Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին Շուրջ Ֆրանսայի Աչքերը Միշտ Բաց Կը Պահէ

September 10, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Fotor0908135428Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբը 2015 թուականը կը նկատէ հանգրուանային թէ՛ Հայոց ցեղասպանութեան հարցի արծարծման, թէ՛ ղարաբաղեան տագնապի շուրջ լուծումներ գտնելու առումով: Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մուրատ Փափազեան «Արմէնփրես»-ին յայտնեց, որ իրենք անընդհատ աշխատանք կը տանին, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղը բանակցութիւններուն մասնակցի իբրեւ կողմ: «2015-ը արդիւնքի պէտք է հասցնէ մեզի, ու Ղարաբաղի հարցը գլխաւոր կէտերէն մէկն է, որպէսզի հասնինք խաղաղութեան ու արդարութեան: Մենք պէտք է Ղարաբաղի բանակցութիւններուն կողմ ըլլալու հարցը միշտ դնենք սեղանի շուրջ: Որեւէ ձեւաչափով պէտք է Ղարաբաղը մասնակցի բանակցութիւններուն եւ բերէ իր տեսակէտները: Ֆրանսան դէմ չէ, կը կարծեմ», յայտնեց Մուրատ Փափազեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբը, նախաձեռնութիւն ունի՞ Ֆրանսայի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչնալու բանաձեւ մշակելու, Մուրատ Փափազեան նշեց. «Դժուար հարց է, որովհետեւ Ֆրանսա Մինսքի խմբակի համանախագահ է, եւ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ հետ կը փնտռէ ուղիներ, որպէսզի վերջնական լուծում գտնուի խնդիրի լուծման համար: Ֆրանսայի ցանկութիւնը արդար լուծում գտնուիլն է, մենք միշտ կը ներկայացնենք իրականութիւնը, որ Ազրպէյճան յարձակողական կողմ է, որ հակախաղաղարարական գործունէութիւն կը ծաւալէ: Ֆրանսայի աչքերը բաց են, այսինքն` գիտէ, որ Ազրպէյճան կը յարձակի, Ազրպէյճան կը խանգարէ, բայց դժուար է, որովհետեւ այլ կողմեր ալ կան, որոնք միաձայն չեն լուծման շուրջ»:

Ըստ Փափազեանի, նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ կը ցանկայ լուծում գտնել ու դերակատար ըլլալ ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման գործին մէջ: «Մենք իրեն հետ քաղաքական 15 տարուան համագործակցութիւն ունինք, համակրանքը Հայ դատի շուրջ առկայ է», աւելցուց Մուրատ Փափազեան:

Նախորդը

Մարք Քըրք Փորձեց Յստակացնել Թուրքիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանի Թեկնածուի Դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցով

Յաջորդը

Արցախ Պատրաստ Է Վերադարձնելու Ազրպէյճանցի Անչափահաս Սահմանախախտը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.