Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բաց Նամակ Ուղղելով Նահանգային Օրէնսդիրներուն` «Թոյլ Մի՛ Տաք Ալիեւին Ներխուժել Ամերիկայի Քաղաքացիական Կեանքին Մէջ» Շեշտեց Արամ Համբարեան

February 12, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Aram-Hamparian
Արամ Համբարեան

«Ասպարէզ» կը տեղեկացնէ, որ Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Արամ Համբարեան բաց նամակով դիմած է Միացեալ Նահանգներու նահանգային օրէնսդիրներուն` «Դէմ արտայայտուելու Ամերիկայի քաղաքացիական կեանքին մէջ Ազրպէյճանի փտած բռնապետ Իլհամ Ալիեւի արտաքին միջամտութեան»:

Համբարեան կը զգուշացնէ օրէնսդիրները, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ճնշում կը գործադրէ Ամերիկայի նահանգային օրէնսդիրներուն վրայ, որպէսզի միանան քրիստոնեայ հայ դրացիներուն նկատմամբ իր զայրացած եւ հետզհետէ աւելի ու աւելի բռնի յարձակումներուն: Համբարեան կ՛անդրադառնայ Ալիեւներու ընտանիքին` նշելով, որ այժմու նախագահը քաղաքացիական ծառայութեան աշխատավարձի հաշուոյն դարձած է միլիոնատէր եւ անոր անձնական հարստութեան եւ կառավարութեան փտածութեան վերաբերեալ նշուած է «Սի.Էն.Պի.Սի.» ծրագիրին մէջ:

Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէնը դիտել կու տայ, որ Ազրպէյճանի նախագահը աշխարհին յայտնի է վերջերս հայ սպան կացինով սպաննած մարդուն ներում շնորհելու եւ զայն պարգեւատրելու գայթակղութեան համար: Ըստ Համբարեանի, այս ամօթալի գործողութիւնը կտրուկ կերպով դատապարտուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ: Համբարեան նաեւ կը գրէ, որ Ազրպէյճան ունի մարդկային իրաւունքներու ամէնէն վատ վարկանիշը, որ փաստագրուած է Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութեան` մարդկային իրաւունքներու զեկուցումներուն ժամանակ:

Համբարեան շեշտեց, որ «ամերիկացի քաղաքացիները պէտք չէ լռեն օտարերկրեայ ղեկավարներու միջամտութեան հարցին մէջ, մանաւանդ որ անոնք չեն յարգեր մեր իրաւունքները, ոչ ալ կը կիսեն մեր արժէքները, յատկապէս երբ անոնք կը փորձեն արտահանել իրենց անհանդուրժողականութիւնը «մեր ափերուն մէջ»:

Համբարեան նշեց, որ տարբեր ամերիկեան լրատուամիջոցներ, ինչպէս` «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ»-ը եւ «Փոլիթիքօ»-ն, գայթակղութեան մեղադրանքներ կը ներկայացնեն Ազրպէյճանին դէմ` Միացեալ Նահանգներու վրայ ազդեցութիւն ունենալու հարցին մէջ:

Հայ դատի յանձնախումբի պատասխանատուն օրէնսդիրներէն խնդրեց օտարերկրեայ բռնապետին թոյլ չտալ ընդդէմ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի ազատ ժողովուրդի ատելութեան արշաւին մէջ օգտագործել «առեւանգուած» օրէնսդրութիւնը:

«Ես կ՛առաջարկեմ, որ դուք Ալիեւին ըսէք. «Ամրացո՛ւր քու ժողովրդավարութիւնդ, մեր ժողովրդավարութեան միջամտելու փոխարէն», ընդգծեց Արամ Համբարեան:

 

Նախորդը

«Ակօս» Սպառնալիքներու Հարցով Դիմած Է Դատախազութեան

Յաջորդը

«Մենք Կրնայինք Խուսափիլ Միանձնեայ Որոշումէն» Ընդգծեց Աղուան Վարդանեան

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.