Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սերժ Սարգսեան. «Մեծ Եղեռնի Հարիւրամեակը Աւարտի Սահմանագիծ Չէ»

July 10, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7261_bԱրժանթին պաշտօնական այցելութեան երկրորդ օրը, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Պուենոս Այրեսի քաղաքային կառավարութեան նախարարներու խորհուրդի նախագահ Օրասիօ Լարետայի, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու եւ արժանթինահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ ներկայ գտնուեցաւ Պուենոս Այրեսի Պալերմօ թաղամասին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի հիմնարկէքի արարողութեան:

Հիմնարկէքի յուշատախտակին օրհնութենէն ետք Օրասիօ Լարետա եւ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան բացումը կատարեցին:

Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը հաղորդեց, որ Սերժ Սարգսեան արարողութեան մասնակիցներուն առջեւ ելոյթ ունեցած է` մասնաւորապէս ըսելով. «Այս թանգարանը ստեղծուած է` լրացնելու համար շարքը Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած այն բազմաթիւ յուշակոթողներուն, որոնք սփռուած են արեւելքէն արեւմուտք, հիւսիսէն հարաւ` իբրեւ խօսուն վկայ, որ որքան ժամանակ ալ անցնի, մենք պէտք է յիշենք ու պահանջենք: Մարդկային յիշողութիւնը պատմութեան իւրայատուկ մաղն է, որ առանձնայատուկ երախտագիտութեամբ կը պահէ այն անուններն ու տեղանունները, որոնք մշտապէս արդարութեան սերմեր կը ցանեն` առաջ մղելով համամարդկային ամէնէն վեհ արժէքները: Այդ լուսաւոր տեղանուններէն մէկն ալ Արժանթինն է, որ օգնութեան հասնելով մեր ժողովուրդին արհաւիրքի ամէնէն ծանր պահուն, փրկեց ոչ միայն հարիւր հազարաւոր հայերու, այլեւ վերականգնեց մեր ժողովուրդին սասանուած հաւատքը առ այն, որ մարդը ստեղծուած է Աստծոյ նմանութեամբ, որ մարդուն մէջ չի կրնար մեռնիլ մարդը եւ կենդանի մնալ ցեղասպան բարբարոսը»:

«Յաջորդ տարի կը լրանայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Սակայն բոլորին յայտնի է` մարդկութեան դէմ ոճիրները վաղեմութեան ժամկէտ չունին: Մեծ եղեռնի հարիւրամեակը աւարտի սահմանագիծ չէ, այլ իւրատեսակ հանգրուան: Հարիւրամեակով մենք պէտք է ամփոփենք պատմական հանգրուան մը եւ ազդարարենք յանուն արդարութեան վերականգնման պայքարի նոր շրջան մը, որ պիտի համադրուի ժխտողականութեան քաղաքականութեան դիմակայելու նոր գործիքներով, ուր մենք պէտք է ըլլանք աւելի հզօր, հզօր միջազգային հանրութեան հետ միասին, որովհետեւ միասնութեան մէջ է ուժին գաղտնիքը եւ արդարութեան յաղթանակը»,  յայտարարեց Հայաստանի նախագահը:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ, Պուենոս Այրեսի քաղաքային կառավարութեան 6 մայիս 2014-ի որոշումով` մայրաքաղաքի Պալերմօ թաղամասին մէջ անվճար տարածք յատկացուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի կառուցման համար: 10 յունիսին Արժանթինի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան մասնակցութեամբ եւ Հայ կեդրոնի ու Արժանթինի հայոց թեմի հովանիին ներքեւ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի կառուցման նպատակով Պուենոս Այրեսի քաղաքային իշխանութիւններուն կողմէ արժանթինահայ համայնքին անվճար յատկացուած հողատարածքի` իրաւական փաստաթուղթերը փոխանցելու պաշտօնական արարողութիւնը:

Հայաստանի նախագահը նոյն օրը այցելեց նաեւ  Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, ծաղկեպսակ զետեղեց եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին եւ յարգանքի տուրք մատուցեց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Սերժ Սարգսեան ծաղիկներ զետեղեց նաեւ նոյն վայրին մէջ ղարաբաղեան պատերազմին ընթացքին ազատամարտիկներու յիշատակին կառուցուած յուշաքարին վրայ:

 

Նախորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Այցելութիւնը ՀՅ Դաշնակցութեան Կեդրոնը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.