Յակոբեան. «Հակառակորդը Պիտի Ստանայ Արժանի Պատասխանը»
Մովսէս Յակոբեան «Հակառակորդին կողմէ հետախուզական խումբերու ներթափանցման փորձերն ու բացարձակ նախայարձակումը այս տարի բաւական աճած են: Անոնց պատճառով ունեցած ենք կորուստներ», երէկ Վանաձորի մէջ պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին ըսաւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան: Նախարարը Վանաձոր եկած էր շնորհակալութիւն յայտնելու բանակի 104 լաւագոյն լոռեցի զինուորներու ծնողներուն, միաժամանակ յուշամետալներով ու պատուոյ գիրերով պարգեւատրեց ղարաբաղեան պատերազմի շարք մը ազատամարտիկներ: Անդրադառնալով...


















