Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Համանախագահներն Ու Հայաստանը Կը Խօսին Լեզուով Մը, Իսկ Ազրպէյճան` Այլ Լեզուով» Յայտարարեց Կիրօ Մանոյեան

February 11, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կիրօ Մանոյեան
Կիրօ Մանոյեան

Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթի ներկայ վիճակը ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան կը բնութագրէ ծանր, քանի որ բանակցութիւններուն մէջ կողմերէն մէկը` Ազրպէյճան, չի ցանկար համաձայնիլ միջազգային հանրութեան, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին կողմէ առաջարկուող լուծման տարբերակին եւ կը փորձէ փոխել մօտեցումները:

Հետեւելով բանակցութիւններու ընթացքին` Կիրօ Մանոյեան այն տպաւորութիւնը ստացած է, որ կողմերը երկու տարբեր լեզուներով կը խօսին: Հայաստան եւ համանախագահող պետութիւնները լեզուով մը կը խօսին, իսկ Ազրպէյճան` այլ լեզուով: Ազրպէյճան որեւէ հարց իրեն նպաստաւոր պայմաններով եւ որոշ վերապահումներով կը պատկերացնէ:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու` վերջին այցելութիւնը շրջան Մանոյեան բնութագրեց անարդիւնաւէտ, քանի որ կարծես թէ կը խաթարուի հոլովոյթին շարունակականութիւնը:

Ըստ Մանոյեանի, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը պէտք է ինքզինք արդարացնէ` գտնէ նոր լուծումներ, ներկայացնէ նոր առաջարկներ: «Համանախագահներու այսօրուան մօտեցումը այն է, որ իրենք կեղծ հաւասարութիւն դրած են կողմերուն միջեւ եւ չեն ուզեր տեսնել ու ընդունիլ, որ հոլովոյթը խափանող մօտեցում կայ Ազրպէյճանի կողմէ: Գիտակցելով հանդերձ, որ յաղթելու յոյս չունի, Ազրպէյճան կը ձեռնարկէ այնպիսի քայլերու, որոնք կրնան յանգեցնել նոր պատերազմի», «Արմէնփրես»-ին յայտնեց Մանոյեան:

Ըստ անոր, համանախագահող պետութիւնները շարունակ կը հանդուրժեն Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը: Անոնք ո՛չ քայլերու կը ձեռնարկեն Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ, ո՛չ ալ անհրաժեշտ միջոցառումներ կ՛իրականացնեն` զսպելու Ազրպէյճանի ռազմատենչ յայտարարութիւններն ու քայլերը: «Ասիկա իրավիճակը վտանգաւոր կը դարձնէ: Որքան յետաձգուի խաղաղութեան ամրագրումը, այնքան ապակայունացման վտանգը կ՛աւելնայ: Լուծումը պէտք է բանակցութիւններու միջոցով իրականացուի: Ազրպէյճան պէտք է հասկնայ, որ իր սանձազերծած պատերազմին հետեւանքները պէտք է իր վրայ զգայ», ըսաւ Մանոյեան` նշելով նաեւ, որ համանախագահող պետութիւնները, Ազրպէյճանի հետ որոշակի ընդհանուր շահեր ունենալով, չեն ցանկար նեղացնել զայն, կը հանդուրժեն անհանդուրժելին եւ յայտարարուած սկզբունքներուն դէմ քայլեր կը կատարեն: «Այս ձեւով անոնք կը նպաստեն ոչ միայն սահմանին վրայ լարուածութեան ուժեղացման, այլեւ կը վտանգեն շրջանի կայունութիւնը: Անոնք ատիկա կը հասկնան, սակայն այլ կեցուածք կը դրսեւորեն», նկատել տուաւ Կ. Մանոյեան:

Միջազգային հանրութիւնը եւ մասնաւորաբար ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի պետութիւնները այլ երկիրներու մէջ տագնապի լուծման վերաբերեալ այլ պահուածք ունեցած են: Քոսովոյի, Աբխազիոյ կամ Հարաւային Օսեթիոյ պարագային միջազգային հանրութեան դիրքորոշումը այլ էր:

Քոսովոյի պարագային երկու տարին բաւական էր, որպէսզի Արեւմուտքը հասկնար` բանակցութիւնները յառաջընթաց չեն ունենար, կողմերը դիրքորոշում չեն փոխեր, եւ միջազգային համայնքը քայլերու ձեռնարկեց: Ռուսիան Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ հարցով նոյն մօտեցումը դրսեւորեց: Մինչդեռ Ղարաբաղի պարագային անոնք աշխուժօրէն կ՛աշխատին ճանաչման քաղաքականութեան դէմ:

Այս առնչութեամբ Մանոյեան կարծիք յայտնեց, որ, բանակցութիւններուն զուգահեռ, հայկական կողմը պէտք է երկու ճակատով աշխատի` բարեփոխէ ժողովրդագրական վիճակը եւ քայլերու ձեռնարկէ Արցախի միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ:

«Պարզ է, որ որեւէ պետութիւն պիտի չհամաձայնի ամբողջական ճանաչում տալ ընդմիշտ` հաշուի առնելով նաեւ այն հանգամանքը, որ համանախագահող երկիրները դէմ են, սակայն պէտք է նպաստենք, որ Արցախին պարտադրուող մեկուսացման իրավիճակը փոխուի, եւ Արցախը իբրեւ պետական միաւոր կարելիութիւն ունենայ կապ հաստատելու արտասահմանի ամենատարբեր միաւորներուն հետ», ըսաւ Կ. Մանոյեան:

Այս առնչութեամբ, 2013-էն սկսեալ ճանաչման հոլովոյթին զուգահեռ Մանոյեան առաջարկեց կեդրոնանալ յստակ գործակցութիւններու վրայ, որոնք, բացի որոշումներէն եւ յայտարարութիւններէն, նոր որակ պիտի բերեն ճանաչումներուն եւ նպաստեն Արցախի ու տուեալ պետութեան հասարակութեան միջեւ յարաբերութիւններու հաստատման, տնտեսական եւ այլ մարզերու մէջ համագործակցութեան:

 

Նախորդը

Պարտադիր Կուտակային Համակարգին Դէմ Բողոքը Հասաւ Մարզեր

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.