Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «Կառավարութիւնը Բաւական Լուրջ Քայլեր Կատարած Է»

June 8, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իւրաքանչիւր պաշտօնեայ ալ գիտէ, որ յաւերժական պաշտօնեայ գոյութիւն չունի. երէկ խորհրդարանին մէջ լրագրողներուն ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` անդրադառնալով Շիրակի դաշնակցական մարզպետը մէկ այլ դաշնակցականով փոխարինելու հարցին: «Կուսակցութիւնը կրնայ որոշել, թէ ո՛ր անձը ուր պէտք է աշխատի: Ոչ մէկ արտառոց բան կատարուած է այդտեղ», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով կառավարութեան եւ վարչապետին մասին հարցերուն` Ռուստամեան ըսաւ, թէ չի կրնար խօսիլ այն մասին, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ վարչապետ 5 տարի ետք, կամ` արդեօք Կարէն Կարապետեանը պիտի ըլլա՞յ վարչապետ եւս 5 տարի:

Արձագանգելով այն դիտարկումին, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան կ՛ըսէ, թէ վարչապետը պիտի շարունակէ պաշտօնավարել, եւ պատճառ չկայ, որ ան հրաժարական տայ, պատգամաւորը ըսաւ. «Մենք կը խօսինք այս կառավարութեան մասին: 5 տարի ետք ի՞նչ կ՛ըլլայ, յայտնի չէ»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այս քանի մը ամիսներուն ընթացքին շօշափելի արդիւնքներ տեսա՞ծ է, որ իրենց ուժն ալ վստահութեան քուէ  կու տայ գործող կառավարութեան, Ռուստամեան ըսաւ. «Կառավարութեան փոխարէն հաշուետուութիւն չեմ կրնար տալ, բայց կառավարութիւնը բաւական լուրջ քայլեր կատարած է: Վստահաբար, մենք ատիկա տեսած ենք: Եթէ չտեսնէինք, ինչո՞ւ համաձայնական կառավարութիւն պիտի կազմէինք»:

Ըստ Ռուստամեանի, քանի մը վայրկեաններու մէջ կարելի չէ  ներկայացնել, թէ ի՛նչ եղած են այդ փոփոխութիւնները:

Թէ որո՞ւ կը տեսնէ վարչապետի պաշտօնին 2018-էն ետք, Ռուստամեան պատասխանեց. «Կու գայ 2018 թուականը, կը տեսնենք»:

Դաշնակցական պատգամաւորը ընդգծեց նաեւ, որ իրենց մատնանշած կարգ մը խնդիրները կառավարութիւնը լուծած է, եւ իրենք վստահութեան քուէ տալու առիթ ունին:

 

Նախորդը

Քոնկրեսը Կը Դատապարտէ Էրտողանի Բռնարարքները

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղեց Հասան Ռուհանիին

RelatedPosts

Ակնարկ.  10 Վայրկեան Եւ 2 Օր
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. 10 Վայրկեան Եւ 2 Օր

November 3, 2026
Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.