Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յունաստան Կը Քրէականացնէ Ցեղասպանութեանց Ժխտումը

September 11, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0910Kaspar9 սեպտեմբեր 2014-ին Յունաստանի խորհրդարանը քուէներու մեծամասնութեամբ որդեգրեց «խտրականութեան, օտարատեացութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ» օրէնքի նախագիծը, որ մշակուած էր երկրին արդարադատութեան նախարարութեան կողմէ:

Օրէնքի թիւ 2 յօդուածին մէջ կ’արձանագրուի, թէ քրէական յանցագործութիւն կը նկատուի եւ ազատազրկման ու տուգանքի ենթակայ կ’ըլլայ հրեաներու Ողջակիզման, միջազգային դատարաններուն, կամ Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ ընդունուած ցեղասպանութիւնները ժխտող, հեգնող, կամ ոեւէ ձեւով նուաստացուցիչ յայտարարութիւն կատարող անձ:

Նշենք, որ Յունաստանի խորհրդարանը երեք ցեղասպանութիւններ ընդունած է պետական օրէնքով` Պոնտոսի յոյներու (1994), հայերու (1996) եւ Փոքր Ասիոյ յոյներու (1998): Նախանցեալ օր քուէարկուած օրէնքին համաձայն, այս երեք ցեղասպանութիւններն են որոնց ժխտման համար է նաեւ, որ կը նախատեսուի քրէական հետապնդում եւ դատապարտման պարագային ազատազրկում ու ծանր տուգանք:

ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը, երկար ժամանակ, լռելեայն եւ յամառօրէն հետապնդած է, գործակցելով յունական, պոնտական եւ փոքր ասիական կազմակերպութիւններու հետ` յաջողցնելու համար այս օրէնքին ընդունումը յունական պետութեան կողմէ: Այս աշխատանքին ընթացքին տեղի ունեցած են բազմաթիւ հանդիպումներ համապատասխան նախարարներու եւ երեսփոխաններու հետ: Յանձնախումբի անդամներ ներկայ եղած են խորհրդարանի յատուկ յանձնախումբի նիստին եւ հոն ներկայացուցած նման օրէնքի մը ընդունման անհրաժեշտութիւնը: Երկար ձգձգումներէ ետք, ի վերջոյ ընդունուեցաւ համապատասխան օրէնքը:

2008-ին Եւրոպական միութիւնը ընդունեց «ցեղապաշտութեան եւ օտարատեացութեան դէմ որոշում-շրջանակ»-ը, որուն հիման վրայ Յունաստանի խորհրդարանը որդեգրեց ներկայ օրէնքը:

«9 սեպտեմբեր 2014-ը պատմական օր մըն է ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդներուն համար, որովհետեւ Յունաստանը եւրոպական այլ երկիրներու կարգին, կը քուէարկէ ցեղասպանութեանց ուրացման դէմ օրէնք մը: Օրէնք մը, որ կրնայ կանխարգիլել բոլոր անոնց, որոնք կը խեղաթիւրեն իրականութիւնը եւ կը նզովեն ցեղասպանութեանց զոհերը», ըսաւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան:

«Կոչ կ’ուղղենք Եւրոպական Միութեան անդամ մնացեալ երկիրներուն, որ դիմեն նման մարդկային արդար քայլերու` պատժելով Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման ջատագովները: Թուրքիան եւս պէտք է գիտակցի, թէ ինչքա՛ն շարունակէ ժխտողականութեան իր քաղաքականութիւնը, թող չակնկալէ, որ կրնայ դառնալ Եւրոպայի մարդկային արժէքներուն հաւատացող երկիրներու ընտանիքին անդամ», ըսաւ Գասպար Կարապետեան:

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը կը շնորհաւորէ Յունաստանի կառավարութիւնը, խորհրդարանի անդամները, Պոնտոսի եւ Փոքր Ասիոյ յոյներու կազմակերպութիւնները եւ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը, իրենց արդար պայքարի յաջող աւարտին համար: Յանձնախումբը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ յոյն ժողովուրդին, որ անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, թէ կը շարունակէ  եղբայրական զգացումներ տածել հայ ժողովուրդին նկատմամբ:

 

Նախորդը

Մամետեարով. «Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Նախագահներու Հանդիպումին Թուականը Կը Յստակացուի»

Յաջորդը

«Յունաստանի Որոշումը` Օրէնքով Պատժել Ցեղասպանութիւնը Ժխտողները, Ողջունելի Է» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.