Գլխաւոր լուրեր

1009_tatoul

Մամլոյ 97-րդ Լսարան. Թաթուլ Յակոբեան Զեկուցեց Հայաստանի Հանրապետութեան` Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Անդամակցութեան Մասին

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ 97-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ` հինգշաբթի, 9 հոկտեմբեր 2014-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: Լսարանի զեկուցաբերն էր հայրենի լրագրող, «Ազդակ»-ի երեւանեան աշխատակից, փորձագէտ եւ վերլուծաբան Թաթուլ Յակոբեան, որուն զեկուցումին խորագիրն էր` «Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութիւնը Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան առաջնային ուղղութիւնները»: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Ժաք Յակոբեան, որ անդրադարձաւ, թէ...

ARF-Kabani-600×285

Յայտարարութիւն. Թուրքիան Ծրագրել Է Հիւսիսային Սիրիան Գրաւել

Անկախ սիրիական տագնապի ամբողջ տեւողութեան Թուրքիայի որդեգրած դերակատարութիւնից, վերջին շաբաթներին Թուրքիայի պահուածքը Սիրիայի հիւսիսային շրջաններում իրադարձութիւնների, յատկապէս` Հայոց ցեղասպանութիւնից վերապրածների կողմից հիմնադրուած Արաբունար (քրտերէն` Քոպանի, արաբերէն` Այն Արապ) քաղաքի վրայ Իսլամական պետութեան յարձակումներին ի տես, վկայում են այն մասին, որ Թուրքիան յստակ ծրագիր է հետապնդում Իսլամական պետութեան միջոցով գրաւել հիւսիսային Սիրիան: Այս մասին է վկայում Թուրքիայի որոշումը` այս պահին եւ...

sykes-2

Ակնարկ. Թուրքիոյ Տարածքային Ամբողջականութիւնը Օրակարգային Խնդիր Է

Հիւսիսատլանտեան դաշինքի ընդհանուր քարտուղար Հանս Սթոլթընպըրկի յայտարարութիւնը, թէ` «մեր գլխաւոր խնդիրն է Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութիւնը, կայ ցամաքային ուժեր տեղակայելու հաւանականութիւն, եթէ մենք տեսնենք անվտանգութեան սպառնացող որեւէ գործողութիւն», տարածաշրջանային իրադարձութիւններու խորապատկերին վրայ քաղաքական տրամաբանութեան քանի մը մեկնաբանութիւն կրնայ յուշել: Նախ անշուշտ, դասական պարզ այն մօտեցումը, որ ՕԹԱՆ-ը կը զօրակցի իր անդամ պետութիւններուն եւ ի պահանջեալ հարկին զինուորական միջամտութեան կը դիմէ:...

0ywIcn9heyu2URTrUtgc7r4kKP

Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Յակոբ Ինջիղուլեանը

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ ընդունեց տարիէ մը աւելի ազրպէյճանական գերութեան մէջ մնացած եւ վերջերս հայրենիք վերադարձած զինուոր Յակոբ Ինջիղուլեանը եւ անոր ընտանիքին անդամները: Պաշտպանութեան նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Յակոբին ցուցաբերած տոկունութեան եւ հայրենասիրական վարքին համար: Ինջիղուլեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց ազրպէյճանական գերութեան ընթացքին իր նկատմամբ ցուցաբերուած անմարդկային վերաբերմունքին, հոգեբանական եւ ֆիզիքական ճնշումներուն վերաբերեալ: Սէյրան Օհանեան յոյս յայտնեց, որ ան հայրենիքին եւ...

8472_b

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Մասնակցեցաւ Էջմիածինի Տօնին

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Էջմիածինի մէջ  մասնակցեցաւ քաղաքի տօնին` Էջմիածինի 2699-ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն:   Հանրապետութեան նախագահը նախ այցելեց Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցի, մոմ վառեց, ապա տօնակատարութեան մասնակցող էջմիածինցիներուն եւ քաղաքի հիւրերուն հետ այցելեց Կոմիտասի անուան մշակոյթի պալատ, մասնակցեցաւ Էջմիածինի տօնին նուիրուած հանդիսաւոր նիստին: Նախագահ Սերժ Սարգսեան հիմնական նորոգութեան ենթարկուող մշակոյթի պալատի երկրորդ յարկին մէջ դիտեց քաղաքի տօնին առիթով բացուած...

1007_sahakian_usupashvili

Գալուստ Սահակեան Վրաստանի Մէջ Արծարծեց Հայկական Եկեղեցիներու Պահպանութեան Հարցը

Սահակեան եւ Ուսուփաշվիլի Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Վրաստան պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ տեսակցեցաւ Վրաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Ուսուփաշվիլիի հետ, որուն ուշադրութեան յանձնեց Վրաստանի մէջ հայկական եկեղեցիներու պաշտպանութեան հարցը: Շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւէրին եւ ջերմ ընդունելութեան համար, Գալուստ Սահակեան բարձր գնահատեց Վրաստանի հետ միջպետական յարաբերութիւնները` համոզում յայտնելով, որ հայ-վրացական յարաբերութիւնները վերընթաց կ՛ապրին: Սահակեան կարեւոր նկատեց...

1007_aachen_cathedral

Գերմանիոյ Բոլոր Եկեղեցիներուն Զանգերը Միաժամանակ Պիտի Հնչեն Ի Յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն

Ախենի տաճարը PanArmenian.net կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ Միջեկեղեցական խորհուրդի տարեկան նիստին ընթացքին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին վերաբերեալ որդեգրուած է պաշտօնական յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ անցած է հարիւրամեակ մը, սակայն կատարուածը իր ծանր ազդեցութիւնը ձգած է ոչ միայն հայ ժողովուրդին, այլ նաեւ միջազգային ընտանիքին վրայ: «2015-ին մենք պիտի ոգեկոչենք Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրագործուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: 1915-1922 թուականներուն մէկուկէս...

IMG_409

Արամ Ա. Կաթողիկոս Եւ Լիբանանի Մէջ Իրանի Դեսպանը Կը Դատապարտեն Տէր Զօրի Մատրան Ականահարումը

Երեքշաբթի, 7 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանի գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթըհ Ալին: Ծանօթացման այս առաջին հանդիպումին ընթացքին վեհափառ հայրապետը ընդհանուր գիծերով տեղեկութիւն տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան մասին, թէ՛ շրջանին մէջ եւ թէ՛ միջազգային մակարդակի վրայ: Ուշադրութեան յատուկ առարկայ դարձաւ Իրանի հայկական գաղութը: Վեհափառ հայրապետը եւ դեսպանը ողջունեցին իրանահայութեան կազմակերպ...

1006_colville

ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Հարցերով Գերագոյն Յանձնակատարը Դատապարտած Է Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Աւերումը

Ռուփըրթ Քոլվիլ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց հարցերով գերագոյն յանձնակատարի բանբեր Ռուփըրթ Քոլվիլ յայտարարած է, որ ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց հարցերով գերագոյն յանձնակատարը դատապարտած է ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ականահարումը: «Մեզ տեղեակ պահած են, որ ՏԱՀԵՇ սեպտեմբերի կէսերուն հայկական կարեւոր եկեղեցի մը ոչնչացուցած է Սուրիոյ Տէր Զօր քաղաքին մէջ: Մենք կը դատապարտենք եկեղեցւոյ եւ այլ կրօնական հաստատութիւններու ոչնչացումը», ըսուած է...

1006_Sargsian_bordyuzha

Նախագահ Սարգսեան Կը Դժգոհի Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Վերաբերեալ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան Որոշ Անդամներու Դիրքորոշումէն

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան, յայտնեց նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը: Նախագահ Սարգսեան ողջունեց Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի այցելութիւնը, որ կը կրէր նպատակային բնոյթ եւ կապուած էր վերջին շրջանին կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու սահմաններուն նկատուած լարուածութեան շիկացման, ներառեալ օգոստոսին հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ իրավիճակի կտրուկ սրման հետ: «Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ, ցաւօք,...

061014HJDHaravayinTev-Info

Հանդիպում Բակօ Սահակեանին Հետ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 6 հոկտեմբերին այցելած  է հանրապետութեան հարաւային թեւ եւ հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ ղեկավար կազմի խումբ մը անդամներու հետ` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի գլխաւորութեամբ: Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն կը  յայտնեն, որ նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատած է Հայաստանի եւ սփիւռքի մասնակցութիւնը Արցախի տարբեր ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ` նշելով, որ նման մօտեցումը կը հանդիսանայ հանրապետութեան...

1005_hamerk1

Պոլսոյ «Վարդանանց» Երգչախումբի Աննախընթաց Ելոյթը Լիբանանի Մէջ

Ծափահարութիւններ, յոտնկայս եւ երկար ծափահարութիւններ, նորէն ծափահարութիւններ, քանզի լիբանանահայ մշակութասէր հանդիսատեսը սքանչացած էր Պոլսոյ «Ս. Վարդանանց դպրաց դաս» երգչախումբի աննախընթաց ելոյթով: Պոլսոյ «Վարդանանց» երգչախումբը, բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, իր աննախընթաց ելոյթը ունեցաւ շաբաթ, 4 հոկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Փիեռ Ապու Խաթեր» սրահին մէջ, խմբավարութեամբ` Ատրուշան սրկ.  Հալաճեանի...

1385380_588355424599821_5181464016787226311_f

Նոր Գիւղը Թիրախ

«ԳԱՆՁԱՍԱՐ» – Մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման անգերազանցելի արարքներ տեղի կ՛ունենան Հալէպի, ի մասնաւորի Նոր Գիւղի շրջանին մէջ: Հայկականութիւն բուրող այս տարածքը կ՛ ենթարկուի վայրագ ահաբեկչական գործողութիւններու: Հայահոծ Նոր Գիւղը թիրախ դարձուցած ահաբեկչական զինեալ ընդդիմութեան հրոսակներու ինքնութեան մէջ յստակօրէն կարելի է տեսնել թրքական ներգործութիւնը: Հայերու պատկան բնակարաններ են, որոնց հրկիզողները հայու կամքի հզօրութեան դիմաց անկար ըլլալու մահացու բարդոյթէն կը տառապին…    ...

Agn_Turkey

Ակնարկ. Թրքական Փոթորկոտ Գարուն` Քաղաքական Եղանակի Կանխատեսումներով

Միջինարեւելեան տարածաշրջանային պատերազմը կտրուկ դիմափոխութիւններու կ՛ենթարկուի: Եթէ Սուրիոյ պարագային բանակ-ազատ բանակ ձեւաչափով էր առաջին փուլը, ապա անիկա վերածուեցաւ ՏԱՀԵՇ-վարչակարգ ընդհարումներու վրայ կեդրոնացած պատերազմի: Հիմա արդէն մարտերու թէժ կէտերուն մէջ ներգրաւուած են քիւրտերն ու իսլամական պետութեան զինեալները: Անշուշտ որոշ տարբերութիւններով` իրավիճակը ընդհանուր առումով նոյնն է Իրաքի պարագային: Այնտեղ եւս իրադարձութիւններուն վրայ բացուած լուսարձակները  կը վերաբերին Իսլամական պետութեան ուժերուն կողմէ վերահսկուող տարածքներուն...

1003_Fotor01003153028-f

ՀՅԴ-Ն Եւ Բարգաւաճ Հայաստան Կուսակցութիւնը Կուտակայինի Հարցով Դիմեցին Սահմանադրական Դատարան

Ազգային ժողովի ոչ իշխանական ուժերը «Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» նոր օրէնքի սահմանադրութիւնը վիճարկելու խնդիրով դիմում ներկայացուցած են Սահմանադրական դատարան, «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին մէջ տեղեկացուցած է Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան: «Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» նոր օրէնքը յարակից փոփոխութիւններով սահմանադրութեան հակասելու վերաբերեալ դիմումը ներկայացուեցաւ Սահմանադրական դատարան (դիմումը եւ կից փաստաթուղթերը` 500 էջ)», գրած է պատգամաւորը: Արծուիկ Մինասեան հրապարակած է նաեւ Սահմանադրական...

1002_100amiag-f

100-Ամեակի Մարմինի Նիստ` Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան Մէջ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը իր հերթական նիստը գումարեց հինգշաբթի, 2 հոկտեմբեր 2014-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ: Նիստին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան եւ դեսպանութեան խորհրդական Աշոտ Վարդանեան: Նիստին հրաւիրուած էին նաեւ  Լիբանան-Հայաստան բարեկամութեան ընկերակցութեան փոխնախագահ Հրայր Տանձիկեան եւ Լիբանանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Յարութ Ֆազլեան: Քննարկումները կը վերաբերէին դեկտեմբեր 2014-էն...

1002_Ahrar–Tashnak—2

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Տորի Շամունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, բաղկացած` ընկեր Յակոբ Խաչերեանէ եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիէ, երէկ այցելեցին Ազգային ազատականներ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Տորի Շամունի: Քննարկուեցան լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները քաղաքական եւ ապահովական առումով, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ բանակին նկատմամբ զօրակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

1002_խաչիկ-f

Արժանթինի Մէջ Կը Սկսի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Նուիրուած Միամեայ Արշաւը

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան Արժանթինի հայ համայնքը արդէն ստեղծած է համայնքային յանձնախումբ, որուն որոշումով եւ նախաձեռնութեամբ տեղի պիտի ունենան Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկները: Տեղի պիտի ունենան քաղաքական, կրօնական, մշակութային եւ ակադեմական ձեռնարկներ: «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցին ընթացքին Պուէնոս Այրեսի Սան Անտրեսի համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու դասախօս փրոֆ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան շեշտեց, որ ձեռնարկներուն նպատակն է քարոզչական լայն արշաւ նախաձեռնել ամբողջ տարուան ընթացքին, հարցին...

1002_Ohanian_james-stavridis

Օհանեան Ընդունեց Ամերիկացի Մասնագէտներ

Հայաստանի Հանրապետութեան  պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան  երէկ ընդունեց Ֆլեթչըրի իրաւունքի եւ դիւանագիտութեան դպրոցի տնօրէն Ճէյմս Սթաւրիտիսը, «Դաւիթեան» հիմնադրամի հիմնադիր Ասօ Դաւիթեանը եւ հիմնադրամի աշխատանքները համակարգող Ճոյս Պարսամը: Տեսակցութեան մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի ընդհանուր հրամանատար զօրավար Եուրի Խաչատուրով, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեան եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնատարներ: Նախարար Սէյրան Օհանեան ներկայացուց պաշտպանական մարզին մէջ իրականացուող բարեփոխումները, զինուորական կրթութեան մարզի...

Page 823 of 885 1 … 822 823 824 … 885