Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան Ստորագրեց Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Անդամակցութեան Համաձայնագիրը

October 11, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1010_Minsk1Երէկ Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ ԱՊՀ-ի վեհաժողովին յաջորդած Եւրասիական գերագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտարարուեցաւ Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան մասին:

1 յունուար 2015-էն պիտի սկսի գործել Եւրասիական տնտեսական միութիւնը, որուն կ՛անդամակցի նաեւ Հայաստան:

Հայաստանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց Պիելոռուսիոյ` նշելով, որ վերջին տասնամեակին աւանդաբար այդ երկրին մէջ կ՛ընդունին բոլորին համար կարեւոր վճիռները:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ըսաւ, թէ համոզուած է, որ Հայաստանի անդամակցութեան մասին փաստաթուղթը պատմական է, անոր միջոցով պիտի սկսի յետխորհրդային տարածքին մէջ համարկման նոր հանգրուան մը:

Հայաստան որոշած է անդամակցիլ Եւրասիական տնտեսական միութեան, որովհետեւ այդ կառոյցը կը նկատէ յետխորհրդային տարածքին մէջ պետութիւններու համագործակցութեան հիմնական ձեւաչափ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ Հայաստանի պարագան անշուշտ  իւրայատուկ է, որովհետեւ հանրապետութիւնը չունի սահմաններ միութեան այլ երկիրներու հետ, սակայն ինք համոզուած է, որ ատիկա խոչընդոտ չի դառնար Հայաստանի համարկման:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ըսաւ, թէեւ համոզուած է, որ Հայաստան պատրաստ է Ռուսիոյ, Ղազախստանի եւ Պիելոռուսիոյ հետ հաւասար աշխատելու Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ:

Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ, որ նախապէս վերապահումներով խօսած էր Հայաստանի անդամակցութեան կարելիութեան մասին, նոյնպէս նշեց, որ այլեւս խոչընդոտներ չկան:

«Աւելի՛ն, կարելի եղած է փոխզիջման հասնիլ փափկանկատութիւն պահանջող այն հարցին մէջ, թէ ո՛ր սահմաններով Հայաստան պիտի անդամակցի: Այդ հարցն ալ արդէն վերցուած է», ըսաւ Նազարպայեւ:

Մասնակցութիւն` ԱՊՀ-ի Վեհաժողովին

Աշխատանքային այցելութեամբ Պիելոռուսիա գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Մինսքի մէջ մասնակցեցաւ ԱՊՀ-ի պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի ժողովին, որուն ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ, նիստի օրակարգի հարցերէն յատկապէս առանձնացուց Համաշխարհային Բ. պատերազմի յաղթանակի 70-ամեակին առիթով ԱՊՀ-ի երկիրներու ժողովուրդներուն եւ միջազգային հանրութեան ուղղուած ուղերձը:

«Քսաներորդ դարու համաշխարհային երկու պատերազմներու արիւնալի դասերը, ինչպէս մեր ժողովուրդներու հերոսութեան դասերը, պէտք է տպաւորուին ապագայ սերունդներու յիշողութեան մէջ», յայտարարեց Հայաստանի նախագահը` շարունակելով «Այդ առիթով նախատեսուած ձեռնարկները պէտք է ընդգծեն առաջնահերթութիւնը մեր երկիրներուն  համար այնպիսի հարցերու, ինչպիսիք են հակադարձումը պատմութեան վերաքննականութեան եւ նացիականութեան հերոսացման փորձերուն, խտրականութեան, այլատեացութեան եւ անհանդուրժողականութեան դրսեւորումներու դէմ պայքարը, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլումը, երիտասարդութեան դաստիարակութիւնը հանդուրժողականութեան, ազգամիջեան եւ միջդաւանական համերաշխութեան ոգիով»:

«Հայ ժողովուրդը լսելով չէ որ գիտէ, թէ ի՛նչ է կրօնական եւ ցեղային  անհանդուրժողականութիւնը: Յառաջիկայ տարի մենք կը նշենք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: Ամբողջ աշխարհի մէջ նախատեսուած են լայնածաւալ ձեռնարկներ: Մենք կը մեկնինք այն փաստէն, որ այդ սարսափելի յանցագործութեան կրկնութեան կանխարգիլման կարեւորագոյն գործիքներէն մէկը մարդկութեան դէմ արդէն կատարուած յանցագործութիւններու ճանաչումն ու դատապարտումն է», շեշտեց Սարգսեան:

Հայաստանի նախագահը նշեց, որ կրօնական անհանդուրժողականութեան վերջին դրսեւորումներէն մէկը դարձաւ սուրիական Տէր Զօր քաղաքին մէջ գտնուող Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Սրբոց Նահատակաց համալիրի ականահարումը, որ կազմակերպուած էր ինքզինք «Իսլամական պետութիւն» անուանող ահաբեկչական կազմակերպութեան կողմէ: Սարգսեան աւելցուց, որ այդ եկեղեցւոյ  դամբարանին մէջ պահպանուող ցեղասպանութեան զոհերու մասունքներուն պղծումը, անմարդկային հալածանքները, որոնց կ՛ենթարկուին Միջին Արեւելքի քրիստոնէական, եզիտիական եւ այլ համայնքները, չեն կրնար արդարացուիլ եւ չեն կրնար տեղաւորուիլ մեզի յայտնի կրօններու, որոնց շարքին նաեւ` իսլամական կրօնի փիլիսոփայութեան մէջ: «Մենք շնորհակալ ենք բոլոր անոնց, որոնք մեզի հետ վճռականօրէն դատապարտեցին այդ բարբարոսութիւնը»,  ըսաւ  Հայաստանի նախագահը:

Ան համոզում յայտնեց, որ աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ քաղաքական իրավիճակի սրման, միջազգային լարուածութեան աճի դիմաց` համագործակցութիւնը պէտք է ուղղուած ըլլայ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման, գոյութիւն ունեցող տագնապներու լուծման եւ հաւանական տագնապներու կանխարգիլման բացառապէս խաղաղ միջոցներով, միջազգային իրաւունքի, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան նպատակներու եւ սկզբունքներու, ինչպէս նաեւ Հելսինքեան Եզրափակիչ հռչակագիրի դրոյթներուն հիման վրայ:

Նախորդը

Եւրոպական Պատուիրակութիւնը` Հայաստանի Մէջ

Յաջորդը

Մանչեսթըր Եունայթըտ Պիտի Փորձէ Ձեռք Ձգել Կերըթ Պէյլի Ստորագրութիւնը

RelatedPosts

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը

November 28, 2026
9 Նորագիրներ Միացան ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերուն
Գաղութային

47 Նորագիրներ Միացան Դաշնակցութեան Շարքերուն` Կոչուելով «Արարատ»-ի Սերունդ

November 28, 2026
Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր  Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը  Լիպիա Տեղափոխելու»
Գլխաւոր լուրեր

Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը Լիպիա Տեղափոխելու»

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։