Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատերազմ Էր Հաւատքի Եւ Հայրենեաց Փրկութեան… «Հաւատքի Պատերազմը» Երգախառն Թատրոնի Ներկայացում

February 24, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

vartanՎարդանանց հերոսամարտի յիշատակին, երէկ` կիրակի, 23 փետրուար 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրաց դասը հանրութեան ներկայացուց «Հաւատքի պատերազմը» երգախառն թատրոնը: Ձեռնարկը կը վայելէր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի հովանաւորութիւնն ու նախագահութիւնը եւ կազմակերպուած էր Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին կողմէ:

Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեցին Ներսէս Օհանեան` հայերէնով եւ Սոնա Գարաօղլանեան` արաբերէնով: Անոնք շեշտեցին, որ Վարդանանց ճակատամարտը յատուկ տեղ կը գրաւէ հայ ժողովուրդի պատմութեան էջերուն մէջ, որովհետեւ այդ ճակատամարտի ընդմէջէն կը տեսնենք, կը սորվինք եւ կը զգանք մեր պապերուն եւ հերոսներուն ամուր եւ վեհ կեցուածքը. անոնք չուզեցին գլուխ ծռել թշնամիի պահանջին առջեւ` ուրանալու իրենց հաւատքն ու հայրենասիրութիւնը, այլ` գլուխ ծռեցին Աստուծոյ ու իրենց հաւատքին առջեւ եւ որոշեցին երբեք չզիջիլ թշնամիին, այս պատճառով ալ կրցան յաղթել եւ պահել իրենց հաւատքը:

vartan4Մօտաւորապէս մէկուկէս ժամ տեւած թատերախաղը կը ներկայացնէր Վարդանանց պատերազմի նախօրեակին Հայաստանի մէջ տիրած մթնոլորտը, բոլորին պայքարը հաւատքի եւ հայրենիքի համար, եւ վերջապէս` պատերազմը եւ Վարդանի նահատակութիւնը: Թատրոնին յաւելեալ երանգ տուած էին մերթ ընդ մերթ մեկնաբանուած երգերը` ինչպէս` «մենք քաջ Վարդանի տոհմէն ենք», «Բամբ որոտան», «Լռեց», «Տէր ողորմեա» եւ այլն, ինչպէս նաեւ արտասանութիւնները, ինչպէս` «Խորհուրդ Վարդանանց», «Վարդանանց»:

Շահէ եպս. Փանոսեան
Շահէ եպս. Փանոսեան

Թատրոնի գեղարուեստական ղեկավարն էր Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դրապետ, «Աւետաբեր երգչախումբի ղեկավար Երուանդ Քէշիշեան, որ անգամ մը եւս իր շուրջ համախմբելով եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամները, կրցաւ հանդիսատեսի հոգիին մէջ թափանցել Վարդանանց հոգին եւ շունչը: Երեւոյթ մը, որ մեծապէս գնահատուեցաւ հանդիսատեսներուն կողմէ: Թատրոնին երգեհոնով կ՛ընկերանար Ճորճ Կրպոյեան:

Աւարտին խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան նկատել տուաւ, որ Վարդանանց յիշատակը կ՛ապրի ժողովուրդին մէջ եւ կը ներշնչէ, որովհետեւ անցնող բոլոր ժամանակներուն Վարդանանց պատերազմի հետքերով ընթացաւ մեր ժողովուրդը` աշխարհի վրայ պահելու համար իր գոյութիւնը: «Հաւատքի եւ հայրենիքի համար նուիրում է, նուիրաբերում է, պայքար է եւ դէպի յաղթանակ գնացք է մեր կեանքի ընթացքը», հաստատեց սրբազանը` աւելցնելով, որ անոնք, որոնք իրենց ինքնութեան, հայկականութեան եւ քրիստոնեայ ըլլալուն իրականութեան մէջ արժէք կը տեսնեն, կ՛անդրադառնան, որ այդ կը պարտինք Վարդանանց սերունդին: Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազանը բարձր գնահատեց տարուած աշխատանքը եւ բեմականացումը` շեշտելով, որ «առանց հայրենիքի եւ առանց քրիստոնէական հաւատքի չկայ հայութիւն»:

 

Նախորդը

Երջանկայիշատակ Հայրապետներու Եւ Սումկայիթի Զոհերու Հոգեհանգիստ` Անթիլիասի Մէջ

Յաջորդը

Անդրադարձ. Ուքրանիա Մասնատման Վտանգ Կը Դիմագրաւէ

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։