Ազգային ժողովին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ոչ իշխանական քառեակի հանդիպումը: Լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ներկայացնելով քննարկման արդիւնքները` Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ քննարկած են սահմանադրական բարեփոխումներու հարցը, արձանագրուած է, որ իւրաքանչիւրը պէտք է յարգէ միւսին տեսակէտը: «Մենք կողմ ենք սահմանադրական բարեփոխումներուն, մնացեալ ուժերը դէմ են այս կամ այն պատճառով: Այս պարագային պէտք է առաջնորդուինք այն գաղափարով, որ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ ունի իր տեսակէտը», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան: Քննարկուած է կուտակային նոր օրէնքը սահմանադրական դատարանին մէջ վիճարկելու հարցը: Արմէն Ռուստամեանի համաձայն, թէեւ Հայ ազգային քոնկրեսն ու Ժառանգութիւնը ոչ մէկ ակնկալութիւն ունին Սահմանադրական դատարանէն, այդուհանդերձ պատրաստ են միանալու ՀՅԴ-ի եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան, Սահմանադրական դատարան դիմելու նախաձեռնութեան: Քննարկուած է «սահմանապահ գիւղ» հասկացողութեան օրէնսդրական հաստատում տալու մասին նախաձեռնութիւնը եւ քառեակը քայլերու կը ձեռնարկէ այդ նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչելու համար: Միւս հարցը «Նայիրիտ»-ի հարցով ժամանակաւոր յանձնախումբ ստեղծելու հարցն է: «Մենք ժամանակին խնդիր ունէինք, անգամ մը եւս այս հարցը արծարծեցինք, մեզմէ ժամանակ խնդրեցին, սակայն հիմա կը խորհինք, որ եկած է ժամանակը, որ մենք կրկին անդրադառնանք այդ հարցին», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան: Նաեւ քննարկուած են տարբեր օրէնսդրական նախաձեռնութիւններ, որոնց մէջ կը համընկնին չորս ուժերուն դիրքորոշումները` միացեալ գործելու նպատակով, այդ նախաձեռնութիւնները միասնական ուժերով պաշտպանելու եւ յառաջ մղելու հարցին մէջ: Քառեակը նաեւ քննարկած է արտագաղթի նուազեցման վերաբերեալ լսումներ առաջարկելու մասին հարցը: «Մենք համաձայնած ենք նամակի բովանդակութեան շուրջ, որուն միջոցով պիտի դիմենք Գալուստ Սահակեանին, որպէսզի ան իր լիազօրութիւններով հրաւիրէ խորհրդարանական լսումներ կազմակերպելու արտագաղթի եւ անոր պատճառներուն վերաբերեալ», նշեց Ռուստամեան: Վերջապէս նաեւ քննարկուած է յառաջիկային հանրահաւաքի կազմակերպման հարցը, հանրահաւաքի թուականներու մասին տարբեր կարծիքներ կան, յառաջիկային կը յստակացուի ատիկա:
Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ նախնական ամփոփում կատարած են քառեակի կողմէ նախապէս հրապարակուած եւ կառավարութեան ուղղուած 12 պահանջներուն շուրջ: «Վերջնական ամփոփման թուականը, որ մենք յայտարարած էինք` 30 սեպտեմբերը, տակաւին չէ սպառած, ուրեմն վերջնական ամփոփումը կ՛ըլլայ աւելի ուշ: Իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ այդ արդիւնքները առանձին կ՛ամփոփէ, որմէ ետք կ՛որոշուի միացեալ դիրքորոշումը, ընդհանուր գնահատման առումով», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան: 12 կէտերու ամփոփման նախնական քննարկման արդիւնքով, ըստ Ռուստամեանի, գնահատականները կը բաժնուին երեք խումբի` ընդհանրապէս չկատարուած կէտեր, մասնակի կատարուած կէտեր եւ անորոշ մնացած կէտեր, որոնց վերաբերեալ տակաւին դժուար է գնահատական տալ, որովհետեւ շօշափելի հոլովոյթ չ՛երեւիր: Ինչ կը վերաբերի սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ քառեակին մէջ տիրող տարբեր դիրքորոշումներուն, Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ գոյութիւն ունին սկզբունքային հարցեր, որոնց կապուած` տուեալ քաղաքական ուժը հաւատարիմ կը մնայ իր որդեգրած դիրքորոշումներուն, եւ քառեակի գործընկեր քաղաքական ուժերը ըմբռնումով կը վերաբերին այդ մօտեցումին: Քառեակէն եռեակ դառնալու մասին յայտարարութիւնը Արմէն Ռուստամեան նկատեց անիմաստ` շեշտելով, որ քառեակի օրակարգին մէջ ներառուած ութ հարցերէն եօթնին շուրջ քառեակը կը գործէ միացեալ, միայն սահմանադրական փոփոխութիւններուն կապուած է տարակարծութիւնը, այդ ալ` երեք ուժերը ոչ թէ դէմ են սահմանադրական բարեփոխումներուն, այլ ներկայ պահուն յարմար չեն նկատեր այդ փոփոխութիւնները: «Քառեակը քառեակ է այնքանով, որքանով որ կը համաձայնինք միացեալ բան մը ընել: Հիմա, 7 կէտերու կապուած, քառեակ ենք, մէկ կէտով, այո՛, տարբերութիւն կայ, բայց ատիկա չ՛առաջնորդեր անոր, որ իբրեւ թէ քառեակէն դուրս կու գանք, կամ քառեակ չկայ», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:
Քառեակը Կ՛առաջարկէ Ազգային Ժողովի
Քննարկումներ Կազմակերպել Արտագաղթին Շուրջ
Ազգային ժողովի աշնանային նստաշրջանի առաջին նիստին Հայ ազգային քոնկրես խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան ոչ իշխանական քառեակին անունով առաջարկեց անյապաղ հրաւիրել խորհրդարանական քննարկումներու ահագնացող արտագաղթի հարցին շուրջը: Հայ ազգային քոնկրեսը, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը եւ Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը երէկ նաեւ յայտարարեցին, որ չեն մասնակցիր հաշուեքննիչ յանձնախումբի աշխատանքներուն:
Հայ ազգային քոնկրես խմբակցութեան ղեկավար Լեւոն Զուրաբեան պահանջեց աղէտալի չափերու հասնող եւ երկրին անվտանգութեան սպառնացող արտագաղթի նիւթը դարձնել քննարկման առարկայ. «Երկրէն, ըստ պաշտօնական վիճակագրութեան եւ ոչ չարամիտ ընդդիմութեան պնդումներու, 2008-2013 թուականներուն հեռացած է 212 հազար մարդ: Հայաստանի ամբողջ պատմութեան մէջ ասիկա առաջին դէպքն է, երբ խաղաղ պայմաններու մէջ բնակչութիւնը կ՛արտագաղթէ: Մենք կը պահանջենք Ազգային ժողովի նախագահէն, օգտագործելով Կանոնակարգի 18-րդ կէտով տրուած լիազօրութիւնները, անյապաղ հրաւիրել Ազգային ժողովի քննարկումներու` այդ անյետաձգելի հարցով: Ի դէպ, այս առաջարկը նաեւ կ՛ընեն քառեակի անունով»:
Ռուբէն Յակոբեան (Ժառանգութիւն) խորհրդարանի նախագահին յիշեցուց. «Պարոն Սահակեան, միասին էինք, սահմանամերձ շրջաններ այցելութեան ժամանակ, երբ փաստուեցաւ այն մասին, որ քանի մը տարի առաջ դպրոցին մէջ (անունը չտամ, դուք գիտէք) առաջին դասարանի 30 աշակերտ արձանագրուած է: Այս տարի միայն մէկ: Մենք իրաւունք չունինք այս ազգային անվտանգութեան ուղղակի հարուածող փաստը չարծարծել»:
Արամ Մանուկեան (Հայ ազգային քոնկրես) վերջնական որոշումը ձգեց Հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւորներուն, բաց թէ դռնփակ, երբ եւ ուր որ կ՛ուզեն, միայն թէ արտագաղթի հարցը քննարկուի:
Այս բոլորը լսելէ ետք Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան յայտարարեց. «Եթէ արդէն դուք գնահատական կու տաք, թէ ի՛նչ բանի հետեւանք է, ալ ի՞նչ պիտի քննարկենք»:
Լեւոն Տէր Պետրոսեան Եւ Գագիկ Ծառուկեան
Հանդիպում Ունեցան
Երէկ տեղի ունեցած է Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի հանդիպումը, որուն մասնակցած են Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութենէն Վարդան Օսկանեան, Նայիրա Զոհրաբեան եւ Ստեփան Մարգարեան, իսկ Հայ ազգային քոնկրեսէն` Լեւոն Զուրաբեան, Արամ Մանուկեան եւ Աւետիս Աւագեան: Այս մասին հաղորդած է Գագիկ Ծառուկեանի մամլոյ բանբեր Իվեթա Տօնոյեան:
Հաղորդագրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են քառեակի համագործակցութեան արդիւնքները, միացեալ հանրահաւաքի կազմակերպման եւ նախապատրաստման հետ կապուած հարցեր: Երկու քաղաքական ուժերը վերահաստատած են ներկայ իրավիճակին առաջարկուող սահմանադրական փոփոխութիւններու ճամբով երկրի կառավարման համակարգի փոփոխութեան անընդունելիութեան մասին իրենց դիրքորոշումները եւ առաջնային կը նկատեն երկիրը զարգացման ճամբուն վրայ դնելուն ուղղուած բարեփոխումներու իրականացումը:
Կողմերը նաեւ կարեւոր նկատած են մինչեւ հանրահաւաքը քառեակի շրջանակներուն մէջ միացեալ այցելութիւնները մարզել` ընդհանուր օրակարգի հարցերու շուրջ ժողովուրդը իրազեկելու եւ համախմբելու նպատակով:


