Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Նախագահը Եւ Ազգային Ժողովի Նախագահը Ընդունեցին Վրաստանի Վարչապետը

August 23, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7750_bՀայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին: Նախագահը ողջունեց  վարչապետի կարգավիճակով Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի առաջին այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւն, միջպետական յարաբերութիւններու  ամրապնդման գործին մէջ կարեւոր նկատելով բարձրաստիճան պատուիրակութիւններու փոխադարձ այցելութիւնները, որոնք, ըստ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, լաւ կարելիութիւն են արագ արձագանգելու հայ-վրացական երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող տարբեր խնդիրներուն: Հանրապետութեան նախագահը ցանկութիւն յայտնեց աւելի յաճախակի դարձնել այդպիսի այցելութիւնները: Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ հայ-վրացական յարաբերութիւնները կը գտնուին  պատմականօրէն ամէնէն բարձր մակարդակին վրայ, եւ ատիկա կարելիութիւն կու տայ հանգիստ, անկաշկանդ քննարկելու որեւէ  հարց, կապուած ոչ միայն երկկողմ յարաբերութիւններուն, այլեւ շրջանային խնդիրներուն:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` Վրաստանի վարչապետը նշեց, որ Հայաստան կը գտնուի անգամ մը եւս հաստատելու իր խոր յարգանքը Հայաստանի Հանրապետութեան, նախագահին եւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ, աւելի ամրապնդելու եւ նոր որակ հաղորդելու հայ-վրացական յարաբերութիւններուն:

Իրաքլի Ղարիպաշվիլի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ համակարծիք գտնուեցաւ, որ երկկողմ յարաբերութիւնները ներկայիս շատ բարձր մակարդակի վրայ են, եւ նման հանդիպումները աւելի կը սերտացնեն երկու պետութիւններուն միջեւ կապերը: Վարչապետ Ղարիպաշվիլի ընդգծեց, որ միշտ ըսած է եւ հիմա ալ կը կրկնէ. Հայաստան ոչ միայն Վրաստանի դրացին է, այլեւ բարեկամ պետութիւն: Ըստ անոր, այդ բարեկամական յարաբերութիւններով երկու երկիրներու բարեկեցութեան համար պէտք է օգտակար եւ բարի շատ գործեր ընել: Վարչապետը գոհունակութեամբ խօսեցաւ պաշտօնական այցելութեան օրերուն Հայաստանի մէջ իր եւ իր գլխաւորած պատուիրակութեան նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ վերաբերմունքին  մասին, որ, ըստ անոր, միայն բարեկամի կողմէ կրնայ դրսեւորուիլ:

Իրաքլի Ղարիպաշվիլի  նախագահ Սերժ Սարգսեանին ներկայացուց  այցելութեան ծիրին մէջ Երեւանի մէջ ունեցած հանդիպումներուն, քննարկումներուն արդիւնքները, գոյացած համաձայնութիւնները:

Հանրապետութեան նախագահին  հետ Վրաստանի վարչապետը քննարկեց հայ-վրացական յարաբերութիւններուն առնչուող հրատապ հարցերը, նաեւ` շրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները գոհունակութեամբ նշեցին 18  յունիսին Հայաստանի  նախագահին Վրաստան պաշտօնական այցելութեան  ծիրին մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը` Բագրատաշէն-Սատախլու անցակէտին վրայ նոր կամուրջի շինարարութեան մասին, որ կողմերը անուանած են «Բարեկամութեան կամուրջ»: Երկուստեք վերահաստատուած  է կամուրջի շինարարութիւնը արագացնելու յանձնառութիւնը:

Հանդիպումէն  ետք, ի պատիւ Վրաստանի վարչապետին եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան, Հայաստանի նախագահին  նստավայրին մէջ  սարքուեցաւ  աշխատանքային ճաշ:

Պաշտօնական այցելութեան երկրորդ օրը Վրաստանի վարչապետը սկսաւ առաւօտեան` այցելելով Մատենադարան, ապա հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ:

Խորհրդարանի նախագահ Գալուստ Սահակեանի հետ հանդիպման ընթացքին, կողմերը քննարկեցին երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները եւ համագործակցութիւնը խորացնելու հարցը: Ընդգծուեցաւ կարեւորութիւնը «Բարեկամութեան կամուրջ»-ին, որ պիտի կառուցուի Վրաստանի եւ Հայաստանի կառավարութիւններու աջակցութեամբ Սատախլուի մաքսատան մօտ:

«Ինծի համար մեծ պատիւ է հանդիպիլ ձեզի: Մեր երկիրները շատ ընդհանրութիւններ ունին: Հայաստան եւ Վրաստան հարիւրամեակներու ընթացքին դժուար ճամբայ անցած են, եւ մենք ապացուցած ենք, որ ոչ միայն դրացիներ ենք, այլ նաեւ բարեկամներ: Իմ այցելութիւնս անոր վկայութիւնն է, ես պատրաստ եմ մեր յարաբերութիւնները խորացնելու», դիմելով Գալուստ Սահակեանին ըսաւ Վրաստանի վարչապետը` ընդգծելով, որ հոկտեմբերին կը սպասեն պատասխան այցելութիւն:

Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման մասնակցեցան վրացական պատուիրակութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի խորհրդարանի պատգամաւորներ եւ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Եուրի Վարդանեան:

Դատելով պաշտօնական հանդիպումներու մասին լուրերէն` հայ-վրացական բանակցութիւններու օրակարգէն դուրս մնացած են վրացահայութեան խնդիրներու քննարկումը, ինչպէս նաեւ Վրաստանի կողմէ 1 սեպտեմբերէն սահմանուող այցեգիրի դրութիւնը:

 

Նախորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Բացումը Կատարեց ՀՄԸՄ-ի Բիւրականի Բանակավայրի Նոր Տարածքին

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։