Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութիւնը Ընդունեց Բանաձեւ` Ընդդէմ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի Վճիռին
28 փետրուարէն 2 մարտ Դանիոյ մայրաքաղաք Քոփենհակընի մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան Համաշխարհային համագումարը: Համագումարին կը մասնակցէին աւելի քան 150 պատգամաւորներ: Յայտնենք, որ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութիւնը Ընկերվար միջազգայնականի ուղեկից միութիւն է: Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան կ՛անդամակցին 143 ընկերվարական, ընկերվար-ժողովրդավարական, աշխատաւորական եւ ուսանողական միութիւններ` 100 երկիրներէ: Համագումարը կազմակերպութեան բարձրագոյն ժողովն է, որ տեղի կ՛ունենայ երկու տարին մէկ անգամ,...



















