Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անհամաձայնութիւն` Եւրոմիութիւն-Հայաստան Խորհրդարանական Համագործակցութեան Յանձնաժողովին Մէջ

February 8, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

aghvanՍթրազպուրկի մէջ 5-6 փետրուարին տեղի ունեցած Եւրոպական Միութիւն – Հայաստան խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի հերթական 14-րդ նիստը անբաղձալի աւարտ ունեցած է: Խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի աշխատանքներու աւարտին, կողմերը չեն յաջողած համաձայնութիւն կայացնել եզրափակիչ յայտարարութեան շուրջ:

Ասիկա առաջին դէպքն է, երբ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան խորհրդարանական  համագործակցութիւնը կ՛աւարտի առանց յայտարարութեան: Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Սամուէլ Ֆարմանեան դիմատետրեան իր էջին վրայ շտապած է մեղադրել եւրոպացիները` փաստաթուղթին մէջ անընդունելի ձեւակերպումներ ներառելու համար, սակայն կան նաեւ լուրեր այն մասին, որ յայտարարութիւնը չստորագրելու մէջ դերակատարութիւն ունեցած է Ֆարմանեան:

Պատուիրակութեան անդամները իրենց վերադարձին պիտի տան մամլոյ ասուլիս մը:

14-ամեայ միջխորհրդարանական համագործակցութիւնը առաջին անգամ ըլլալով տապալած է: Սամուէլ Ֆարմանեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ եւրոպացի գործընկերները փորձած են փաստաթուղթին` Լեռնային Ղարաբաղին վերաբերող մասին մէջ հայկական կողմին համար անընդունելի ձեւակերպումներ ներառել: Ըստ էութեան, այս բոլորին պատճառը Մաքսային միութիւն մտնելու Հայաստանի որոշումն է:

«Աւելի մտահոգիչ է այն  հանգամանքը, որ որոշ եւրոպացի խորհրդարանականներ կը կարծեն, թէ Հայաստանի արտաքին քաղաքական վերջին որոշումներուն վերաբերեալ իրենց դժգոհութեան արտայայտման լաւագոյն միջոցը կրնայ ըլլալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերեալ աւելի կոշտ, խորքին մէջ տագնապի խաղաղ լուծման որեւէ ձեւով չնպաստող, եթէ նոյնիսկ` ուղղակիօրէն վնասող է մօտեցումներուն կիրարկումը», գրած է ան:

Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի հայկական պատուիրակութեան անդամ Աղուան Վարդանեան «Երկիրն այսօր»-ին հետ հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին նշեց, որ կարեւոր էր յայտարարութեամբ մը հանդէս գալ` յատկապէս այս հանգրուանին, երբ Հայաստանի կառավարութիւնը անհրաժեշտ կը նկատէ Եւրոպական Միութեան ուղղութեամբ աշխատանքները առաւելագոյնս շարունակել, առանց խանգարելու Մաքսային միութեան անդամակցութիւնը: Հակառակ Սամուէլ Ֆարմանեանի պնդումներուն, Աղուան Վարդանեան ըսած է, թէ կարելի էր յայտարարութիւնը ընդունիլ:

«Իմ առաջին տպաւորութիւնս այն է, որ մեր յանձնախումբի ներկայացուցիչը դերակատարութիւն ունեցաւ համաձայնութիւնը չստորագրելուն մէջ: Որոշ չափով անոր միանձնեայ դիրքորոշման պատճառով այս բոլորը տեղի ունեցաւ», ընդգծած է Վարդանեան:

Աղուան Վարդանեան անընդունելի նկատեց Ղարաբաղեան հարցին ետին թաքնուելով` սկզբունքային ձեւանալը: Ըստ անոր` կարելի էր համաձայնութիւն գոյացնել փաստաթուղթին գծով եւ ընդունիլ, մանաւանդ որ հայկական կողմին առաջարկով կատարուած էին փոփոխութիւններ եւ կային ստորագրելու բոլոր հիմքերը: Ղարաբաղի վերաբերեալ եղած են երեք դրոյթներ, որոնցմէ մէկը խնդրայարոյց էր եւ կարելի էր վերցնել: Աղուան Վարդանեան հաստատած է, որ 3 սեպտեմբերի յայտնի որոշումէն արդէն  5 ամիս անցած է, սակայն Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներու բացարձակ մեծամասնութիւնը, որոնց շարքին նաեւ անոնք, որոնք մնայուն կերպով Հայաստանի դիրքորոշումը կը կիսէին, ամբողջական կերպով տեղեակ չեն, թէ ի՞նչ եւ ինչո՞ւ կատարուած է:

«Անակնկալը, ցնցումը մինչեւ այսօր կը շարունակուի, ինչ որ կը նշանակէ, թէ մեր արտաքին գործոց նախարարութիւնը գոնէ բացատրական հիմնաւորման լուրջ աշխատանք չէ կատարած այս ընթացքին», ըսաւ Վարդանեան:

Հայկական պատուիրակութիւնը Սթրազպուրկէն պիտի վերադառնայ 8 փետրուարին եւ մամլոյ ասուլիսին մէջ լրացուցիչ պարզաբանումներ պիտի տայ:

 

 

Նախորդը

Վահան Յովհաննիսեան Հանդիպում Ունեցաւ Վերներ Հարթմանի Հետ

Յաջորդը

«Հայաստանի Մէջ Վիճակը Պայթունավտանգ Է» Յայտնեց Արմէն Ռուստամեան

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.