Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սերժ Գալուստեանի Հոգեհանգիստ Եւ Յիշատակի Հաւաք

June 23, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

2306serjԳաղափարակից ընկերոջ մը մահուան առաջին տարելիցին նուիրուած յիշատակի հաւաք կազմակերպել կը նշանակէ յարգանքի պահ մը ստեղծել եւ անոր յիշատակներուն հետ հաղորդակից ըլլալ:

Այս յարգանքին արժանացաւ  Սերժ Գալուստեան, որուն մահուան Ա. տարելիցին առիթով երէկ` կիրակի, 22 յունիս 2014-ին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք բոլոր սգակիրները ուղղուեցան «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահ` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու անոր անմահ յիշատակին: Գաղափարի ընկերներով, բարեկամներով ու հարազատներով լեցուն սրահը լաւագոյն վկայութիւնն էր Սերժ Գալուստեանի վայելած սիրոյն ու յարգանքին:

Բալիկ Խտրլարեան
Բալիկ Խտրլարեան
Եսայի Հաւաթեան
Եսայի Հաւաթեան

ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին անունով Բալիկ Խտրլարեան հրաւիրեց Եսայի Հաւաթեանը, որպէսզի Սերժ Գալուստեանի ընտանիքին խօսքը փոխանցէ: Ե. Հաւաթեան նախ յիշեց Սերժ Գալուստեանի նկարագիրի ազնիւ գիծերը, ապա անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ անոր ունեցած բոլոր յատկանիշները ներկայ ժամանակին  դանդաղօրէն նուազող երեւոյթներ սկսած են ըլլալ: «Ընկեր Սերժը իր  նկարագիրով, ներկայութեամբ, ծառայութեամբ ու հայրենասիրութեամբ տիպար օրինակն էր հայ շրջապատին: Զինք կորսնցուցինք արագ, անհաւատալի եւ տակաւին առանց հաշտուելու: Ան այն քիչերէն էր, որ հաւատաց իր ժողովուրդի ապագային, անմնացորդ ծառայեց պատանիներուն: Հոգին ու սիրտը պատանիներ պատրաստելու, զանոնք գաղափարապէս դաստիարակելու սիրով լեցուած էին: Իր կեանքը նուիրած էր ազգին ծառայելու, ապագայի սերունդ պատրաստելու», ըսաւ Հաւաթեան: Ան հանգուցեալ Սերժ Գալուստեանի կնոջ` Արինին անունով, նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Սերժ Գալուստեանի բոլոր ընկերներուն, որոնք ամէն գնով աշխատեցան իրենց սիրելի ընկերոջ բուժման նպաստելու, ապա փոխանցեց Արին Գալուստեանի որոշումը, որ ծրագրած էր իր ամուսինի բուժման նպատակով հաւաքուած գումարով Հայաստանի Կոտայքի շրջանին մէջ գնել հողաշերտ մը, որ իբրեւ բանակավայր օգտագործուի ՀՅԴ-ի սփիւռքահայ պատանիներու: Ե. Հաւաթեան ըսաւ, թէ այսուհետեւ Սերժ Գալուստեանի սիրտը պիտի շարունակէ բաբախել հայրենի հողին վրայ` ի տես դաշնակցական սերունդներուն, որոնք հայրենի հողին վրայ պիտի դաստիարակուին: Ան յայտնեց, որ Սերժ Գալուստեան ազնիւ, ծառայասէր այն տղան էր, որ եկաւ, նուիրումով գործեց եւ ասուպի պէս հեռացաւ կեանքէն: Աւարտին Եսայի Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք եկած էին յարգելու Սերժ Գալուստեանի անմեռ յիշատակը:

2206kalousd3ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի խօսքը փոխանցեց  Բալիկ Խտրլարեան, որ նշեց, թէ  ձեռնարկը կազմակերպուած է հաւաքաբար վերարժեւորելու Սերժ Գալուստեանի խնկելի յիշատակը: Գալուստեան գաղափարական համոզումներով ամրագրեց իր անունը Դաշնակցութեան անմահներու պանթէոնին վրայ եւ կուսակցական զանազան պաշտօններով ու անմնացորդ նուիրումով եղաւ այն դարբնոցը, որ պատրաստեց նոր սերունդի արժանաւոր ջահակիրներ եւ առաջնորդներ: Խօսքի աւարտին  ան շնորհակալութիւն յայտնեց Արին Գալուստեանին` Կոտայքի բանակավայրի նախաձեռնութեան համար, ապա հրաւիրեց ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինի ատենապետ Սագօ Արապօղլեանը, որ իր կարգին Սերժ Գալուստեանի մօրը եւ կնոջ` Արինին յուշանուէրներ փոխանցեց: Ապա անոնք ընդունեցին ցաւակցութիւններ:

 

Նախորդը

Միջին Արեւելքն Ու Հայկական Գաղութները Նիւթով Զրոյց

Յաջորդը

Չինաստանի Մէջ Ջրհեղեղէն Շուրջ 60 Հազար Մարդ Վնասուած Է

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։