
«Այս տագնապը զինուորական լուծում չունի: Կոչ կ՛ուղղենք երկու կողմերուն սկսելու լուրջ բանակցութիւններու», յայտարարեց Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն երէկ իր հրապարակած տեսագրուած խօսքին մէջ` նուիրուած ղարաբաղեան խնդիրին:
«Կրկին կը յայտնենք մեր ցաւակցութիւնը վերջին միջադէպերուն ընթացքին զոհուածներու ընտանիքներուն եւ վիրաւորներուն», այսպէս կը սկսի դեսպանը իր հայերէն ուղերձը:
Յիշեցնելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի վերջերս կատարած յայտարարութիւնը, որ ղարաբաղեան տագնապը «այլեւս սառեցուած չէ», Հեֆըրն կը շարունակէ. «Ե՛ւ այստեղ, ե՛ւ Պաքուի մէջ մենք կոչ կ՛ուղղենք բոլորին` ձեռնարկելու անհրաժեշտ քայլերու լարուածութեան նուազեցման եւ զինադադարը յարգելու համար: Սպառնալիքները եւ կարծր հռետորաբանութիւնը գործին չեն օգներ: Հաշուեյարդարը եւ հետագայ բռնութիւնները աւելի կը դժուարացնեն խաղաղ լուծում գտնելու ճամբան»:
«Զոհերու յիշատակը յարգելու լաւագոյն միջոցն է դադրեցնել բախումները ճիշդ հիմա», կը շեշտէ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը:
Միւս կողմէ, դեսպան Ճոն Հեֆըրն երէկ տեսակցեցաւ Հայաստանի եզիտի համայնքի շարք մը ներկայացուցիչներու հետ` քննարկելու համար Իրաքի եզիտիներու ներկայ կացութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու գործողութիւնները այնտեղ: Դեսպան Հեֆըրն շեշտեց Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան շարունակական մարդասիրական ջանքերը` մեղմացնելու Իրաքի եզիտիներու ծանր կացութիւնը եւ անոնց բարօրութիւնը ապահովելու յանձնառութիւնը:


