Գլխաւոր լուրեր

Na3met-Frem-(13)

«Հակառակ Երկրին Սառած Վիճակին` Ճարտարարուեստի Միութիւնը Անկոտրում Կամքով Կը Շարունակէ Գործել» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Նաամաթ Աֆրամ

Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Նաամաթ Աֆրամ Լիբանանի ճարտարարուեստի մարզին պարզած այսօրուան իրավիճակը, անոր նուաճումները, դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ ընդհանուր առաքելութիւնը լուսարձակի տակ առնելու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամի հետ: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ որքա՞ն կարեւոր է, որ նման միութեան մը նախագահէ ճարտարարուեստի մարզի ներկայացուցիչ մը, Ն. Աֆրամ ըսաւ, որ շատ կարեւոր է, որ Ճարտարարուեստի մարզի...

misk2 (1)

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Երեւանի Մէջ Դիմաւորուեցան Դաշնակցական Երիտասարդութեան Բողոքի Ցոյցով

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական եւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւններու անդամները երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-էն հաւաքուեցան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մօտ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն այցելութեան առնչութեամբ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնելու զինադադարի խախտման դէպքերուն վերաբերեալ համանախագահներու չէզոք դիրքորոշումին դէմ: ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը, Ճէյմս Ուորլիքը եւ Ժաք Ֆորը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը...

AJ05022014

Հայաստանի Ազգային Ժողովը Մերժեց Կազային Համաձայնագիրներուն Վերաբերող Յանձնախումբ Ստեղծելու Առաջարկը

Համաձայնական կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական ուժերը երէկ մերժեցին կազային համաձայնագիրներուն հարցով խորհրդարանական ժամանակաւոր յանձնախումբ ստեղծելու` ոչ իշխանական չորս խմբակցութիւններու նախաձեռնութիւնը: Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան հրապարակեց քուէարկութեան արդիւնքները. 44 թեր, 58 դէմ եւ 3 ձեռնպահ: Նախաձեռնութեան հեղինակները յայտարարեցին, որ Հանրապետական կուսակցութիւնը իր քուէարկութեամբ ապացուցեց, որ կը թաքցնէ յանցաւոր գործարքը: Խորհրդարանական ոչ իշխանական ուժերը` ՀՅԴ-ն, Բարգաւաճ Հայաստանը, Ժառանգութիւնը եւ Հայ ազգային...

Switzerland

Հանդիպում Հոլանտայի Մէջ Զուիցերիոյ Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Հոլանտայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Մասիս Աբրահամեան նախանցեալ օր այցելեց Լա Հէյի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանութիւն եւ հանդիպում ունեցաւ դեսպանորդներ Անիա Զոպրիսթ Ռենթենարի եւ Ֆիլիփ Պրանտի հետ: Հանդիպման նպատակն էր Զուիցերիոյ կառավարութեան փոխանցել խնդրագիր մը հոլանտահայութեան անունով, առ այն, որ Մարդկային իրաւունքներու Եւրոպայի դատարանին որոշումը Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող Փերինչեքի վերաբերեալ բողոքարկուի այդ երկրին արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ: Հանդիպումին կը մասնակցէր նաեւ...

Anne-Hidalgo

Փարիզի Քաղաքապետութեան Թեկնածու Անն Հիթալքօ Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ Պատուիրակութեան Հետ

Անն Հիթալքօ Փարիզի քաղաքապետութեան թեկնածու, ընկերվարական Անն Հիթալքօ ՀՅԴ-ի պատուիրակութեան մը կողմէ ընդունուած է Փարիզի Հայ մշակոյթի տան մէջ: Քաղաքապետական ընտրութիւններուն երկու ամիս մնացած, հակառակ իր խիստ ծանրաբեռնուած ժամանակացոյցին, Հիթալքօ չէ վարանած ընդառաջելու հրաւէրին եւ յունուարի աւարտին ամբողջ յետմիջօրէ մը յատկացուցած է այս տեսակցութեան: Փարիզի համար իր ընդհանուր յանձնառութիւնները ներկայացնելէ ետք, ընկերվարական թեկնածուն շեշտը դրած է ազատութեան եւ արդարութեան իր...

US-Congress

Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Նոր Բանաձեւը Աշխուժօրէն Շրջանառութեան Մէջ Կը Դրուի Քոնկրեսին Մէջ

Հայ դատի Ամերիկայի արեւելեան շրջանի յանձնախումբը մեծ աշխատանք կատարած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման «Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութեան եւ արդարութեան» բանաձեւի քննարկման եւ յառաջ մղումին ուղղութեամբ: Յղում կատարելով Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործիչ Ճոզեֆ Քազազեանի յօդուածին` «Արմէն Փրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ նոր բանաձեւին սատարող քոնկրեսականներուն թիւը հետզհետէ կ՛աճի: Բանաձեւը ներկայացնելէն ի վեր ամերիկահայութիւնը ամբողջ երկրով մէկ պարբերաբար կոչեր ուղղած է...

logo1

Այսօր Պիտի Կատարուի Կազային Համաձայնագիրներուն Գծով Յանձնախումբ Ստեղծելու Վերաբերեալ Քուէարկութիւնը. Հանրապետականը Դէմ Կ՛արտայայտուի Յանձնախումբի Ստեղծման

Խորհրդարանական ոչ իշխանական ուժերը` Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը, Ժառանգութիւնը, Հայ ազգային քոնկրեսը եւ ՀՅԴ-ն, կ՛ուզեն առաջարկուող յանձնախումբի միջոցով ստանալ հետեւեալ հարցումներուն պատասխանները. 2011-էն ինչպէ՞ս գոյացած է 300 միլիոն տոլար պետական պարտքը, որուն դիմաց ռուսական կողմին փոխանցուած է «Հայռուսկազարդ»-ի մէջ Հայաստանի կառավարութեան ունեցած վերջին 20 առ հարիւր բաժնեմասը, ինչո՞ւ Հայաստանի սահմանին 159 տոլար արժող կազը բնակչութեան 110 առ հարիւրով աւելի սուղ` 380...

Nigol-Aghpalian-logo

Դաշնակցական Երիտասարդները Կը Բողոքեն Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Դիրքորոշումին Դէմ

Այսօր ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները Երեւանի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ: Այս առիթով դաշնակցական երիտասարդները բողոքի ցոյց պիտի կատարեն արտաքին գործոց նախարարութեան առջեւ` զինադադարի խախտման համար հայկական եւ ազրպէյճանական կողմերը հաւասարապէս մեղադրելու Մինսքի խմբակի դիրքորոշումին դէմ: Ստորեւ` այս առնչութեամբ հրապարակուած յայտարարութիւնը: Վերջերս հայ-ազրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցող միջադէպերը եւ դրանց վերաբերեալ...

Russia-Armenia

«Եթէ Հայաստանի Վրայ Նոյնիսկ Մէկ Ռումբ Իյնայ, Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան Պայմանները Ուժի Մէջ Պիտի Մտնեն» Ըսաւ Սոքոլով

Ռուսիոյ նախագահութեան միջազգային յարաբերութիւններու խորհուրդի անդամ, Միջազգային համագործակցութեան զարգացման աջակցութեան հիմնադրամի նախագահ Ալեքսանտր Սոքոլով ազրպէյճանական Vesti.az կայքէջին յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ կան անձեր, որոնք միայն ուրախ են ղարաբաղեան հիմնախնդիրի սրումին համար: Պատասխանելով նոր պատերազմի հաւանականութեան մասին հարցումին` Սոքոլով նշած է, որ Ղարաբաղի մէջ նոր պատերազմը անիրատեսական է: «Նոյնիսկ ռազմավարական յաղթանակի պարագային, այդ պատերազմին մէջ պիտի պարտուին Հարաւային...

Glor-Seghan1

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Քարոզչական Մարմինին Եւ Երիտասարդներու Աննախընթաց Խուռներամ Ներկայութեան. Կլոր Սեղան` Հայ Ընկերութեան Մէջ Օտարամոլութեան, Թմրամոլութեան, Օտար Ամուսնութեան Եւ Աղանդներու Մասին

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի քարոզչական մարմինին, երէկ` երեքշաբթի, 4 փետրուար 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ նշեալ մարմինի երկրորդ կլոր սեղանը` «Լիբանանահայութիւնը եւ յոռի երեւոյթներուն անդրադարձը» նիւթով եւ «Միասնաբար մտածենք լուծումներու մասին» առաջադրանքով: Հոգեւոր հայրերու, երեք համայնքներու, միութենական ներկայացուցիչներու, ծնողներու, ազգայիններու եւ յատկապէս երիտասարդներու ու ուսանողներու հոծ բազմութեան ներկայութեան կայացած այս ձեռնարկին բացումը ՀՅԴ Լիբանանի քարոզչական մարմինին...

ocalan

Ակնարկ. Անգարայի Ձեռագիրն Ու Օճալանի Ստորագրութիւնը

ՔԱԿ-ի արգելափակեալ ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի նամակը, ուղղուած` հայ ժողովուրդին, պարզագոյն բանաձեւումով խառն ուղերձներ (միքստ մեսեճըզ) կը փոխանցէ ընթերցողին: Նախ կարելի չէ անտեսել այն երեւոյթը, որ միեւնոյն կուսակցութեան ղեկավարներէն Պեսէ Հոզաթ հայկական լոպին մեղադրած էր Թուրքիոյ ուրուական պետութիւններէն մէկը ըլլալու յանցանքով, որուն հերքումի ձեւով մեկնաբանուեցաւ Օճալանի նամակը: Խառն ուղերձի տրամաբանութեան մէջ կ՛իյնայ սկսելու համար նամակի այն բաժինը, ուր քիւրտ ղեկավարը հայ...

MHM72380-f

Մինասեան. «Կառավարութեան Յաճախակի Գործուղումներուն Հետեւանքով Պատգամաւորներուն Պատշաճ Տեղեկատուութիւն Չէ Տրամադրած»

Արծուիկ Մինասեան Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ «Նայիրիտ» փակ բաժնետիրական ընկերութեան վերաբերեալ Ազգային ժողովի որոշման նախագիծը, որ կ՛առնչուէր ժամանակաւոր յանձնախումբի ստեղծման, Դաշնակցութիւն խմբակցութիւնը կ՛ակնկալէր ստանալ կառավարութենէն, կը սպասէր, որ կառավարութիւնը ներկայացնէ պատշաճ տեղեկատուութիւն, սակայն կառավարութեան յաճախակի գործուղումներուն հետեւանքով տեղեկատուութիւն չէ տրամադրուած, ուստի կ՛առաջարկուի մէկ տարիով յետաձգել ատիկա, եւ հարցը քննարկել 24-27 փետրուարի նիստին: «Կը յորդորեմ,...

zina

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Նշանակեալ Վարչապետին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին ընկերներ Յակոբ Խաչերեան եւ Սեպուհ Յովնանեան, ընկերակցութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, երէկ այցելեց նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի: Հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը վարչապետ Սալամին փոխանցեց կուսակցութեան կեցուածքը` նոր կազմուելիք կառավարութեան գծով:

Vehapar_Hezballah

Հըզպալլայի Ներկայացուցիչները` Անթիլիասի Մէջ

Երկուշաբթի, 3 փետրուար 2014-ի առաւօտեան Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Հըզպալլայի քաղաքական դիւանի ներկայացուցիչները: Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու Սուրիոյ եւ յատկապէս Լիբանանի ներկայ կացութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր:

kurd

«Ազդակ»-ի Մամլոյ 89-րդ Լսարան. «Քիւրտերու Հետ Անհրաժեշտ Է Գործակցիլ` Առանց Պատմութեան Հաշուոյն Զիջումներ Կատարելու» Շեշտեց Դոկտ. Վիգէն Չըթըրեան

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ 89-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 3 փետրուար 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, անդրադարձաւ օրուան նիւթին, որ կը կեդրոնանայ քրտական ներկայութեան եւ քաղաքական գործօնին կարեւորութեան վրայ: Ապա ան խօսքը փոխանցեց օրուան զեկուցաբեր` միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ դոկտ. Վիգէն Չըթըրեանին: Վահրամ...

նախագահական-նստավայր

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի Դրամաշնորհին Մեծ Մասը Պիտի Յատկացուի Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Ուղղուած Ծրագիրներու

2014-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի դրամաշնորհին մեծ մասը պիտի յատկացուի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած ծրագիրներու իրականացման: Դրամաշնորհներու մրցոյթը յայտարարուած է շաբաթ օր: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի համակարգող Կարէն Աւագեան նշած է, որ այս տարի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ աւելցած ծրարի ծիրին մէջ պիտի իրականացուին շարք մը ձեռնարկներ` սեմինարներու, դասընթացներու, գիտաժողովներու իրականացման, ինչպէս նաեւ տարատեսակ յօդուածներու տպագրման ձեւով:...

hermel2

Անձնասպանական Երկրորդ Գործողութիւն Մը Կը Հարուածէ Հերմելը

Շաբաթ երեկոյեան ժամը շուրջ 6:15-ին, ուժգին պայթում մը ցնցեց Հերմելը, երբ ականուած ինքնաշարժ մը մուտք գործեց «Այթամ» պենզինի կայանը եւ հոն պայթեցաւ: Պայթումը հետեւանք էր անձնասպանական գործողութեան, որուն պատճառով արձանագրուեցաւ չորս զոհ եւ վիրաւորուեցան աւելի քան 28 ուրիշներ: Արձանագրուած զոհերն են` Ալի Ալլաու, Իպթիսամ Մուսաուի, Իսամ Խէյրէտտին եւ Հասան Թահա, իսկ վիրաւորներուն մեծ մասը բաւական ծանր վիճակի մէջ կը գտնուին`...

mikati_ibrahimi

«Լիբանանը Եւ Բոլոր Լիբանանցիները Վտանգի Ենթակայ Են» Ընդգծեց Միքաթի

Միքաթի եւ Իպրահիմի` Սուրիոյ տագնապին վերաբերող հանդիպումին ընթացքին Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին մասնակցեցաւ «Միւնիխի ապահովութեան միջազգային խորհրդաժողով»-ին, որուն շրջագիծին մէջ ան մաս կազմեց յատուկ հանդիպումի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Սուրիոյ տագնապը: Հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ միջազգային դիւանագիտութեան մաս կազմող մեծ թիւով անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին` Սուրիոյ տագնապի լուծման միջազգային եւ արաբական յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի: Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի յայտնեց,...

gatogh

Ստուգելով Ազգային Միացեալ Վարժարանի Շինարարական Աշխատանքները`. «Գաղութի Մը Կենսունակութեան Աղբիւրը, Գոյատեւման Առանցքը Եւ Երաշխիքը Եկեղեցւոյ Կողքին Հայ Դպրոցն Է» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ազգային միացեալ վարժարանի շինարարական աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են եւ իրենց աւարտին պիտի հասնին 2015 թուականին: Այս առիթով իր հայրական օրհնութիւնը տալու նպատակով շաբաթ 1 փետրուար 2014-ի կէսօրուան ժամը 11:30-ին կառուցման ընթացքի մէջ գտնուող համալիր այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Վեհափառ հայրապետը դիմաւորուեցաւ Ազգային իշխանութեան երեսփոխաններու, Ազգային առաջնորդարանի խորհուրդներու...

Lavrov-Kerry-f

Ակնարկ. Մոսկուան Եւ Ուաշինկթընը Կը Յարգեն Խաղի Կանոնները` Ոճային Տարբերութիւններով

Հինգշաբթի, 23 յունուարին, Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները արցախեան տագնապի կողմերուն կոչ ուղղած էին զերծ մնալու բռնութիւններէ եւ կեդրոնանալու տագնապի խաղաղ լուծման  ջանքերուն վրայ: Աւելի ուշ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մերի Հարֆ, պատասխանելով Ազրպէյճանի կողմէ հայկական սահմանին վրայ կատարուած վերջին յարձակումին մասին հարցումի մը` ըսած էր, թէ ցարդ ամբողջական տեղեկութիւններ չունի այդ միջադէպին մասին, խոստանալով այդ մասին խորհրդակցիլ պաշտօնատարներու հետ`...

Page 870 of 885 1 … 869 870 871 … 885