Երէկ տեղի ունեցած Հայաստանի կառավարութեան նիստին տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան կառավարութեան հաստատման ներկայացուց Արթուր Խաչատրեանը Շիրակի մարզպետ նշանակելու մասին որոշումը: Կառավարութիւնը ընդունեց որոշումը: Վարչապետ Կարէն Կարապետեան շնորհաւորեց նոր մարզպետը` մաղթելով արդիւնաւէտ աշխատանք:
«Պարո՛ն Խաչատրեան, ունենալով տարածքային կառավարման մարզին մէջ աշխատելու փորձ եւ առօրեայ կապ ունենալով այդ մշակոյթին եւ կանոններուն հետ, որ կ՛ուզենք մարզպետարաններուն մէջ կիրարկել, յոյս ունինք, որ շատ արագ կը համակարգէք այդ աշխատանքները», ըսաւ վարչապետը` խօսքը ուղղելով նոր նշանակուած մարզպետին:
Նախարար Լոքեան Ներկայացուցած Է Շիրակի Նոր Մարզպետը
Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան երէկ Շիրակի մարզպետարանի աշխատակազմին, հանրապետական գործադիր մարմիններու պատասխանատուներուն, համայնքապետներուն ներկայացուցած է Շիրակի նոր նշանակուած մարզպետ Արթուր Խաչատրեանը:
Նախարար Դաւիթ Լոքեան նախ շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին` Շիրակի մարզպետի պաշտօնը ՀՅԴ-ին վստահելու համար եւ հիմա արդէն` Արթուր Խաչատրեանին:
«Սիրելի՛ շիրակցիներ, մինչ Արթուր Խաչատրեանը ներկայացնելը, կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել իմ ընկերոջս` Յովսէփ Սիմոնեանին` աշխատանքին համար: Այս անցած ժամանակաշրջանին մէջ Յովսէփ Սիմոնեանը կրցաւ մարզին մէջ բարեկամական մթնոլորտ ստեղծել, աշխատիլ համագործակցութեան մթնոլորտի մը մէջ: Ինչ կը վերաբերի Արթուր Խաչատրեանին, ապա ըսեմ, որ դժկամութեամբ կը բաժնուիմ իրմէ, քանի որ ան բանիմաց ու գրագէտ անձնաւորութիւն է եւ պիտի կարենայ իր փորձառութիւնը ծառայեցնել մարզին առջեւ ծառացած խնդիրները լուծելու համար: Շիրակի մարզին մէջ բազմաթիւ չլուծուած հարցեր կան, յատկապէս եթէ հաշուի առնենք, որ այստեղ աղքատութեան ցուցանիշը ամէնէն բարձրն է», ըսած է Դաւիթ Լոքեան:
Շիրակի նախկին մարզպետ Յովսէփ Սիմոնեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է շիրակցիներուն ու Շիրակի մարզպետարանի աշխատակազմին` միացեալ աշխատանքին համար, իսկ նոր նշանակուած մարզպետին մաղթած բարի աշխատանք:
«Յարգելի՛ շիրակցիներ, ինծի համար պատիւ է Շիրակի մարզպետի պաշտօնը ստանձնելը: Անկասկած մեր առջեւ ծառացած խնդիրներուն գիտակցելով կը գտնուիմ այստեղ, բայց վճռականութեամբ, որ իմ գիտելիքներս ու փորձառութիւնս պիտի ծառայեցնեմ ի նպաստ մարզին մէջ տարաբնոյթ խնդիրներու լուծման», նշած է Շիրակի մարզպետ Արթուր Խաչատրեանը: Շիրակի մարզպետը ընդգծած է, որ իր աշխատանքը ուղղուած պիտի ըլլայ մարզին մէջ տնտեսական վիճակի բարելաւման. «Աշխատատեղերու ստեղծումը, ներդրումներու խրախուսումը, տեղական արտադրողներուն աջակցիլը, այս բոլորը ինծի համար առաջնային ծրագիրներ են», ըսած է Արթուր Խաչատրեան: