Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Լուսարձակներ` Հայաստանի Հանրապետութիւն-Նախիջեւան Սահմանին Վրայ

June 23, 2014
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

g_imageՀայ-ազրպէյճանական շփման գիծերուն վրայ արձանագրուող զարգացումները բնականաբար չեն վրիպիր տարբեր կեդրոններու ուշադրութենէն: Ամէնէն սուր կերպով ուշադրութեան կեդրոն յայտնուած իրողութիւնը այն է, որ դիպաշարը  հրադադարի հերթական խախտումներով յատկանշուած եւ սովորական երեւոյթի վերածուած ազրպէյճանական ոտնձգութիւններուն մասին չէ: Թէ՛ Նախիջեւանի ուղղութեամբ եւ թէ՛ Տաւուշի ուղղութեամբ արձանագրուած դէպքերը կը խօսին արդէն ոչ միայն արցախաազրպէյճանական, այլ նաեւ հայ-ազրպէյճանական (Հայաստանի Հանրապետութիւն-Ազրպէյճան սահմանային գօտիներու վրայ) արձանագրուած զարգացումներուն մասին:

Արագ կարգով, քանի մը լրատուութիւն եւ ապա որոշ հետեւութիւններ:

Ուրբաթ օր հայ-ազրպէյճանական սահմանագօտիի հարաւարեւմտեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասի մարտական յենակէտին մէջ մահացու հրազէնային հարուած ստացած է  ժամկէտային զինուոր մը:

5 յունիսին Հայաստան-Նախիջեւան սահմանի Արարատի հատուածին մէջ  ազրպէյճանցի արձակազէններու կրակոցէն սպաննուած էին երկու պայմանագրային զինուորական ծառայողներ:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ուրբաթ օր այցելեց Հայաստանի հարաւարեւմտեան սահմանագօտիին վրայ տեղակայուած զօրամիաւորումներուն:

Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը երէկ տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը փոխանցէ, որ պաշտպանութեան նախարարը այցելած է մարտական յենակէտեր, հետեւած է դիրքերու մարտավարական բնագիծի ճարտարապետական բարելաւման եւ յենակէտերու կահաւորման աշխատանքներուն, ծանօթացած է մարտական հերթապահութեան իրականացման առանձնայատկութիւններուն:

Դէպքերուն բնոյթն ու պատահարի մանրամասնութիւնները իմանալու համար պէտք է սպասել պաշտօնական լրահոսին: Եւ իրօք այս մէկը այն ոլորտն է, որ ենթադրութիւններու վրայ հիմնուած վերլուծումներն ու մեկնաբանութիւնները պէտք է զիջին առարկայական տեղեկութիւն հաղորդելու սկզբունքին, որ մեզի նման կիսապատերազմական իրավիճակի մէջ գտնուող երկրի համար իբրեւ աղբիւր պէտք է նկատի ունենայ զինուորական համապատասխան գերատեսչութիւններու մամլոյ ծառայութիւններու հաղորդածները:

Բայց անկախ դէպքերու բնոյթէն, յենակէտերու կարգավիճակին վերաբերող մանրամասնութիւններէն, նախայարձակման կամ համարժէք պատասխաններու արդիւնքներէն, կ՛արժէ  քանի մը դիտարկում կատարել. արձանագրուող դէպքերու միջավայրերուն եւ զինուորական ճակատներու բռնկման հարաւարեւմտեան զգալի բաժինները յայտնապէս կը խօսին Հայաստանի Հանրապետութիւն-Նախիջեւան շփման գիծերուն մասին:

Դէպքերու շարժառիթներուն, ռազմագիտական ակնոցով կատարուող դիտարկումներուն  որոշ հետեւութիւններ կատարելը կը պահանջէ մասնագիտական մօտեցում: Եւ առանց տիրապետելու իրավիճակի մանրամասնութիւններուն, այս զարգացումներուն մասին եզրայանգումներ կատարելը  լրագրական առումով ճիշդ պիտի չըլլար:

Տեղեկատուականի պարագային սակայն փաստերու վրայ հիմնուելով որոշ խորհրդածութիւն ընելը կրնայ օգտակար ըլլալ: Նախիջեւանի ուղղութեամբ արձանագրուած զարգացումներուն օրերուն հայկական կողմէն կային հերքումներ. ազրպէյճանականը համեմատաբար զուսպ էր եւ կը պահէր լռութիւն: Աշխուժը ռուսականն էր, որ կը խօսէր հայկական ուժերու առաւելութեան, այդ ուղղութեամբ յենակէտ գրաւելու եւ Նախիջեւանի մէջ ազրպէյճանական գիւղի բնակչութեան տարհանումի մասին:

Առ այժմ աւելի հետեւութիւն ընելը կը թուի, որ նպատակայարմարութիւն չ՛ապահովեր: Հայկական կողմէն կայ որոշակի զսպուածութիւն այս մասին բարձրաձայնումներ կատարելու: Նախիջեւանի աշխարհագրութիւնը նկատի ունենալով կան վերլուծութիւններ, որոնք կը նշեն հարցին արտակարգ տարողութիւնը` ընդգծելու համար, որ եղածը ռուս-թրքական քաղաքական պարանաձգութեան մէջ տեղաւորուող ուղերձներու փոխանակում է:

Չէ բացառուած, որ նախայարձակ կողմին, յենակէտ գրաւողին կամ տարհանուած գիւղերու մասին լրատուութիւնները շարունակուին: Նաեւ, որ` արցախաազրպէյճանականէն բացի ընդհանրապէս հայ-ազրպէյճանական շփման գիծերուն վրայ շարունակուին նման մասնակի բախումներ:

Պարզը այն է, որ ռուսական լրատուադաշտը մեծ լուսարձակներ բացած է Նախիջեւան-Հայաստանի Հանրապետութիւն սահմանին վրայ: Մինչ, առնուազն իրեն յատուկ թափով չի լուսաբաներ ազրպէյճանական կողմը արձանագրուող պատահարները:

Հայկական կողմը այս դէպքերու լուսաբանման համար բացառապէս պէտք է նկատի ունենայ պաշտօնական լրահոսի փոխանցածները: Կանուխ է հաստատելը, որ Նախիջեւանի ուղղութեամբ զարգացումները կրնան ստանալ տարածաշրջանային տարողութիւն:

«Ա.»

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը Ընդունեց Կուտակային Կենսաթոշակային Օրէնքի Փոփոխութիւնները

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։