Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նալբանդեան Մասնակցեցաւ Միսաք Մանուշեանի Խումբին Նուիրուած Արարողութեան

February 22, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Nalbandian_ceremony-dedicated-to-French-Resistance-and-Misak-Manoushyan's-groupԵրէկ Փարիզի արուարձանին մէջ գտնուող ֆրանսական Դիմադրութեան շարժման Մոն Վալերիեն յուշահամալիրին մէջ, նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ յիշատակի արարողութիւն` նուիրուած Միսաք Մանուշեանի խումբի անդամներուն նացիներուն կողմէ գնդակահարման 70-րդ տարելիցին:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ ծաղկեպսակ զետեղեց յուշահամալիրին վրայ եւ հանդէս եկաւ ելոյթով: Արարողութեան մասնակցեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ ծաղկեպսակ զետեղեց Հայաստանի Հանրապետութեան անունով:

Արարողութեան ընթացքին կարդացուեցաւ Միսաք Մանուշեանի կեանքի վերջին ժամերուն գրուած նամակը` ուղղուած իր կնոջ` Մելինէին.

«Քանի մը ժամ ետք ես այլեւս այս աշխարհին մէջ պիտի չգտնուիմ. զիս պիտի գնդակահարեն կէսօրէ ետք: Երանի անոնց, որոնք կը փրկուին եւ կը վայելեն ազատութեան քաղցրութիւնը եւ վաղուան խաղաղութիւնը: Ես վստահ եմ, որ ֆրանսացի ժողովուրդը եւ ազատութեան համար բոլոր պայքարողները արժանապատուօրէն կը պահեն մեր յիշատակը: Եթէ կարելի ըլլայ, իմ յիշողութիւններս փոխանցէ՛ Հայաստանի մէջ գտնուող իմ հարազատներուս», գրած է Միսաք Մանուշեան կեանքի վերջին պահերուն իր կնոջ:

Hollande_ceremony-dedicated-to-French-Resistance-and-Misak-Manoushyan's-groupԻր խօսքին մէջ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա  Հոլլանտ նշեց, որ Մանուշեան Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած այն հայերէն է, որ հաստատուեցաւ Ֆրանսայի մէջ եւ անդամագրուեցաւ անոր ազատագրման պայքարին: Նախագահը շեշտեց, որ Մանուշեան միակ հայը չէ, որ իր կեանքը զոհեց Ֆրանսայի ազատութեան համար:

Ձեռնարկին ներկայ էին Ֆրանսայի կառավարութեան, Ծերակոյտի եւ Ազգային ժողովի անդամներ, քաղաքական ու հասարակական գործիչներ, աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Նախագահեց Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրի Մշակման Նիստին

Յաջորդը

Ներկայացում Հայաստանի` Մաքսային Միութեան Անդամակցութեան Առնչութեամբ Իրականացուած Աշխատանքներուն

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։