Գլխաւոր լուրեր

arthur_bassil

Արթիւր Նազարեան Պաշտօնապէս Ստանձնեց Ուժանիւթի Եւ Ջուրի Հարցերու Նախարարութիւնը

Նախարարներ Նազարեան եւ Պասիլ Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան մէջ երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ յանձնումի եւ ստանձնումի պաշտօնական արարողութիւնը` ներկայութեամբ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեանի եւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախկին նախարար (ներկայիս արտաքին գործոց նախարար) Ժըպրան Պասիլի, ինչպէս նաեւ նախարարութեան պաշտօնէութեան: Պաշտօնական արարողութեան ընթացքին Պասիլ յայտնեց, որ ինք մնայուն կերպով ներկայութիւն է նախարարութեան մէջ իր...

harout1_Mamlo-Lsaran1

Մամլոյ 90-րդ Լսարան. Դոկտ. Յարութիւն Արմէնեան Գիտականօրէն Ներկայացուց Հայ Եկեղեցիներու Տոմարներուն Մէջ Համաճարակներու Եւ Այրիութեան Մասին Տուեալները

Դոկտ. Արմէնեան սահիկներու միջոցով կը ներկայացնէ վիճակագրական տուեալները Ուրբաթ, 21 փետրուար 2014-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ 90-րդ լսարանը: Լսարանի բացումը կատարեց Էլօ Հերկելեան, որ անդրադառնալէ ետք նիւթին կարեւորութեան ներկայացուց դոկտ. Յարութիւն Արմէնեանի կենսագրականը եւ ապա զայն հրաւիրեց ներկայացնելու համար իր զեկուցումը` «Համաճարակներ եւ այրիութիւն հայ եկեղեցիներու տոմարներուն մէջ» նիւթով: Էլօ Հերկելեան...

tmril

Թմրամոլութեան Դէմ Պայքարի Շրջագիծին Մէջ. «Տայըրի Աֆ Է Հերոյին Էտիքթ- է Մատըրզ Ֆայթ» Վաւերագրական Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Գործակցութեամբ «Հորիզոն» թմրամոլութեան կանխարգիլման կեդրոնին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին, թմրամոլութեան դէմ պայքարի աշխատանքներու ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ, 21 փետրուարի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տայըրի աֆ է հերոյին էտիքթ - է մատըրզ ֆայթ» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը: Ներկայ էին մեծ թիւով երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ: Փաթրիսիա Խորշիտեան Լուիզա Պապոյեան-Ազեզեան եւ Թելօ Օհաննէսեան Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով բացման...

Armen-Rustamyan48

Ռուստամեան. «Չի Բացառուիր, Որ Կառավարութեան Անվստահութիւն Յայտնելու Հարցով Համաձայնութեան Չգանք»

Արմէն Ռուստամեան Խորհրդարանական ընդդիմութեան երկար ժամանակէ ի վեր կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու գծով համաձայնութեան չգալը շատ հարցեր կը յառաջացնէ, որոնցմէ մէկը այն է, որ շատ հաւանաբար Ազգային ժողովի չորս խմբակցութիւնները համաձայնութեան չգան եւ հոլովոյթը կեանքի չկոչուի: Լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան չբացառեց այդ տարբերակը` նշելով, որ ամէն ինչ ալ կարելի է, աւելի եւս, որ ուժերը նաեւ տարակարծութիւններ...

16.11.11

Հանդիպում` ՀՅԴ-ի Եւ Բրիտանիոյ Աշխատաւորական Խորհրդականներու Միջեւ

ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան հանդիպում ունեցաւ Միջխորհրդարանական միութեան մէջ Բրիտանական խմբակի կազմէն` Համայնքներու տան Աշխատաւորական կուսակցութեան անդամներ Սթիվըն Փաունտի եւ Մայք Կէյփսի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան, Արցախի հիմնահարցի լուծման, Հայաստան - Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի հակահայ...

12660775485-f

Լիբանանի Մէջ Գործող Բոլոր Հայկական Կառոյցներու Ներկայացուցիչներու Նիստ-Հանդիպում` 100-ամեակի Օրակարգով

Երէկ երեկոյեան Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ զեկուցական նիստ-հանդիպում մը` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինին հրաւէրով: Նիստին մասնակցեցան Լիբանանի մէջ գործող յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերը,  կուսակցութիւններու եւ միութիւններու պատասխանատուները, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ կրթական, մշակութային, սկաուտական, ուսանողական, երիտասարդական եւ հայրենակցական կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ...

IMG_1628

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Քարլոս Սայադեանի Անհատական Ցուցահանդէսի Հանդիսաւոր Բացում

Երէկ` հինգշաբթի, 20 փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ Շահէ Արա Երեւանեանի, ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, մեծ թիւով արուեստասէրներու եւ արուեստագէտներու  բազմութեան մը, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ հայրենի վաստակաւոր արուեստագէտ Քարլոս Սայադեանի ցուցահանդէսին: Բացման խօսքը արտասանեց ցուցասրահի վարչութեան անդամ...

Arcvik-Minasyan

«Եւրոպական Կողմին Համար Ալ Պարզ Դարձած Է Ազրպէյճանական Կողմին Ապակառուցողական Դիրքորոշումը» Ըսաւ Արծուիկ Մինասեան

Արծուիկ Մինասեան Եւրանեսթ խորհրդարանական վեհաժողովի հայաստանեան պատուիրակութեան անդամները բարձր կը գնահատեն հայկական պատուիրակութեան աշխատանքը: Նախանցեալ օր լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին պատուիրակութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ պատուիրակութիւնը կը ներկայանայ իբրեւ միասնական խումբ` նշելով, որ ատիկա պէտք է օրինակ դառնայ մնացեալ բոլոր պատուիրակութիւններուն համար: «Մենք իսկապէս արդիւնաւէտ աշխատանք տարինք այս վեհաժողովին ընթացքին, մեզ հետաքրքրող բազմաթիւ հարցեր բարձրացուցինք, ինչպէս նաեւ միասնական ջանքերով...

dahiye4

Զոյգ Պայթումներ Կը Ցնցեն Պիր Հասանը` Խախտելով Լիբանանի Ապահովական Համեմատական Հանդարտութիւնը

Մինչ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան առիթով շրջանային եւ միջազգային մակարդակով շնորհաւորութիւնները կը շարունակուէին, երէկ առաւօտեան ժամը 9:25-ին Պէյրութի հարաւային արուարձանները դարձեալ ցնցուեցան ականուած ինքնաշարժներու պայթումներով: Անձնասպանական գործողութեան հետեւանք եղող զոյգ պայթումները ցնցեցին Պիր Հասանը` պատճառելով 6 զոհ եւ 129 վիրաւոր, ինչպէս նաեւ նիւթական հսկայական վնասներ: Լիբանանեան բանակին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, զոյգ պայթումներուն համար օգտագործուած են երկու ինքնաշարժներ: Առաջինը «Պի. Էմ. Տապըլեու....

harout-f

Հովանաւորութեամբ Էլիաս Աունի Եւ Կազմակերպութեամբ «Նոազ Արք» Ցուցասրահին`. Ցուցահանդէս Եւ Գինեձօն` Դոկտ. Յարութիւն Արմէնեանի «Կեանքը Ջրաներկերու Հետ» Գեղարուեստական Գիրքին

Դոկտ. Յարութիւն Արմէնեան ներկաներուն կ՛ուղղէ իր խօսքը Երէկ, չորեքշաբթի, 19 փետրուար 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Զալքայի «Նոազ արք» արուեստի ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի` «Եու.Սի.Էլ.Էյ.»-ի հանրային առողջապահութեան բաժանմունքի փոխտնօրէն, արուեստագէտ, ակադեմական, սփիւռքահայ մտաւորական դոկտ. Յարութիւն Արմէնեանի «Կեանքը  ջրաներկերու հետ» («Լայֆ ուիտ ուոթըրքալըրզ») գեղարուեստական նկարազարդ գիրքին գինեձօնն ու արուեստագէտին գործերուն ցուցահանդէսը: Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ` Էլիաս Աունի հովանաւորութեամբ...

DSC00402

«Հայ Դատը Այսօր» Հաղորդաշար. Զուիցերիոյ Կողմէ Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանի Վճիռն Ու Բողոքարկման Կարելիութիւնը

Հարցազրոյցը վարեց` ԱՔԱՍԻԱ ՓՈԼԱՏԵԱՆ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին նախաձեռնութեամբ, փետրուարին «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանէն սկսաւ սփռուիլ «Հայ դատը այսօր» հաղորդաշարը, որուն նպատակն է հարցազրոյցներու ճամբով անդրադառնալ Հայ դատին առնչուող վերջին զարգացումներուն, այդ գծով տարուող աշխատանքներուն, Հայ դատի մարմիններու գործունէութեան եւ ազգային ժամանակակից պայքարին: Յայտագիրը «Վանայ ձայն»-էն կը սփռուի ամէն երեքշաբթի, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին: Նկատի ունենալով հարցազրոյցներուն ընթացքին քննարկուած նիւթերուն այժմէականութիւնն ու...

British-parliamentarians-

Բրիտանացի Խորհրդարանականներ Այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր

Բրիտանական խորհրդարանական պատուիրակութիւնը` Ծիծեռնակաբերդի մէջ Հայաստան այցելութեան շրջագիծին մէջ երէկ Միջխորհրդարանական միութեան Բրիտանական խմբակի ղեկավար Ճոն Ուիթինկտէյլն ու խմբակի անդամներ` Բրիտանիոյ խորհրդարանի լորտերու տան փոխնախագահներ պարոնուհի Կլորիա Հուփըր, լորտ Ռիչըրտ Ֆոլքնըր, Համայքներու տան անդամներ Սթիվըն Փաունտ եւ Մայք Կէյփս այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Բրիտանացի հիւրերը ծաղիկներ զետեղեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, լռութեամբ եւ խոնարհումով յարգեցին անմեղ զոհերու...

Raffi-Hovannisian-18.02-f

Րաֆֆի Յովհաննէսեան Պիտի Սկսի Պայքարի Նոր Շրջանի

Րաֆֆի Յովհաննէսեան Երէկ` ներկայացնելով իր տարեկան ուղերձը, Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար եւ Հայաստանի նախագահի նախկին թեկնածու Րաֆֆի Յովհաննէսեան դիտել տուած է, որ պայքարի նոր շրջանի պիտի սկսի: Ան յայտնած է, որ պիտի սկսի Հայաստանի ազատագրման համար պայքարը, եւ որ այս անգամ կարելի պիտի ըլլայ առաջադրուած նպատակին հասնիլ, որովհետեւ անցեալի սխալներէն կարելի է դասեր քաղել: Ընդդիմադիր Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավարը կոչ ուղղած է`...

2953_hq

Նախարար Նալբանդեան Այցելեց Իրաք

Նալբանդեան եւ Զեպարի` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նախանցեալ օր Պաղտատի մէջ հանդիպում ունեցաւ Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զեպարիի հետ: Հանդիպումէն ետք երկու նախարարներուն տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուց, թէ ի՛նչ հարցեր քննարկուած են բանակցութիւններու ընթացքին: «Մենք քննարկեցինք այցեգիրի դրութեան դիւրացման կարելիութիւնը` ոչ միայն դիւանագէտներուն, այլեւ սովորական քաղաքացիներուն համար: Հայաստանի...

76313241

Խմբագրական. Արցախեան Խորհուրդին Առանձնայատկութիւնը

Փետրուարեան խորհուրդները Վարդանանցէն սկսեալ, անցնելով ապստամբական իրադարձութիւնը հասնելու համար Սումկայիթ եւ Արցախեան ազատամարտ, պատմաքաղաքական ընդհանուր հիւսուածքի մը տարբեր բաժիններն են` ագուցուած իրարու  այս կամ այն պատմական տրամաբանութեան ուղիով: Բոլորն ալ լինելութեան, գոյատեւման եւ ազգի շարունակականութեան ապահովման երաշխիքներուն կառչած մնալու հաւաքական կամքի դրսեւորումներն են, տարողութեան յստակ տարբերութիւններով անշուշտ: Վարդանանց գաղափարախօսութիւնը կրօնին ու հաւատքին կառչած մնալու նոյն շարժառիթէն մեկնած էր. Արցախեան ազատամարտը...

Rusdamian

Ազգային Ժողովի Նախագահին Փոխանցուած Է Կազի Յանձնախումբի Ստեղծման ՀՅԴ-ի Նախագիծը

Արմէն Ռուստամեան «Ես փոխանցած եմ կազի հարցերով ժամանակաւոր յանձնախումբ ստեղծելու վերաբերեալ նախագիծը: Անոնք պիտի ուսումնասիրեն եւ քննարկեն», Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի մօտ կազի հարցերով ժամանակաւոր յանձնախումբ ստեղծելուն նուիրուած քննարկումէն ետք Panorama.am-ին յայտնեց Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: Ըստ անոր, այս հանգրուանին այլ հարցերու շուրջ քննարկում չէ եղած, պարզապէս Ազգային ժողովի քաղաքական մեծամասնութիւնը եւս իր նախագիծը ներկայացուցած է,...

100-Ամեակի Մարմինը Այցելեց Ներսէս-Պետրոս Ժթ. Պատրիարքին

Լիբանանահայ յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերուն տրուած զեկուցական այցելութիւններու շրջագիծին մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարան եւ տեսակցեցաւ Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին հետ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ պատրիարքութեան 100-ամեակի յանձնախումբի անդամներ «Նարեկացի» կեդրոնի տնօրէն եւ տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու հայր Վարդան Գազանճեան եւ Սարգիս Նաճարեան: Մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեան զեկուցեց մարմինին կողմէ համակարգուող եւ նախաձեռնուող ձեռնարկներու եւ աշխատանքային ծրագիրին...

af

ԱՖՀԻԼ-ի Հասոյթէն Տարեկան 50 Հազար Տոլար Կրթական Նպատակներու Պիտի Տրամադրուի

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ ներկայութեամբ լիբանանահայ դպրոցներու տնօրէնութեանց ու հայ 100 համալսարանականներու, երէկ` երկուշաբթի, 17 փետրուար 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ աշակերտական ֆոնտի 2013-2014 տարեշրջանի նպաստներու բաշխումը: Յակոբ Լատոյեան Կարօ Ամիտի Շահէ եպս. Փանոսեան Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն Յակոբ Լատոյեան: Ան ըսաւ, որ այսօր ԱՖՀԻԼ 6,000 անդամ ունի,...

serj15022014

Նախագահ Սարգսեան Սուր Մատնանշումներով Կ՛անդրադառնայ Հայաստանի Հարցերուն

Շաբաթ օր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Երկրապահ կամաւորականներու միութեան համագումարին ընթացքին պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին երկրին տնտեսութեան, պարտադիր կուտակային համակարգին, եւ այլ հարցերու: Ան ըսաւ, որ այս տարի տնտեսական աճի ցուցանիշը նախորդ տարուան համեմատ քիչ պիտի ըլլայ: Ըստ նախագահ Սարգսեանի, կը սպասուի մօտաւորապէս 3,5 առ հարիւր տնտեսական աճ, ինչ որ այլ երկիրներու համեմատ լաւ է, իսկ Հայաստանի...

Page 867 of 885 1 … 866 867 868 … 885