակահայկական սադրանքը: Միացեալ Նահանգներու Հաուայ նահանգին մէջ, որ նախագահ Օպամայի ծննդավայրն է, օրէնսդիրները մերժեցին Ազրպէյճանի հովանաւորած հակահայկական բանաձեւերը: Ըստ «Արմէնփրես»-ին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբը յայտնեց, որ երկու բանաձեւերն ալ կողմնակալ եւ փաստերու տեսանկիւնէն թերի եղած են: «Մենք կը ցանկանք շնորհակալութիւն յայտնել հանդուրժողականութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան նկատմամբ իրենց...

zina

Լիբանանեան Տարբեր Կողմեր Ուժանիւթի Նախարարութիւնը Կ՛ուզեն Յանձնել Դաշնակցութեան

Կառավարութեան կազմութեան ուղղութեամբ ընթացող բանակցութիւններուն եւ կառավարութեան մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչին մասնակցութեան լուսաբանման համար «Ազդակ» դիմեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Խաչերեանին, որ փոխանցեց հետեւեալը. Կառավարութեան կազմութեան շուրջ բանակցութիւնները վերաշխուժացած են վերջին օրերուն: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը շարունակէ ունենալ բազմակողմանի հանդիպումներ թէ՛ երկրի նախագահին, օրէնսդիր ու գործադիր պետերուն, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ լիբանանեան քաղաքական կուսակցապետերուն հետ:...

IMG_7490

ՄԱՀԱԵՄ-ի Նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանը Ընդունեց 100-ամեակի Կեդրոնական Մարմինը

Չորեքշաբթի երեկոյ, ՄԱՀԱԵՄ-ի կեդրոնատեղիին մէջ, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանին այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի անդամները: Զեկուցական այս հանդիպումին ներկայացուեցան 2014 -2015 տարիներուն համար նախատեսուած ցեղասպանութեան նիւթին վերաբերող տարբեր բնոյթի աշխատանքները: Վերապատուելի Գարակէօզեան գնահատելով տարուող աշխատանքները անվերապահ զօրակցութիւն յայտնեց մարմինին կողմէ իրականացուող համախումբ  եւ միասնական աշխատանքներուն:

e1dc62967ca3e41b49403401b4f09570-f

Ազգային Ժողովի Չորս Խմբակցութիւնները Տիգրան Սարգսեանին Եւ Կառավարութեան Անվստահութիւն Յայտնելու Որոշումի Նախագիծ Պիտի Ներկայացնեն

Հայաստանի Ազգային ժողովի ոչ իշխանական չորս խմբակցութիւնները երէկ խորհրդարանին մէջ գումարեցին դռնփակ նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեցին վարչապետ Տիգրան Սարգսեանին եւ կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու հարցը: Խմբակցութիւններէն իւրաքանչիւրը ներկայացուց այդ հարցին անդրադառնալու իր նախագիծը: Ամենայն հաւանականութեամբ, Ազգային ժողովի 24-էն 27 փետրուարի քառօրեային ընթացքին այս խմբակցութիւնները` ՀՅԴ-ն, Հայ ազգային քոնկրեսը, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը եւ Ժառանգութիւնը, պիտի ներկայացնեն որոշման մէկ միասնական նախագիծ, որ...

ANCA-(1)-f

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբը Հայոց Հարցի Պաշտպանութեան Օրը Պիտի Նշէ 7 Ապրիլին

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբը 7 ապրիլին` Հայոց հարցին պաշտպանութեան օրը, պիտի կազմակերպէ օրուան նուիրուած ձեռնարկներ: Վկայակոչելով «Ասպարէզ» պարբերականը` «Արմենփրես» կը հաղորդէ, որ այս տարի Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեայ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտին մէջ, ինչպէս նաեւ Նահանգային ժողովին մէջ, ուր ամերիկացի օրէնսդիրները Հայոց ցեղասպանութեան մասին ելոյթներ պիտի ունենան: Անոր պիտի յաջորդէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի...

Hranush

Տեղի Ունեցաւ Սուրիահայերու Հիմնախնդիրները Համակարգող Միջգերատեսչական Յանձնախումբի Հերթական Նիստը

Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնախումբի հերթական նիստը: «Սուրիահայութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան կատարած աշխատանքներուն մասին» զեկուցումով հանդէս եկաւ մշակոյթի նախարարի տեղակալ Արթուր Պօղոսեան: Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան անդրադառնալով սուրիահայերու մշակութային համարկումի հարցերուն` կարեւոր նկատեց մասնագիտական օգնութիւնը նորաստեղծ «Կռունկ», «Շառաւիղ» եւ «Կարօտ» երգչախումբերուն, քանի որ անոնց շուրջ կը համախմբուի սուրիահայութիւնը:...

Հարցազրոյց` Յովհաննէս Թասլաքեանի Հետ

Չորեքշաբթի, 12 փետրուարին «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ հարցազրոյց մը տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեանի հետ: Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ 18 դեկտեմբեր 2010-էն ի վեր Միջին Արեւելքի մէջ ընթացք առած շարք մը իրադարձութեանց, ինչպէս` «Արաբական գարուն»-ը եւ Սուրիոյ տագնապը: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ռուս-ամերիկեան եւ Միացեալ Նահանգներ-Իրան յարաբերութեանց,...

IMG_0237

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ռայի Պատրիարքին Ներկայացուցիչը

Սայեղ արքեպիսկոպոս եւ Արամ Ա. կաթողիկոս Երէկ առաւօտ Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց մարոնի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Պշարա Ռայի պատրիարքի փոխանորդ Փոլ Սայեղ արքեպիսկոպոսը: Այցելութեան նպատակն էր վեհափառ հայրապետին փոխանցել պատրիարքարանին կողմէ հրապարակուած Ազգային փաստաթուղթը, ուր պարզուած էր մարոնի եկեղեցւոյ կեցուածքը Լիբանանը յուզող հիմնական հարցերուն շուրջ: Սայեղ արքեպիսկոպոս նաեւ վեհափառ հայրապետին փոխանցեց պատրիարքին կարգ մը մտահոգութիւններն ու առաջարկները: Վեհափառ հայրապետը իր...

Page 868 of 885 1 … 867 868 869 … 885