Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Աբրահամեան Կոչ Կ՛ուղղէ «Ճիշդ Ընկալելու» Իր Յայտարարութիւնը

August 22, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Յովիկ Աբրահամեան
Յովիկ Աբրահամեան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան կոչ ուղղեց ճիշդ ընկալելու իր այն յայտարարութիւնը, թէ գործարարները ստուերէն անմիջապէս դուրս բերելու համար կախարդական ցպիկ չունի եւ իրեն ժամանակ պէտք է:

Յայտնենք, որ պաշտօնը ստանձնելէ ետք Աբրահամեան գործարարներուն մինչեւ 1 յուլիս  ստուերէն դուրս գալու ժամանակ տուած էր` խոստանալով, որ հակառակ պարագային  անոնցմով պիտի զբաղին համապատասխան մարմինները: Մինչ  իր վերջին յայտարարութեան մէջ վարչապետը ըսաւ, որ այդ հոլովոյթը կամաց-կամաց յաջողութեան պիտի հասնի:

Այս յայտարարութիւնը ընդդիմադիրները նոր կառավարութեան ձախողութեան մասին խոստովանութիւն անուանած էին:

Վարչապետ Աբրահամեան լրագրողներու հետ չորեքշաբթի տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին բացատրեց, որ 1 յուլիսը այն ժամկէտն էր, որմէ ետք իրենք գործարարներուն հետ միասին պիտի աշխատէին:

«Ես ի՞նչ ըսած եմ. ես ըսած եմ, որ մենք 1 յուլիսէն բոլորս պիտի աշխատինք միասին եւ 1 հոկտեմբերէն մեր շրջանառութեան հարկը` 3.5 առ հարիւրը, կը դառնայ մէկ առ հարիւր եւ փաստաթուղթ ունենալը պարտադիր կ՛ըլլայ  բոլորին  համար: Հիմա, մենք այդ ժամանակահատուածին մէջ կ՛աշխատինք, եւ ելեւմուտքի նախարարութիւնը, ինչպէս որ մենք պայմանաւորուած ենք, պարբերաբար հաշուետուութիւն կը ներկայացնէ հանրութեան, եւ վերջերս կառավարութեան նիստին մէջ ներկայացուց հաշուետուութիւն, թէ ի՛նչ ըրած  ենք ամսուան մը ընթացքին», նշեց վարչապետը` աւելցնելով. «Իսկ ինչ կը վերաբերի իմ ըսածիս, ես կը խնդրեմ, որ ճիշդ ընկալէք. խօսակցութիւնը կը վերաբերի անոր, որ մէկ անգամէն մենք ամբողջ ստուերը չենք կրնար վերացնել, բայց փաստ է, որ ժամանակի ընթացքին պիտի նուազեցնենք, դարձնենք նուազագոյն շեմը»:

Աբրահամեան  յիշեցուց, որ կառավարութիւնը նպատակ ունի բոլորին համար հաւասար հարկային դաշտ կազմակերպելու եւ ապագային  հետեւողականօրէն պիտի աշխատի այդ ուղղութեամբ:

Նախորդը

Կառավարութիւնը Անօրինական Սուրիացի Ապաստանեալներուն Արտօնեց Սուրիա Վերադառնալ` Առանց Տուրքեր Վճարելու

Յաջորդը

Վրաստանի Վարչապետը Հայաստան Այցելեց

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.