Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սոչիի Մէջ Հանդիպում` Վարչապետներ Սարգսեանի Եւ Մետվետեւի Միջեւ

February 25, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սարգսեան եւ Մետվետեւ
Սարգսեան եւ Մետվետեւ

Աշխատանքային այցելութեամբ Սոչի գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ:

Սարգսեան Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ հայ ժողովուրդին անունով նախ շնորհաւորեց ռուս գործընկերը` Սոչիի մէջ ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը բարձր մակարդակով կայացնելու եւ ռուս մարզիկներու արձանագրած յաջողութիւններուն ու պատմական մրցանիշ հաստատելու առիթով:

Ռուսիոյ վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Սարգսեանին Ողիմպիական խաղերու փակման հանդիսութեան ներկայ գտնուելուն համար` նշելով, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայ էր բացման հանդիսութեան: Ըստ Մետվետեւի, ասիկա Հայաստանի եւ Ռուսիոյ բարեկամութեան եւ գործընկերութեան խորհրդանիշ է: Ռուսիոյ վարչապետը նշեց, որ այսպիսի աշխատանքային հանդիպման ընթացքին կարելիութիւն կը ստեղծուի անդրադառնալու ռուս-հայկական համագործակցութեան, դիտարկելու, թէ ինչպէ՛ս կ՛ընթանան աշխատանքները Հայաստանի` Մաքսային միութեան անդամակցելու, ինչպէս նաեւ երկկողմանի առեւտրաշրջանառութեան հետագայ զարգացման ուղղութեամբ:

Պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, երկու երկիրներու վարչապետները քննարկեցին հայ-ռուսական ռազմավարական յարաբերութիւններուն առնչուող օրակարգային տարբեր հարցեր, որոնք կը վերաբերին առեւտրական-տնտեսական եւ ներդրումային մարզերուն մէջ երկկողմանի համագործակցութեան, ներառեալ` ուժանիւթի, արդիւնաբերութեան եւ ենթակառոյցներու մարզերուն միացեալ ծրագիրներ:

Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան նշեց, որ ռուսական ընկերութիւնները կարեւոր դեր կը խաղան Հայաստանի տնտեսութեան մէջ եւ այնտեղ կը գործեն հազարէ աւելի ռուսական դրամագլուխով ընկերութիւններ: Ան յայտնեց, որ ներդրումներու ծաւալով Ռուսիա առաջին դիրքը կը գրաւէ Հայաստանի մէջ եւ յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային եւս այդ ներդրումները շարունակուին Հայաստանի տարբեր մարզերուն մէջ:

Երկու վարչապետները գոհունակութիւն յայտնեցին երկկողմանի առեւտրաշրջանառութեան աճող ծաւալներու մակարդակին գծով եւ վստահութիւն յայտնեցին, որ ատիկա պիտի շարունակէ նոր թափ ստանալ Հայաստանի` Մաքսային միութեան եւ Միասնական տնտեսական տարածքին միանալէն ետք:

Սարգսեան եւ Մետվետեւ բարձր գնահատեցին Հայաստանի կողմէ Մաքսային միութեան անդամակցութեան ճամբու քարտէսով նախատեսուած ծրագիրներու իրականացման հոլովոյթը: Ռուսիոյ վարչապետը նշեց, որ եւրասիական համարկման հոլովոյթներուն Հայաստանի անդամակցութիւնը նոր թափ պիտի հաղորդէ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական մարզին մէջ գործակցութեան զարգացման ու ամրապնդման:

Այդ ծիրին մէջ վարչապետները քննարկեցին հայկական հիւլէական կայանի գործով ուժանիւթի արտադրամասի արդիականացման եւ շահագործման ժամկէտի երկարաձգման աշխատանքներուն, անոր անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման եւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող բազմաթիւ հարցեր, որոնք կը վերաբերին արդիւնաբերական եւ մարդկային համագործակցութեան:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետը

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Խորհրդարանի Փոխնախագահը Մինսքի Խմբակը «Մեռած» Նկատած Է

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.