Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Այցելութիւնը ՀՅ Դաշնակցութեան Կեդրոնը

July 10, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0907Sarkissian-FRA-2Երեքշաբթի, 8 յուլիսին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելեց ՀՅԴ «Էտուարտօ Սէֆէրեան» ակումբը, իր պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ: Ակումբի մուտքին նախագահը ընդունուեցաւ հաց ու աղի աւանդական հիւրասիրութեամբ, մինչ ՀՄԸՄ-ի «Արարատ» սկաուտական խումբի ղեկավարներ զինք պատուեցին սկաուտական փողկապով, իբրեւ յարգանքի նշան: Ներկայ եղած են ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեան, ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի, «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի եւ Հայ դատի յանձնախումբի անդամներ, ՀՕՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեանց անդամներ Կրասիա Գէորգեան եւ Քարլոս Սէֆէրեան, ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեանց անդամներ եւ տեղական մասնաճիւղերու անդամներ, «Արմենիա» երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններու անդամներ, եւ «Խրիմեան» վարժարանի երկրորդական բաժինի աշակերտները եւ ուսուցչական կազմը, ինչպէս նաեւ համակիրներ ու համայնքի կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ:

ՀՅԴ-ի եւ իր գաղափարակից կազմակերպութիւններու անունով բարի գալուստ մաղթելով նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ նախագահական պատուիրակութեան, խօսք առաւ ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, որ նշեց, որ «այս շէնքի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր նախագահները ներկայ եղած են, եւ բոլորին ըսած ենք նոյնը: Պայմաններու բերումով իրերայաջորդ սերունդներ երբ հաստատուած են հայրենիքէն այսքան հեռու, այս ափերուն վրայ, միշտ հայապահպանումը ունեցած են կիզակէտ, միշտ հայ սերունդներ կերտելը եղած է իրենց համար նպատակ: Բայց արդէն 80-ական թուականներէն ի վեր Հայ դատի աշխատանքները, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, քաղաքականացումը, վերածուած են մեր հիմնական աշխատանքներուն»:

0907Sarkissian-FRA-1Այցելութեան առիթով նախագահ Սարգսեանին յանձնելով արժանթինեան քարերով ճատրակի տախտակ` իբրեւ ՀՅԴ-ի եւ գաղափարակից կազմակերպութիւններուն կողմէ յուշանուէր, Տէր  Ղուկասեան աւելցուց. «Պարոն նախագահ` մենք գիտենք որքա՛ն դուք վարպետ էք շախմատի խաղին մէջ, որքա՛ն այդ խաղը ձեր սրտին մօտ է: Մեր փափաքն է, որ երբ այստեղէն հեռանաք, միջազգային յարաբերութիւններուն նայիք ճատրակի ձեր վարպետի աչքերով եւ տեսնէք հարաւային կողմն աշխարհի, որ անցնող երկու-երեք տարիներու ընթացքին մեր թշնամիները` ազրպէյճանցիները եւ թուրքերը, դէպի առաջ շարժումներ կատարած են: Բարեբախտաբար անոնց առաջքը կ՛առնուի: Մենք վստահ ենք, որ ձեր այս այցելութիւնը այդ առաջքը առնելու մեծ մղում մը պիտի տայ»: Եւ յուշանուէրի վրայ տեղադրուած «Մենք անկեղծ զինուորներ ենք» լոզունգին վերաբերուելով, Խաչիկ Տէր Ղուկասեան իր խօսքերը եզրափակեց աւելցնելով. «Մենք կ՛ուզենք, որ դուք գիտնաք, որ միշտ ունիք, ինչպէս որ միշտ եղած է մեր կուսակցութեան եւ իր կազմակերպութիւններու պարագային, անկեղծ զինուորներ, որ երբ դուք, Հայաստանի պետութիւնը, Հայաստանի անկախութիւնը, Հայաստանի ապագան, ուզէ քայլ մը յառաջ տանիլ, վստահ եղէք, որ մեր ընկերներով, մեր բարերարներով եւ մեր համակիրներով, պատրաստ ենք այդ քայլը առաջ տանելու, ի խնդիր ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի»:

Ապա խօսք առաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ նախ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար, եւ շեշտեց. «Այս գրութիւնը` «Մենք անկեղծ զինուորներ ենք»,  չափազանց պարտաւորեցնող է: Որովհետեւ մեզմէ իւրաքանչիւրը զինուոր է: Զինուոր է իր պարտականութիւններուն մէջ, զինուոր է իր պատասխանատուութեան մէջ, զինուոր է իր հաւատացած գաղափարին համար: Եւ ես չափազանց ուրախ եմ, որ մեր ազգային կառոյցները, մեր ազգային կուսակցութիւնները, մեզի հպարտութիւն կը ներշնչեն, որուն պատճառով մենք կը տարբերինք ուրիշներէ»:

Շրջանին մէջ եւ ընդհանուր առմամբ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի աշխատանքի վերաբերեալ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը հաստատեց. «Ես շատ լաւ կը հասկնամ, որ մեր հակառակորդները, ոչ միայն աշխարհին այս կողմը, այլ նաեւ տարբեր կողմերու մէջ կը փորձեն աշխուժանալ: Ես շատ լաւ կը հասկնամ Հարաւային Ամերիկայի մէջ անոնց ջանքերուն նպատակը: Եւ անոնք իրենց ջանքերը կը դնեն այնտեղ, ուր մենք հզօր ենք: Բայց եթէ մենք պէտք է այս պարագային զիջինք, ուրեմն ժամանակ մը ետք այս շէնքը ուրիշներուն պէտք է ըլլայ: Ես վստահ եմ, որ այդպէս երբեք պիտի չըլլայ: Ես վստահ եմ, որ ընդհակառակն` մեր շէնքերուն թիւը պիտի աւելնայ, մեր համակիրներուն շարքերը պիտի մնան հոծ: Եւ շնորհիւ ահա այս գաղափարին մենք բոլորս զինուոր ենք, այո՛, զինուոր ենք, եւ զինուոր պիտի մնանք: Միայն այսպէս կարելի է Հայաստանը հզօրացնել»:

Մեկնելէն առաջ, նախագահ Սարգսեան իր կարգին յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատան կողմէ արծաթեայ յոբելենական մետաղադրամներու հաւաքածոյ մը:

 

Նախորդը

Քննարկում` 2015-ին Ընդառաջ Թուրքիայէն Տարածուող Յայտարարութիւններուն Եւ Հերքումներուն

Յաջորդը

Սերժ Սարգսեան. «Մեծ Եղեռնի Հարիւրամեակը Աւարտի Սահմանագիծ Չէ»

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.