ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 20 oգոստոսին ՀՅԴ Երիտասարդականի ներկայացուցիչներ Կարապետ Շատոյեան եւ Սարինէ Աբրահամեան մեկնած են Մալթա, ուր տեղի կ՛ունենայ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան 2014 թուականի Համաշխարհային փառատօնը:
Փառատօնի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 21 oգոստոսին:
Բացման կը մասնակցէին Մալթայի վարչապետ Ժոզեֆ Մուսքաթա (Աշխատաւորական կուսակցութիւն) եւ Եւրոպական Խորհրդարանի երեսփոխաններ: Խօսքեր արտասանած են Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան նախագահը եւ ընդհանուր քարտուղարը:
Փառատօնը պիտի տեւէ մինչեւ 26 օգոստոս: Փառատօնին հիմնական նպատակն է ստեղծել նոր բեմ ընկերվար երիտասարդական միութիւններու եւ քաղաքական գործունէութեամբ զբաղող երիտասարդներու համար:
Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութիւնը Ընկերվար-միջազգայնականին ուղեկից միութիւն է: Միութեան կ՛անդամակցին 143 ընկերվարական, ընկերվար-ժողովրդավարական, աշխատաւորական եւ ուսանողական միութիւններ 100 երկրներէ: ՀՅԴ Երիտասարդականը միութեան լիիրաւ անդամ է:


