ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէն յայտարարութիւն մը հրապարակած է Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող բանաձեւին ընդունման գծով: Ստորեւ` յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ:
Երեքշաբթի, 9 սեպտեմբեր 2014-ին Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ ցեղասպանութեան ուրացման դէմ կայացած վճիռը կարեւոր նշանակութիւն ունեցող պատմական ու արդար քայլ մըն է հայ ժողովուրդին հանդէպ:
Յունաստանի խորհրդարանի խտրականութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ օրէնքին մէջ տեղ գտած` հաւաքական վիրաւորանքի մասին 2-րդ յօդուածը, զօրաւոր երաշխիք մըն է ցեղասպանութեան ժխտման պատժելիութեան համար:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէն կ’ողջունէ քուէարկութեան արդիւնքը` շեշտելով, որ պատմութիւնը խեղաթիւրելու փորձերը ձախողութեան կը մատնուին նման յանդուգն որոշումներով, որոնք ընկերութիւններն ու ազգերը կը պաշտպանեն ժխտողականութեան երեւոյթներուն դէմ:
Օրէնքը կը համապատասխանէ Յունաստանի Հանրապետութեան արժէքներուն եւ աւանդութիւններուն, անիկա հայութեան բարեկամ երկիր հանդիսացած է միշտ` իր նեցուկն ու զօրակցութիւնը ցուցաբերելով Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ գաղթականներուն, ապա 1996-ին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումը ընդունելով:
ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի երկար տարիներու աշխատանքին եւ կառուցողական նախաձեռնութիւններուն արգասիքը կը կազմեն այս յաջողութիւնները, որոնք աւելիով ուժ կու տան ազգային մեր նպատակներուն:
Խորհրդարանի վճիռը հայ ժողովուրդի ոգին կ՛ամրապնդէ եւ կարեւոր յաղթանակ կը հանդիսանայ համայն հայութեան ու Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ:
ՀՅԴ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ


