Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Երիտասարդականի Մասնակցութիւնը «Խաղաղութիւն Եւրոպայի Մէջ» Համաժողովին

July 11, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1007Peace-Conference1ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 4-6 յուլիս 2014-ին Ս. Փեթերսպուրկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ համաժողով` «Խաղաղութիւն Եւրոպայի մէջ» ընդհանուր խորագիրով:

Համաժողովը կազմակերպած էր Եւրոպական երիտասարդական ընկերվարականներ կազմակերպութիւնը` հիւրընկալութեամբ Ռուսիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական երիտասարդական միութեան:

Համաժողովին կը մասնակցէին ընկերվարական կուսակցութիւններու երիտասարդական միութիւններ` Հայաստանէն, Ուքրանիայէն, Լիբանանէն, Ֆինլանտայէն, Ֆրանսայէն, Իրլանտայէն, Պելճիքայէն, Պուլկարիայէն, Սերպիայէն, Գերմանիայէն եւ Չեխիայէն:

ՀՅԴ Երիտասարդականը Հայաստանէն կը մասնակցէր երկու ներկայացուցիչներով` Լուիզա Սարգսեան` Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութիւն եւ Հայկ Իգիթեան` Հայաստանի երիտասարդական միութիւն:

1007Peace-Conference2Օրակարգը կը ներառէր քննարկումներ Ուքրանիոյ ճգնաժամին, վերջինիս պատճառներուն եւ անոնց լուծումներու կարելիութեանց վերաբերեալ: Քննարկումները ունեցան բուռն եւ հետաքրքրական ընթացք: Բոլոր մասնակիցները ներկայացուցին իրենց դիրքորոշումները ճգնաժամի պատճառ հանդիսացող արտաքին եւ ներքին խնդիրներուն վերաբերեալ, առաջարկեցին այդ խնդիրներուն հաւանական լուծումներ:

ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչները զուգահեռներ գծեցին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ուքրանիոյ հարցերուն միջեւ` խաղաղութեան կոչ ընելով եւ առաջարկելով շրջանային տագնապներու լուծման համար հիմք ընդունիլ ազգերու ազատ ինքնորոշման իրաւունքը:

1007Peace-Conference35 յուլիսին Ռուսիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական երիտասարդներու եւ Ուքրանիոյ Ընկերվարական երիտասարդներու միութիւններուն միջեւ ստորագրուեցաւ Ուքրանիոյ կարգավիճակին վերաբերեալ ընդհանուր բանաձեւ, որ կը ներառէր հետեւեալ կէտերը. դադրեցնել զինուորական գործողութիւնները Ուքրանիոյ Արեւելքը, դադրեցնել հակաուքրանական քարոզչութիւնը ռուսական զանգուածային լրատուամիջոցներուն մէջ, Ռուսիա պէտք է հրաժարի Ուքրանիոյ նկատմամբ յարձակողական արտաքին քաղաքականութենէն:

ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչները համաժողովի ծիրին մէջ ունեցան երկկողմանի հանդիպումներ տարբեր կազմակերպութիւններու պատուիրակութիւններուն հետ:

ՀՅԴ Երիտասարդականը Եւրոպական երիտասարդական ընկերվարականներ կազմակերպութեան անդամ է դէտի կարգավիճակով:

Համաժողովը աւարտեցաւ 6 յուլիսին:

 

Նախորդը

Ս. Փեթերսպուրկի Մէջ. Քննարկուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցի Ձեռնարկներուն Վերաբերեալ Հարցեր

Յաջորդը

Արցախի Բանակը Կը Ձախողեցնէ Ազրպէյճանական Ներթափանցումի Փորձ Մը Եւս

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.