Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Անյապաղ Իշխանափոխութեան Զոհերը Որո՞նք Պիտի Ըլլան» Հարց Կու Տայ Արմէն Ռուստամեան

October 13, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1012_armenՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը յայտնեց, թէ ինք գիտէր, որ Գագիկ Ծառուկեան կ՛ուզէ նախագահ դառնալ: Այդ պատճառով էր, որ Դաշնակցութիւնը կ՛ուզէր փոխել սահմանադրութիւնը: «Մենք ըսած էինք, որ նախագահի պաշտօնը այդ լիազօրութիւններով պէտք է վերացնել հիմա, ոչ թէ նախագահի աթոռէն ետք, որովհետեւ նախագահի աթոռին եկողը, իր գալէն ետք բացարձակապէս չի մտածեր այդ համակարգը փոխելու մասին», ըստ «Ա1 փլիւս»-ի յայտնեց Արմէն Ռուստամեան:

Դաշնակցական պատգամաւորը դէմ չէ, որ ընդդիմադիր եռեակը այսօր իսկ  իշխանափոխութիւն կատարէ, իրենք ալ իշխանափոխութիւն կ՛ուզեն, բայց ամբողջական, ոչ թէ մարդոց. «Մենք մարդափոխութեան դէմ ենք», ընդգծեց ան:

Արմէն Ռուստամեանը տակաւին չի գիտեր, թէ ընդդիմադիր եռեակի նախաձեռնած անյապաղ իշխանափոխութիւնը խաղաղ ձեւերո՞վ պիտի կատարուի, թէ՞ արիւնահեղութեամբ: Այդ հարցէն բացի, դաշնակցական պատգամաւորը պէտք է գիտնայ, թէ որոնք պիտի ըլլան զոհերը. «Այդ, այսպէս ըսած, զոհուողները որո՞նք պիտի ըլլան` առաջնորդողնե՞րէն, թէ՞ հասարակ ժողովուրդէն, որովհետեւ ով որ  անյապաղ իշխանափոխութեան ծրագիրով եկաւ, նախ եւ առաջ վստահեցուց  մարդոց, որ իրենցմէ բացի ոչ մէկ զոհ պիտի պահանջուի: Բայց պահանջուեցաւ»:

Միւս կողմէ, պատասխանելով Tert.am-ի այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զոհրաբեանի յայտարարութիւնը, թէ ՀՅԴ-ն թող իշխանութիւններուն հետ յարաբերութիւնները ճշգրտէ, որմէ ետք կը քննարկեն անոր հետ հետագայ հաւանական համագործակցութեան հարցերը, Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան ըսաւ, որ պատնէշներու հոտ կու գայ, դարձեալ իւրայինի եւ օտարի հոտ կու գայ այս բոլորէն, ինչ որ լաւ տեղ չի տանիր:

«Եթէ ճշգրտելու մասին է խօսքը, իրենք ալ անընդհատ բաներ կը ճշգրտեն, բայց մենք կը խօսինք 12 կէտի մասին` իբրեւ ճշգրտուած եւ համաձայնուած բան, թող այս մասին խօսին, որ այն, ինչ որ համաձայնած ենք, այդ համաձայնութիւնները խախտուած են, եւ պէտք չէ հարցը այլ տեղեր շեղել», ըսաւ ան:

Ռուստամեան նշեց, որ իրենք իշխանութիւններուն հետ ինչ որ կը ճշգրտեն բաց է ու հրապարակային: «Մենք ըսած ենք մեր առաջարկը` կապուած սահմանադրական փոփոխութիւններուն հետ, եւ անոնց պատասխանէն մենք կը հասկնանք` կը պաշտպանե՞նք, թէ՞ ոչ. ըսած ենք», նշեց ան:

Նշենք, որ թէեւ քառեակը խոստացած էր, որ հանրահաւաքին Դաշնակցութեան տեսակէտը 12 կէտի մասով նոյնպէս պէտք է ներառուի ամփոփումին մէջ, սակայն եռեակը յայտարարած էր, որ կ՛ամփոփեն միայն եռեակին անունով:

«Թող եռեակին կողմէ ընեն, գումարեն անոր արտախորհրդարանական ուժերուն տեսակէտը, ինչ կ՛ուզեն` թող ընեն, բայց այն, ինչ որ մենք իրարու հետ պայմանաւորուած ենք, այդ մէկը  չյարգելը արդէն լաւ բանի նշան չէ», ըսաւ Ռուստամեան:

 

 

Նախորդը

Ըստ Եւրասիական Տնտեսական Յանձնախումբի Նախագահին. «Հայաստանի Եւ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Միջեւ Ընդհանուր Սահմանի Բացակայութիւնը Խնդիր Չէ»

Յաջորդը

Եւրոպացի Ժողովուրդի Կուսակցութեան Նախագահը Դատապարտած Է Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Աւերումը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.