Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անձնասպանական Գործողութիւն Մը Կը Հարուածէ Տահր Էլ Պայտարի Ներքին Ապահովութեան Ուժերուն Անցարգելը

June 21, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

2006daher-baydrՈւժգին պայթում մը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին թիրախ դարձուց Տահր էլ Պայտարի ներքին ապահովութեան ուժերուն անցարգելը:

Պայթումը հետեւանք էր անձնասպանական գործողութեան եւ պատճառած էր զոհ մը` Աւագ ենթասպայ Մահմուտ Մոհամետ Ժամալէտտին եւ 34 վիրաւոր, որոնցմէ վեցը` զինուորականներ, ինչպէս նաեւ նիւթական վնասներ հասցուցած 7 այլ ինքնաշարժներու:

Ահաբեկչական գործողութեան համար օգտագործուած էր «Նիսան Միւրանօ» տիպի արծաթագոյն ինքնաշարժ մը, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօր. Ապպաս Իպրահիմի շքախումբէն միայն հարիւր մեթր անդին կը գտնուէր:

2006abbas_ibrahimՀազարապետ-զօր. Ապպաս Իպրահիմ իր շքախումբով Պէյրութէն կ՛ուղղուէր Պեքաա, ապահովական բնոյթի այցելութեամբ մը, երբ անոր շքախումբը «Նիսան Միւրանօ» տիպի արծաթագոյն ինքնաշարժէ մը կասկածած էր եւ արտօնած, որ ան շտապէ շքախումբէն առաջ: Շքախումբին քանի մը վայրկեան ուշացումին պատճառով ահաբեկիչը ինքզինք պայթեցուցած էր արդէն, իսկ Ապպաս Իպրահիմ փրկուած էր մահափորձէն եւ անոր շքախումբը անվնաս դուրս եկած:

Նշենք, որ իսրայէլեան քաղաքացիութիւն կրող (ծագումով լիբանանցի) Ժուլի Ապու Աարաժ, որ իսրայէլեան պատկերասփիւռի «24» կայանի լրագրողներէն է, յայտնած է, թէ իսրայէլեան Մոսատէն ստացած է տեղեկութիւններ, թէ «Ապտալլա Ազզամ» փաղանգներ անուան տակ գործող ահաբեկչական խմբաւորումները կը ծրագրեն ապահովական բարձրաստիճան պատասխանատու մը պայթումի թիրախ դարձնել` աւելցնելով, որ այդ անձնաւորութիւնն է Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ:

Երեկոյեան ժամը 10:30-ին «Ահրար Սուննա-Պաալպեք» փաղանգը ստանձնեց անձնասպանական գործողութեան պատասխանատուութիւնը` նշելով, որ այն թիրախը, որուն կարելի չեղաւ երէկ հասնիլ, ապագային կարելի է հասնիլ:

Միւս կողմէ, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօր. Իպրահիմ Պասպուս ուղղուեցաւ դէպքին վայրը, ուր հաստատեց, որ օրական 24 ժամ անդադար ներքին ապահովութեան ուժերը կը գործեն բանակին հետ` հակակշիռի տակ առնելու համար ապահովական կացութիւնը:

Պասպուս հաստատեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու անցարգելը տեղեակ էր, թէ կասկածելի ինքնաշարժ մը պիտի հասնի իրենց մօտ, եւ համապատասխան ապահովական միջոցառումներուն դիմած էր, սակայն անձնասպանական գործողութեան հեղինակը ահաբեկչական արարքը գործած էր անցարգելին հասած պահուն:

Պասպուս յայտնեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերը երէկ լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ ապահովական գործողութիւններ կատարած էին:

759212586_ImageԱյս շրջագիծին մէջ անհրաժեշտ է նշել նաեւ, որ երէկ առաւօտեան ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը Համրայի մէջ դիմեց ապահովական արտակարգ խիստ միջոցառումներու, որոնց ծիրին մէջ ան ներխուժեց «Նափոլէոն» եւ «Քազա Տոր» պանդոկները, ուր կատարեց ձերբակալութիւններ:

Տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ապահովական յստակ տեղեկութիւններու հիման վրայ ձերբակալեց տասնեակներով զբօսաշրջիկներ, որոնցմէ 17-ն կը պատկանին ահաբեկչական ցանցի մը եւ կը կազմեն բջիջ մը` Լիբանանի մէջ հիւանդանոցներ, մշակութային եւ դիւանագիտական կեդրոններ պայթումներու թիրախ դարձնելու եւ քաղաքական սպանութիւններ կատարելու նպատակով:

Ներքին ապահովութեան ուժերուն համաձայն, ձերբակալեալ յանցագործները ունին ոչ լիբանանեան ինքնութիւն:

Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր ուղղուեցաւ պայթումին վայրը: Ան հաստատեց, որ ականը 30 քկ պայթուցիկ նիւթ կշռած է:

Սաքըր յայտնեց, որ պայթումին մասին հետաքննութիւն բացուած է եւ ճամբան փակուած է, իսկ քրէական ոստիկանութեան փաստահաւաքները իրենց աշխատանքը կը կատարեն` բացայայտելու համար պայթումին ծալքերը:

Երեկոյեան ժամը 8:15-ին Տահր Էլ Պայտարի ճամբան երկու ուղղութեամբ վերաբացուեցաւ:

Երեկոյեան վարչապետ Թամմամ Սալամ նախագահեց ապահովական նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել,  ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօր. Ապպաս Իպրահիմ, Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօր. Ժորժ Քարաա, ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօր. Իպրահիմ Պասպուս, բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն Էտմոն Ֆատել, ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօր. Իմատ Օսման եւ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօր. Մոհամետ Խէյր:

Նիստէն ետք հազարապետ-զօր. Մոհամետ Խէյր յայտնեց, որ նիստին ընթացքին քննարկուած են ապահովական իրադարձութիւնները եւ ապահովական կառոյցներուն պետերը վարչապետին փոխանցած են Տահր Էլ Պայտարի պայթումին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Խէյր աւելցուց, որ նիստին ընթացքին ներկայացուած են նաեւ Լիբանանի մէջ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները եւ զանոնք արտակարգ կերպով պահելու ու ապահովական ծրագիրներուն գործադրութիւնը շարունակելու անհրաժեշտութիւնը:

Խէյր հաստատեց, որ վարչապետ Սալամ նիստին ընթացքին շեշտեց երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը եւ ողջունեց որդեգրուած ապահովական միջոցառումները:

Վարչապետ Սալամ նշեց, որ երէկուան պայթումը պէտք է ըլլայ ազդակ մը` միասնականանալու եւ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքները աշխուժացնելու ու հայրենիքը ամրապնդելու:

Իր կարգին, Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ Տահր Էլ Պայտարի պայթումը Լիբանանի ապահովութեան դէմ յարձակում է, եւ հետաքննութիւնը պիտի փաստէ, թէ ո՛վ է այդ պայթումին թիրախը:

Ան շեշտեց, որ ապահովական կառոյցներուն միջեւ ամբողջական գործակցութիւն կայ:

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շեշտեց, որ հասած են տեղեկութիւններ, թէ Լիբանան մուտք գործած են ականուած ինքնաշարժներ. ան աւելցուց, որ պայթած ինքնաշարժը կը հետապնդուէր եւ ան ձախողած էր իր նպատակին հասնելու:

Բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի յայտնեց, որ ապահովութեան ուժերը իրենց պարտականութիւնները կը կատարեն եւ պէտք եղած ապահովական միջոցառումները կ՛որդեգրեն: Ան ըսաւ, որ բաղդատած շրջանի երկիրներուն, Լիբանան դրախտի մէջ կ՛ապրի:

Նախկին վարչապետներ Նեժիպ Միքաթի, Ֆուատ Սինիորա եւ Սաատ Հարիրի խստիւ դատապարտեցին պայթումը` ողջունելով ապահովութեան ուժերուն ջանքերը:

Հըզպալլա խստիւ դատապարտեց Տահր էլ Պայտարի պայթումը եւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն միասնականանալու:

Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի եւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի իրենց կարգին դատապարտեցին ահաբեկչական այս արարքը եւ ողջունեցին Լիբանանի ապահովութեան ուժերուն ու բանակին կողմէ ահաբեկչութեան դէմ տարուած պայքարը:

 

Նախորդը

Պայթելու Պատրաստ Չորս Ականուած Ինքնաշարժներ

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Յանձնախումբը Վերահաստատած Է Արցախին Եւ Հայաստանին Ելեւմտական Աջակցութիւն Ցուցաբերելու Պատրաստակամութիւնը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.