Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղեց Հասան Ռուհանիին

June 8, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Իրանի  նախագահ Հասան Ռուհանիին` Թեհրանի մէջ Իրանի խորհրդարանին եւ  իմամ Խումէյնիի դամբարանի դէմ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումներուն եւ անոնց պատճառով անմեղ զոհերու եւ տասնեակ վիրաւորներու առիթով:

«Խստօրէն դատապարտելով ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղականութեան որեւէ դրսեւորում` համոզուած ենք, որ անհրաժեշտ է միասնականօրէն պայքարիլ միջազգային այդ արհաւիրքին դէմ:

«Կարեւոր նկատելով մեր դրացի եւ բարեկամ երկրին մէջ  անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը` վստահ եմ, որ Իրանի իշխանութիւնները կը ձեռնարկեն անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները նման գործողութիւններ կանխարգիլելու ուղղութեամբ:

«Այս դժուարին պահուն խորին ցաւակցութիւն եւ զօրակցութիւն կը յայտնեմ ձեզի, Իրանի բարեկամ ժողովուրդին եւ զոհուածներու  հարազատներուն, իսկ վիրաւորներուն կը մաղթեմ շուտափոյթ ապաքինում», նշուած է նախագահի ցաւակցական հեռագիրին մէջ:

Վարչապետ Կարապետեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղեց
Իրանի Նախագահի Առաջին Տեղակալին

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Իրանի նախագահի առաջին տեղակալ Էսհաղ Ճահանկիրիին:

«Խոր վրդովմունքով տեղեկացայ Իրանի խորհրդարանին եւ իմամ Խումէյնիի դամբարանին վրայ տեղի ունեցած հրաձգութեան մասին, որուն  պատճառով զոհուած են մարդիկ եւ կան բազմաթիւ վիրաւորներ: Մենք խստօրէն կը դատապարտենք ահաբեկչութիւնը, որուն դէմ պայքարը կը բխի բոլորիս շահերէն:

«Իմ զօրակցութիւնս կը յայտնեմ եւ կը ցաւակցիմ զոհերու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն, իսկ վիրաւորներուն կը մաղթեմ շուտափոյթ ապաքինում», նշուած է Հայաստանի վարչապետի ցաւակցական հեռագիրին մէջ:

Հայաստանի Խորհրդարանը Դատապարտեց Իրանի Մէջ
Տեղի Ունեցած Ահաբեկչական Գործողութիւնները

Երէկ տեղի ունեցած Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ նիստի  ընդմիջումէն ետք Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով նշեց, որ տեղեկացած է Իրանի դէպքերուն մասին: «Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանին անունով կը դատապարտենք ահաբեկչական այդ գործողութիւնները, մեր համերաշխութիւնը կը յայտնենք Իրանի բարեկամ երկրին: Ահաբեկչութիւնը ազգութիւն եւ կրօնական ուսմունք չի ճանչնար: Բոլորս Իրանի ժողովուրդին հետ ենք», ըսաւ Շարմազանով:

Նալբանդեանը Դատապարտեց Իրանի Մէջ Տեղի Ունեցած Ահաբեկչութիւնները

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ նախարար Էդուարդ Նալբանդեան դատապարտած է Իրանի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնները` նշելով. «Խստօրէն կը դատապարտենք Իրանի խորհրդարանի եւ իմամ Խումէյնիի դամբարանին վրայ տեղի ունեցած յարձակումները: Մեր համերաշխութիւնը կը յայտնենք Իրանի ժողովուրդին»:

Նախորդը

Ռուստամեան. «Կառավարութիւնը Բաւական Լուրջ Քայլեր Կատարած Է»

Յաջորդը

Արտա Թուրան Լրագրողի Մը Վրայ Յարձակած Ըլլալուն Պատճառով Հեռացուեցաւ Թուրքիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբէն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.