«Անկախ Քրտական Պետութիւնը Այլեւս Պատերազմի Պատճառ Չէ» Կ՛ըսէ Չելիք
Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան բանբեր Հիւսէյն Չելիք յայտնեց, որ անկախ քրտական պետութիւնը անցեալին պատերազմի պատճառ էր, սակայն ներկայիս կացութիւնը փոխուած է: Ան բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին յայտնած է. «Թուրքիոյ մէջ նոյնիսկ «Քիւրտիստան» բառը մարդիկ կ՛անհանգստացնէ, սակայն անոր անունը Քիւրտիստան է»: «Եթէ Իրաք մասնատուի եւ ատիկա անխուսափելի է, անոնք մեր եղբայրներն են: Դժբախտաբար Իրաքի մէջ կացութիւնը լաւ չէ, եւ...



















