Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Համապարփակ Հարցազրոյց Կու Տայ Հանրային Պատկերասփիւռի Կայանին

June 19, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6963_bՆախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր ուշ երեկոյեան հարցազրոյց մը տուաւ Հանրային պատկերասփիւռի կայանին: Մօտ 40 վայրկեան տեւած զրոյցին ընթացքին նախագահը պատասխանեց շարք մը հարցումներու` Եւրասիական միութեան մէջ Հայաստանի ապագային, երկրին ապահովութեան հարցերուն եւ ընդդիմութեան պահանջներուն վերաբերեալ:

Նախագահ Սարգսեան հաստատեց, որ Հայաստան պիտի մասնակցի Մաքսային միութեան այն սահմաններով, ինչպէս որ անդամակցած է միւս բոլոր միջազգային կառոյցներուն: Հանրապետութեան նախագահը յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը առանձնայատուկ յարաբերութիւններ ունի Լեռնային Ղարաբաղի հետ եւ սխալ է, ըստ նախագահին, կասկածի տակ առնել այն հանգամանքը, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը անկախ պետութիւն է: Ան ընգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղը ունի իր յստակ սահմանները: «Այո, որոշակի եւ շատ յստակ նկատառումներէ մեկնելով` մենք չենք ճանչցած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը», յայտնեց նախագահ Սարգսեան: Նախագահը աւելցուց, որ օգտուելով այս առիթէն` իր քննադատներէն կը խնդրէ չպաշտպանել Լեռնային Ղարաբաղը իրմէ, որովհետեւ ատիկա, ըստ անոր, վիրաւորական եւ անհեթեթ է:

Սերժ Սարգսեան նաեւ վստահեցուց, որ Ասթանայի մէջ Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի յայտարարութենէն անակնկալի չէ եկած, եւ հայկական 10 հոգինոց պատուիրակութիւնը նախօրօք իմացած է Ազրպէյճանի նախագահի նամակին մասին: «Դիւանագիտութիւնը տղայութիւն ընելու տեղ չէ, յայտնեց Հայաստանի նախագահը` հակադարձելով այն քննադատներուն, որոնք քննադատեցին զինք չպատասխանելուն համար: «Եւ երբ ես կ՛ըսէի` իրապէս տհաճ էր, ոչ թէ բովանդակային առումով կ՛ըսէի տհաճ էր, այլ տհաճ էր, որ Մաքսային միութեան անդամ երկրներէն մէկուն նախագահը յղում կը կատարէր Ազրպէյճանի նախագահի նամակին: Միայն այսքանը»,  շեշտեց Սարգսեան:

Խօսելով ղարաբաղեան տագնապին մասին` նախագահը նշեց, որ սահմանին յաճախակի դարձած զինադադարի խախտման դէպքերը ոչ թէ հակառակորդի նոր մարտավարութիւն են, այլ ընդամէնը երկար տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունեցող հոլովոյթներու զարգացումը: Սարգսեան շեշտեց, որ հակառակորդը հայկական սահմաններու երկայնքով լարուածութիւնը չի թուլացներ, որովհետեւ այդ ձեւով աշխարհին կ՛ուզէ ցոյց տալ, որ պատերազմը չէ աւարտած եւ եթէ բանակցային հոլովոյթին մէջ յաջողութիւններ չունենան, ապա անխուսափելի է զինուորական գործողութիւններու վերսկսումը:

«Հայաստանի համար առաջնահերթութիւնը ապահովութեան խնդիրներն են, եւ մենք ջանասիրութեամբ կ՛աւելցնենք մեր սպառազինութիւնները, ձեռք կը բերենք նոր տեսակներ եւ կը կատարելագործենք նախկինը, եւ կարիքը չունինք անոնց ցուցադրման: Մենք ոչինչ կը խնայենք` ունենալու այն, ինչ որ անհրաժեշտ է սահմանները անառիկ պահելու, անվտանգութիւնը ապահովելու համար»,  յայտարարեց նախագահ Սերժ Սարգսեան:

«20 տարի տեւող բանակցութիւններուն արդիւնքը հակառակ կողմին հետ 20 տարի տեւող խաղաղութիւնն է, թէեւ, այո, վատ, փխրուն խաղաղութիւն է, ու բանակցութիւնները դանդաղ կ՛ընթանան: Իսկ պատճառը այն է, որ մենք եւ Ազրպէյճան տարբեր ձեւով  կը մեկնաբանենք այն սկզբունքները, որոնք համանախագահներուն կողմէ առաջարկուած են իբրեւ խնդիրի լուծման հիմք», ըսաւ Հայաստանի նախագահը` շարունակելով. «Մենք եւ համանախագահները այդ լուծումները կը պատկերացնենք ու կը մեկնաբանենք նոյն ձեւով, Ազրպէյճան այլ բան կը հասկնայ, եւ այս տարակարծութիւնը, պատահական չէ, որ ամէն անգամ հասնելով փուլի` մը Ազրպէյճան նոր առաջարկներ կը ներկայացնէ, որ խոչընդոտող հանգամանք է: Մենք նոյն ձեւով պէտք է հասկնանք միջազգայնօրէն ստեղծուած սկզբունքները»:

Անդրադառնալով ընդդիմութեան 12 պահանջներուն վերաբերող հարցումին` Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ ծանօթացած է անոնց ու կարծիքներու բախումն ալ օգտակար կը նկատէ: Միաժամանակ, ան աւելցուց, որ պահանջները կազմողները թոյլ տուած են «լեզուաշարադրական բացթողումներու, որովհետեւ եթէ նպատակը համագործակցութիւնն է, ապա այդպիսի փաստաթուղթէն պէտք է բացառել «կը պահանջենք », «կը պարտադրենք բառերը»:

«Այն հարցերը, որոնք ներառուած են մեր նախընտրական ծրագիրներուն մէջ, պէտք է արագ առաջ տանիլ, մեր ընդդիմադիրներուն յայտնենք, թէ այս ուղղութիւններուն մէջ  մինչեւ ուր պիտի շարժինք: Երկրորդ` այն հարցերը, որոնք առնչութիւն ունին սահմանադրական բարեփոխումներուն հետ, անպայման պէտք է քննարկուին` հեղինակներու հետ միասին եւ գան ընդհանուր յայտարարի: Եւ երրորդ` այն հարցերը, որոնք, մեր կարծիքով, իրատեսական չեն, ապա անպայման պէտք է բացատրել մեր ընդդիմախօսներուն, թէ ինչո՛ւ իրատեսական չեն եւ ի՛նչ հետեւանքներու կրնան բերել, եթէ մենք խնդիրները լուծենք այդ ձեւով, ինչ ձեւով որ իրենք կ՛առաջարկեն», ըսաւ Հայաստանի նախագահը:

«Նորէն կրկնեմ եւ ես համոզուած եմ, որ կարծիքներու այս բախումին իբրեւ արդիւնք մենք պիտի ունենանք շատ լաւ որոշումներ», յայտարարեց Սերժ Սարգսեան:

Նախորդը

«Եթէ Նազարպայեւ Կարդաց Ալիեւի Նամակը, Մենք Ալ Պէտք Է Կարդայինք Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեանի Նամակը» Ընդգծեց Արմէն Ռուստամեան

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Մայք Դանիէլեան Հանդէս Պիտի Գայ Գերմանիոյ Մէջ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.