Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Նախկին Դեսպան Քարամը Նշանակեց Մեքանիզմի Յանձնախումբին Մօտ Լիբանանեան Պատուիրակութեան Նախագահ

December 4, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի նախագահի բանբեր Նաժաթ Շարաֆէտտին երէկ առտու յայտարարեց. «Իր սահմանադրական երդման կատարման եւ Լիբանանի գերիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ գերագոյն շահերը պաշտպանելու իր սահմանադրական լիազօրութիւններուն համապատասխան, ինչպէս նաեւ ի պատասխան 27 նոյեմբեր 2024 թուականին «Զինուորական գործողութիւններու դադրեցման մասին հռչակագիր»-ին հիմամբ ստեղծուած «Լիբանանի համար զինուորական թեքնիք յանձնախումբ»-ին նախագահող Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան ողջունելի ջանքերուն, եւ ամերիկեան կողմէն իմանալէ ետք, թէ իսրայէլեան կողմը համաձայն է նշեալ յանձնախումբի ոչ զինուորական անդամի մը մասնակցութեան, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ համակարգումէ եւ խորհրդակցութենէ ետք, նախկին դեսպան, փաստաբան Սիմոն Քարամը նշանակեց նոյն յանձնախումբին ժողովներուն մասնակից լիբանանեան պատուիրակութեան պետ: Ինչպէս նաեւ առնչակիցները տեղեակ պահուեցան որոշումէն: Ուստի դեսպան Քարամ այս հանգամանքով կը մասնակցի Նաքուրայի մէջ 3 դեկտեմբեր 2025-ին նախատեսուած յանձնախումբի ժողովին»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը աւելի ուշ յայտարարեց. «Վարչապետը ցուցմունք տուաւ իսրայէլեան խումբ մը ուղարկելու լիբանանեան կառավարական պատասխանատուներու հետ հանդիպելու»:

«Լիբանանցի պատասխանատուներու հետ հանդիպելու համար պատուիրակութեան մը նշանակումը երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններու հիմերը հաստատելու նախնական փորձ է», աւելցուց գրասենեակը:

Ըստ իսրայէլեան լրատուամիջոցներու, Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի անդամ Ուրի Ռեզնիք պիտի գլխաւորէ իսրայէլեան պատուիրակութիւնը:

Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս «Հատաս»-ին յայտնեց. «Լիբանանը աւելի արդիւնաւէտ դարձած է դեսպան Սիմոն Քարամի նշանակումով, որ տեղի կ՛ունենայ առ ի գործադրութիւն հանրապետութեան նախագահի Անկախութեան տօնի ուղերձին, որուն գլխաւոր կէտերէն մէկը յանձնախումբի ղեկավարման համար ներկայացուցիչի նշանակումն է:

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ դեսպան Քարամի եւ Ռեզնիքի յանձնախումբին միանալը ցոյց կու տայ, թէ Մեքանիզմի յանձնախումբը յանձնառու է դիւրացնելու քաղաքական եւ զինուորական քննարկումները` «տագնապէն վնասուած բոլոր հասարակութիւններուն համար անվտանգութեան, կայունութեան եւ տեւական խաղաղութեան իրագործման նպատակով»:

Իսրայէլեան կառավարութեան բանբեր Շուշ Պատրասիան նշեց. «Անկասկած, որ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ այս ուղղակի ժողովը տեղի ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի Միջին Արեւելքի դիմագիծը փոխելու ջանքերուն իբրեւ արդիւնք»:

Նախորդը

Խաղաղութեան Պապին Խաղաղութեան Պատգամը

Յաջորդը

Քրեմլինի Մէջ Ռուս-Ամերիկեան 5 Ժամ Տեւողութեամբ Բանակցութիւններ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.