Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ մասնակցեցաւ Մինսքի մէջ տեղի ունեցած ԱՊՀ-ի մասնակից պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին: Օրակարգի վրայ էին շուրջ երկու տասնեակ հարցեր, որոնց շարքին նաեւ` այսօր տեղի ունենալիք ԱՊՀ-ի վեհաժողովի քննարկման ներկայացուելիք փաստաթուղթերու եւ ԱՊՀ-ի ձեւաչափին մէջ իրականացուող բազմակողմ համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր: ԱՊՀ-ի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները վաւերացուցին Համաշխարհային Բ. պատերազմի յաղթանակի 70-ամեակին առիթով ԱՊՀ-ի մասնակից երկիրներու ղեկավարներու ուղերձին նախագիծը, որուն մէջ կոչ կ՛ուղղուի աշխարհի երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն վճռականօրէն հակազդելու նացիական շարժման հերոսացման, ֆաշական գաղափարախօսութեան վերակենդանացման, այլատեացութեան եւ խտրականութեան տարածման, զոհերն ու դահիճները հաւասարեցնելու փորձերուն: Նախարարներու խորհուրդին մէջ նաեւ քննարկուեցաւ մարդասիրական մարզին մէջ 2015-2016 թուականներուն ԱՊՀ-ի ծիրին մէջ իրականացուելիք համագործակցութեան ծրագիրը, որով կը նախատեսուի մշակոյթի, կրթութեան, գիտութեան, տեղեկատուական, գրահրատարակչութեան մարզերուն մէջ շուրջ 200 ձեռնարկներու կազմակերպում: Խորհուրդին մասնակիցները որոշում տուին գրաւոր ժառանգութեան պահպանման եւ վերականգնման մարզին մէջ ԱՊՀ-ի խարիսխային կազմակերպութեան կարգավիճակ շնորհել Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկին:


