Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով ուրբաթ, 10 հոկտեմբերի երեկոյեան պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստանի Հանրապետութիւն հասաւ Սերպիոյ Հանրապետութեան նախագահ Թոմիսլաւ Նիքոլիչը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ շաբաթ օր տեղի ունեցաւ Սերպիոյ նախագահի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն յաջորդեց երկու երկիրներու նախագահներուն երկկողմանի հանդիպումը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնեց, որ Սերպիոյ նախագահին այցելութիւնը նոր խթան կը հաղորդէ հայ-սերպական քաղաքական երկխօսութեան եւ երկկողմանի համագործակցութեան օրակարգը յառաջ մղելու գործին, յայտնեց նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:
Սերպիոյ նախագահը իր կարգին վստահեցուց, որ իր երկիրը կը կատարէ առաւելագոյն ջանքեր` հայ-սերպական միջպետական կապերը սերտացնելու եւ համագործակցութիւնը խորացնելու համար:
Հանդիպման աւարտին նախագահ Սերժ Սարգսեան Թոմիսլաւ Նիքոլիչը պարգեւատրեց Փառքի շքանշանով` Հայաստանի Հանրապետութիւն պաշտօնական այցելութեան առիթով եւ ի նշանաւորում հայ-սերպական աւանդական բարեկամութեան: Նախագահ Թոմիսլաւ Նիքոլիչ փոխադարձաբար նախագահ Սերժ Սարգսեանը պարգեւատրեց Սերպիոյ Հանրապետութեան շքանշանով:
Երէկ Հայաստանի նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստանի Հանրապետութիւն գտնուող Սերպիոյ Հանրապետութեան նախագահ Թոմիսլաւ Նիքոլիչի ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները` երկու երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ:
Բանակցութիւններէն ետք տեղի ունեցաւ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան զարգացման եւ խորացման ուղղուած փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւնը:
Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Թոմիսլաւ Նիքոլիչ հանդիպման արդիւնքները ամփոփեցին լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ կատարուած յայտարարութեամբ:
Երէկ առաւօտեան Սերպիոյ նախագահը այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, ուր ծաղկեպսակ զետեղեց Հայոց մեծ եղեռնի զոհերու յուշարձանին եւ յարգանքի տուրք մատուցեց անմեղ զոհերու յիշատակին:


