Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ականուած Ինքնաշարժի Մը Պայթումը Ուժգնօրէն Ցնցեց Բանակային Դիրք Մը` Հերմելի Մէջ

February 24, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Media1Նորակազմ կառավարութեան առաջին քանի մը օրերուն երկրորդ անգամ ըլլալով` Պիր Հասանի պայթումէն ետք շաբաթավերջին ուժգին պայթում մը ցնցեց Հերմելի շրջանը, երբ աւելի քան 125 քկ պայթուցիկ նիւթ կրող ինքնաշարժ մը պայթեցաւ բանակային դիրքի մը մօտ:

Արդարեւ, «Կրանտ Շերոքի» տիպի սեւ ճիփ ինքնաշարժի մը վարորդը շաբաթ, 22 փետրուարի երեկոյեան փորձեց «անցնիլ» լիբանանեան բանակի մէկ անցարգելէն: Սակայն զգալով, որ քողազերծուած ու կասկածի տակ է դիրքի բանակային տարրերուն կողմէ, դիմեց անձնասպանութեան` բռնկեցնելով իր վարած ինքնաշարժն ու դիրքին մօտ գտնուողները: Ահաբեկչական այս գործողութիւնը, որուն զոհ գացին բանակային սպայ` քափիթեն Էլիաս Խուրի, ներքին ապահովութեան ուժերու զինուորական Համզէ Ֆէյթրունի եւ Մոհամետ Այուպ անունով քաղաքային մը` 15 վիրաւորներու կողքին, նախապէս իմացուած էր բանակային պատկան կողմերէն ու այդ իսկ պատճառով ականահարուած դիրքը հաստատուած էր վերջին քանի մը օրերուն: Քայլ մը, որ զոհերու թիւը նուազագոյնի իջեցուց, երբ պայթումէն կէս ժամ առաջ դէպքին մասին տեղեկացած սպան կասկածելի վարորդէն պահանջեց դուրս գալ ինքնաշարժէն` առ ի քննութիւն:

Նմանապէս, ապահովական պատկան կողմեր տեղեակ էին, թէ ականուած 4 ինքնաշարժներ Լիբանան մուտք գործած են վերջերս, առ այդ` ապահովական միջոցառումները խստացուած էին: Աւելի ուշ, Ժապհաթ Նուսրայի Լիբանանի ճիւղը ստանձնեց ահաբեկչական այս արարքին պատասխանատուութիւնը:

Դատապարտումի Լայն Ալիք

Ահաբեկչական այս արարքը դատապարտումի լայն ալիք բարձրացուց տեղական, շրջանային թէ միջազգային մակարդակներու վրայ:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման փութաց կապի մէջ մտնել ապահովական պատկան կողմերուն հետ` դատապարտելով պայթումը եւ իր ցաւակցութիւնները փոխանցելով բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիին եւ զոհերու ընտանեկան պարագաներուն:

«Բանակը ահաբեկիչներուն գլխաւոր թիրախն է եւ անիկա սուղ կը վճարէ Լիբանանի կայունութեան ու անդորրութեան պահպանման գինը», ընդգծեց նախագահ Սլէյման` բարձր գնահատելով բանակայիններու զոհաբերումը ի խնդիր երկրին պաշտպանութեան: Ան կոչ ուղղեց ամրապնդելու Լիբանանի եւ լիբանանցիներու ապահովութիւնը երաշխաւորելու լիբանանեան բանակին վճռակամութիւնը:

Բանակը հաղորդագրութեամբ մը մանրամասնեց ահաբեկչական արարքը` թուելով զոհերու անուններն ու կենսագրական գիծերը:

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք դատապարտեց դէպքը` ընդգծելով, որ անիկա կը միտի հարուածել բանակը, ինչ որ կ՛առաջադրէ բոլոր կողմերու ճիգերուն միացումը` ահաբեկչութեան դիմագրաւման համար:

Մաշնուք այս գծով ապահովական ուժերէն պահանջեց փակել լիբանանեւսուրիական սահմանային ապօրինի անցքերը:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա դատապարտեց դէպքը` նշելով, որ անիկա կը միտի հարուածել պետութեան ողնասիւնը` բանակը:

Պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել դատապարտեց արարքը` խոր ցաւ յայտնելով ինկած զոհերուն համար: «Ոչինչ պիտի արգելակէ բանակի վճռակամութիւնը` շարունակելու իր խիզախ պայքարը ահաբեկչութեան դէմ», ընդգծեց Մուքպել:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի իր կարգին դատապարտեց ահաբեկչական արարքը, «որ կը միտի խախտել բանակին նկատմամբ լիբանանցիներու վստահութիւնը»:

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի քարտուղար երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան դատապարտեց դէպքը` առաջարկելով, որ այս կառավարութեան կարգախօսը ըլլայ ապահովութիւն եւ լիբանանեան բանակ:

Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի դատապարտեց ահաբեկչական արարքը` շեշտելով համերաշխութեան ու քաղաքական համախոհութեան անհրաժեշտութիւնը: Թրիփոլիի յոյն-ուղղափառ առաջնորդ Իֆրամ Քիրիաքոսի շնորհաւորական այցելութիւնը ընդունելով` Ռիֆի Թրիփոլիի իր բնակարանէն յայտարարեց. «Կը թեւակոխենք նոր շրջան մը, որ տարբեր պիտի ըլլայ անցնող շրջանէն»: Այս առիթով ան կոչ ուղղեց աւելի եւս խստացնելու ապահովական միջոցառումները:

Պէյրութի մօտ ամերիկեան դեսպանատունը հաղորդագրութեամբ մը դատապարտեց դէպքը` ընդգծելով, որ լիբանանեան բանակին նկատմամբ ամերիկեան զօրակցութիւնը պիտի շարունակուի:

Միւս կողմէ, տեղական թէ արտաքին աղբիւրներ մտավախութիւն յայտնեցին, որ բանակը շարունակէ թիրախ դառնալ ահաբեկչական նման արարքներու: «Նահար» օրաթերթը, որ անդրադարձաւ այդ մտավախութիւններուն, քաղաքական նոյն աղբիւրներուն վերագրելով իր տողերը կոչ ուղղեց խստագոյն զգուշութեան` նկատի ունենալով լիբանանեան բանակին դէմ շղթայազերծուած ահաբեկչական արարքները անցնող տասնամեակին:

Կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապ դատապարտեց ահաբեկչական արարքը` շեշտելով, որ ծայրայեղ ահաբեկչական խմբակներ իրենց զիրենք «վնասուած» զգացին բանակի իրագործումներով ու զայն յարձակումի թիրախ դարձուցին:

Աքքարի մէջ Ժամաա Իսլամիան երէկ դատապարտեց Հերմելի դէպքը եւ ապահովական տարրերու դէմ գործուած ահաբեկչական արարքը` կոչ ուղղելով միջլիբանանեան ներքին համերաշխութեան:

Նոյն ծիրին մէջ, Աքքարի Պենին աւանին մէջ կազմակերպուեցաւ բանակի զօրակցութեան ժողովրդային հաւաք մը, ուր լիբանանեան բանակին նկատմամբ զօրակցութեան խօսքերով ելոյթ ունեցան շրջանի զանազան կողմերու ներկայացուցիչներ:

Հըզպալլա հաղորդագրութեամբ մը դատապարտեց Հերմելի ահաբեկչական պայթումը` կոչ ուղղելով խուսափելու նման ահաբեկչական արարքներու արդարացումէն եւ յաւակնելէ, թէ անոնք հակազդեցութիւն են այլ քայլերու, ինչ ալ ըլլան այդ քայլերը:

Նախորդը

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Նախարարները` Ֆրենժիէի Մօտ

Յաջորդը

Ուրուկուէյի Հայերը Կը Փորձեն Կեանքի Կոչել Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանի Կառուցումը

RelatedPosts

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը

November 28, 2026
9 Նորագիրներ Միացան ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերուն
Գաղութային

47 Նորագիրներ Միացան Դաշնակցութեան Շարքերուն` Կոչուելով «Արարատ»-ի Սերունդ

November 28, 2026
Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր  Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը  Լիպիա Տեղափոխելու»
Գլխաւոր լուրեր

Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը Լիպիա Տեղափոխելու»

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։