«Եթէ Նազարպայեւ Կարդաց Ալիեւի Նամակը, Մենք Ալ Պէտք Է Կարդայինք Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեանի Նամակը» Ընդգծեց Արմէն Ռուստամեան
Եւրասիական համարկման հոլովոյթին մէջ Հայաստան չի պաշտպաներ Ղարաբաղի շահերը: Այս մասին երէկ լրագրողներուն յայտնեց Հայաստանի Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան: Ըստ անոր, ատիկա աւելի տարօրինակ է, քանի որ Հայաստան վաղուց փաստացի կը ներկայացնէ Լեռնային Ղարաբաղի շահերը այնտեղ, ուր Ստեփանակերտ չի կրնար ինքնուրոյն ներկայանալ, օրինակ` ՄԱԿ-ին: «Ղարաբաղը շահեր ունի՞ եւրասիական համարկման հոլովոյթին մէջ: Վստահաբար ունի: Իսկ ո՞վ պէտք է...



















