Բախում` Խրիմի Խորհրդարանի Շէնքին Մօտ
Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ Խրիմի խորհրդարանի շէնքին մօտ Ուքրանիոյ նոր իշխանութիւններու քանի մը հարիւր հակառակորդներու եւ առնուազն երկու հազար թաթարներու միջեւ բախում տեղի ունեցած է: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ նոր իշխանութիւններուն հակառակորդները երեքշաբթի օրուընէ ի վեր Խրիմի խորհրդարանին մօտ անժամկէտ ցոյց կը կատարէին` Խրիմի ղեկավարութենէն պահանջելով չճանչնալ Ուքրանիոյ նոր իշխանութիւնները: «Պի.Պի.Սի.» հաղորդեց, որ թաթարները «փառք Ուքրանիոյ» բացագանչած են,...



















