Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայ Ժողովուրդը Կը Մերժէ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպայի Դատարանին Որոշումը» Արամ Ա. Կաթողիկոս

February 8, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

H27A6968Ուրբաթ, 7 փետրուար 2014-ի առաւօտ վեհարանի իր գրասենեակին մէջ` ընդունելով Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Ռութ Ֆլինթը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ. «Հայ ժողովուրդը խստիւ կը մերժէ Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանի որոշումը` թուրք Տողու Փերինչեքի հարցին գծով: Արդարեւ, սխալ տուեալներու եւ միակողմանի մօտեցումներու վրայ հիմնուած այս որոշումը կրնայ իր ժխտական անդրադարձը ունենալ Հայոց ցեղասպանութեան գծով Եւրոպայի այլ երկիրներու մօտեցումներուն վրայ», շեշտեց վեհափառը միաժամանակ յայտնելով, որ «Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշումը ոչ միայն հարցականի տակ կ՛առնէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, այլ նաեւ` բոլոր ցեղասպանութիւններուն: Հետեւաբար, հայ ժողովուրդը կը զօրակցի Զուիցերիոյ պետական իշխանութեան, որ դիմէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի գերագոյն ատեանին` շրջելու որոշումը»:

Բաժնելով հայ ժողովուրդի արդար ընդվզումը` Զուիցերիոյ դեսպանը յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ ինք քաջատեղեակ է յիշեալ հարցէն, եւ թէ Զուիցերիոյ բոլոր դեսպանատուները արդէն իսկ սկսած են այս ուղղութեամբ բողոքներ ստանալ:

Յայտնենք, որ Արամ Ա. կաթողիկոս նաեւ կապ հաստատեց Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու խորհուրդի նախագահին հետ, որպէսզի անոնք եւս իրենց բողոքը յայտնեն Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշումին դէմ, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն` զուիցերիական իշխանութիւններուն` մերժելու յիշեալ որոշումը, դիմելով Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի գերագոյն ատեանին:

Նախորդը

Տողու Փերինչեքի Հարցով` Յունահայութիւնը Նամակ Յանձնեց Զուիցերիոյ Կառավարութեան

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.