Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սերժ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցաւ Ուրուկուէյի Ղեկավարութեան Հետ

July 11, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահներ Սարգսեան եւ Մուխիքա
Նախագահներ Սարգսեան եւ Մուխիքա

Չորեքշաբթի, 9 յուլիսին պետական այցելութեամբ Ուրուկուէյ ժամանած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ այդ երկրի նախագահ Խոսէ Մուխիքայի հետ:

Նախքան Մուխիքայի հետ հանդիպումը, Սարգսեան այցելեց Անկախութեան հրապարակ, ծաղկեպսակ զետեղեց զօրավար Խոսէ Արթիկասի յուշարձանին եւ յարգանքի տուրք մատուցեց:

Հայաստանի եւ Ուրուկուէյի նախագահները քննարկեցին միջպետական կապերու ամրապնդման եւ համագործակցութեան զարգացման ուղղուած բազմաթիւ հարցեր: Երկու երկիրներու նախագահները նշեցին, որ Հայաստանի եւ Ուրուկուէյի միջեւ փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան հիման վրայ ձեւաւորուած են բարեկամական ջերմ յարաբերութիւններ: Սարգսեան ընդգծեց, որ Հայաստան շահագրգռուած է Ուրուկուէյի հետ համընդգրկուն օրակարգի զարգացումով` քաղաքական, առեւտրական-տնտեսական, մշակութային ու երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ մարզերուն մէջ եւ պատրաստակամ` այդ նպատակին ուղղորդելու անհրաժեշտ ջանքեր:

Հայ-ուրուկուէյական համագործակցութեան զարգացման գործին մէջ զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին փոխադարձ այցելութիւններու, երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ պարբերական շփումներու անհրաժեշտութիւնը: Այդ ծիրին մէջ Հայաստանի նախագահը կարեւոր նկատեց 2012 թուականին Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրոյի եւ Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Խորխէ Օռիկոյի այցելութիւնները, իսկ Ուրուկուէյի զբօսաշրջութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար, հայազգի Լիլիամ Քէշիշեանի` անցեալ տարի նոյեմբերին Երեւան կատարած այցելութիւնը:

7367_bՀայ-ուրուկուէյական յարաբերութիւններու խորացման ծիրին մէջ զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին նաեւ իրաւական-պայմանագրային դաշտի ընդլայնումը եւ ընդգծեցին, որ Հայաստանի նախագահին այցելութեան ծիրին մէջ երկու երկիրներու իրաւական-պայմանագրային հիմքը պիտի համալրուի քանի մը նոր կարեւոր համաձայնագիրներով:

Սերժ Սարգսեան եւ Խոսէ Մուխիքա կարեւոր նկատեցին արդիւնաւէտ գործակցութիւնը նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակներուն մէջ:

Նախագահները համակարծիք եղան, որ հայ-ուրուկուէյական յարաբերութիւններու զարգացման, անշուշտ, մեծապէս կը նպաստէ Ուրուկուէյի հայ համայնքը, որ պատմութեան տարբեր ժամանակահատուածներու մէջ բնակութիւն հաստատած  է Ուրուկուէյի մէջ, աշխուժ մասնակցութիւն ունի երկրի հասարակական, քաղաքական կեանքին մէջ եւ իր համեստ նպաստը կը բերէ բարեկամ Ուրուկուէյի զարգացման աշխատանքին մէջ:

Հայաստանի եւ Ուրուկուէյի նախագահները կարեւոր նկատեցին նաեւ այն հանգամանքը, որ երկու երկիրներու մօտեցումներն ու դիրքորոշումները համամարդկային նշանակութիւն ունեցող հարցերու շուրջ համահունչ են: Անոր վառ ապացոյցը, ըստ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, այն է, որ տակաւին 1965 թուականին աշխարհի մէջ առաջինը ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը` Ուրուկուէյը կանգնած է արդարութեան պաշտպանի հարթակին վրայ` շահելով համայն հայութեան անմնացորդ համակրանքն ու յարգանքը` իբրեւ անկեղծ եւ յուսալի բարեկամ:

Հանդիպումի աւարտին ստորագրուեցան շարք մը փաստաթուղթեր` ուղղուած երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութեան եւ զարգացման խորացումին:

 

Նախորդը

Արցախի Նախագահը Ընդունեց Սփիւռքահայ Գործարարներու Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.